ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքան։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, Լիբանանի գծով Փարիզի (Ֆրանսա) մէջ վերջերս կայացած հանդիպումին, որուն մասնակցած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը եւ Քաթարը, Լիբանանի տնտեսական ներկայ կացութեան եւ նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցերուն։

 

Յիշեալ հարցերուն գծով Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչը իր տեսակէտները պարզեց Վեհափառ Հայրապետին։ Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, շեշտեց նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութեան հաստատումով ու բարեկարգութեան մշակումով երկիրը դնել վերականգնումի ընթացքին մէջ։