23 February, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

«ՄԵՆՔ ԱԶԳԻՆ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՎ ՀՊԱՐՏ ԵՒ ՈՒՐԱԽ ԵՆՔ: ԴՈՒՔ ՈՐՔԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԴԱՌՆԱՔ ՄԵՐ ԱԶԳԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ, ՄԵՐ ԱԶԳԸ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՅՆՔԱՆ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շաբաթ, 18 Փետրուար 2023-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատանիները, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ վարիչներուն, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։

Հաւաքին սկիզբը խօսք առաւ պատանեկան միութեանց ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Զարեհ Պոյաճեան, որմէ ետք պատանիներուն իր հայրական պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց՝ ըսելով, որ մենք ձեզմով հպարտ ու ուրախ ենք, եւ որքան շատնայ ձեր թիւը եւ ներկայութիւն դառնաք մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ, մեր ազգը եւ եկեղեցին այնքան աւելի կը հզօրանան: Խօսելով հայկական ու ազգային մեր ինքնութեան մասին՝ ան ըսաւ. «մենք ինքնութիւն ունինք, մեր արժէքներով ու իտէալներով տարբեր ենք այլ ազգերէ, եւ վստահ եմ, որ պատանեկան միութիւններուն մէջ այս բոլորին մասին կը խօսիք եւ կը քննարկէք։ Այսօր մենք ունինք պատմական Հայաստանէն բաժին մը, փոքր Հայաստան մը, սակայն կը ձգտինք եւ կը պայքարինք մեծ Հայաստանին համար, որովհետեւ հայրենիքը կ՚ուզենք տեսնել մեր իտէալին պատկերով՝ «ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ»:

Աւարտին, Հայրապետը նշեց, որ Թռչնոց Բոյնը Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու զարթօնքի կեդրոնն էր, ուրկէ նաեւ սկիզբ առած են պատանեկան միութիւնները, եւ այս պատկերը կը հաստատէ եկեղեցւոյ, հայ դատին եւ ազգային արժէքներու միախառնուած ըլլալու իրողութիւնը` միութեան գաղափարը: Նորին Ս. Օծութիւնը մաղթեց, որ պատանեկան միութիւնները ծաւալեն իրենց աշխատանքները, անդամներուն թիւը բազմանայ եւ իրենց վստահուած առաքելութիւնը նոր թափով շարունակեն:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Ան, առաջին հերթին, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւնը պատանեկան միութիւններուն` ըսաւ, որ մենք բոլորս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պահակներն ենք: Կաթողիկոսութիւնը այն ամրոցն է, որ Սփիւռքի մէջ հայը հա՛յ պահելու պայքարին մէջ հիմնական դերը ստանձնած է, եւ մենք բոլորս այս Ս. Աթոռին հաւատարիմ ծառաները ըլլալով` գիտենք, որ Կաթողիկոսարանը մեր տունն է, եւ ամէն մարդ իր տունը ամուր պահելու ճիգին մէջ է: Ապա, իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն՝ ըսաւ, որ դուք մեր դարաւոր պատմութեան զաւակներն էք, եւ ձեր ճիտին պարտքն է այս ազգին գոյատեւումը ապահովել: Դիւրին է գործ աշխատիլ, դրամ վաստկիլ եւ ոչ մէկ հետք ձգել, բայց արեան կանչին ականջ դնելով` պատանեկան միութիւնները երկրորդ դպրոցի վերածուած են, եւ այդ ձեւով դուք ձեր ժողովուրդի ծառայութեան ուղիին կը հետեւիք:

Պատանեկան միութիւններու հարիւրամեակի մեկնարկի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցութեամբ, պատանիները երգեցին շարք մը ազգային-յեղափոխական երգեր: