Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, 19 Փետրուար 2023-ին, կը զուգադիպի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը կանխող Բուն Բարեկենդանը։ Աւանդութեան համաձայն, Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին, կ՚այցելեն Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը։
Արդարեւ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Ժանին Դանիէլեանի։ Խօսք առնելով Դանիէլեան՝ նշեց, որ վարժարանի մեծ ընտանիքը այսօր դարձեալ եկած է ստանալու ձեր հայրական օրհնութիւնը, որպէսզի քառասնօրեայ հոգեւոր մեր ուխտագնացութեան մէջ ինքնաքննութեամբ նորոգուինք եւ արժանի ըլլանք տօնախմբելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնը։ Ան յիշեց Հայրապետին Հալէպ կատարած միօրեայ այցելութիւնը եւ յանուն վարժարանի մեծ ընտանիքին յայտնեց, թէ կիրակնօեայ վարժարանի աշակերտները որոշած են իրենց համեստ լուման ուղարկել Հալէպի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որպէսզի երկրաշարժին յառաջացուցած ցաւն ու մտահոգութիւնը մեղմացնեն եւ վերանորոգ յոյսով վերակազմակերպեն իրենց համայնքային կեանքը։ Ապա, աշակերտները Նորին Ս. Օծութեան ներկայացուցին Աւետարանէն հատուածներ, շարականներ, սաղմոսներ, աղօթքներ եւ երաժշտական պատառիկներ։
Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց բոլոր նուիրեալ ուսուցիչներն ու պատասխանատուները, որոնք կամաւորաբար եւ անձնուիրաբար լծուած են եկեղեցաշէն ու ազգաշէն այս սրբազան առաքելութեան։ Այս առիթով Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց աշակերտներու ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կ’առաջնորդեն դէպի կիրակնօրեայ վարժարան եւ կը գիտակցին, որ մեր ազգը առողջ երիտասարդութիւն ունենալու համար, հարկ է այսօրուան մանուկը դաստիարակել՝ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով անոր։