ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ քուէյթահայ գաղութի ազգային եւ միութենական մարմիններու անդամներուն հետ եւ, Սփիւռքի վերակազմակերպման տարուան աշխատանքներու ծիրէն ներս, անոնց փոխանցեց իր հայրապետական թելադրանքներն ու պատկերացումները, ինչպէս նաեւ լսեց անոնց յառաջիկայ ծրագիրները, առաջարկներն ու մտահոգութիւնները: Հանդիպման ընթացքին ազգային մարմիններու եւ միութենական…