3 April, 2023

ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ծաղկազարդի հոգեպարար տօնախմբութեան կը յաջորդէ առ Աստուած երթալու դռները անգամ մը եւս հաւատացեալներուն առջեւ բացուելու Դռնբացէքի հոգեզմայլ արարողութիւնը։

 

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 04:00-ին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, երկու միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ եւ «բա՛ց մեզ, Տէ՜ր» շարականի երգեցողութեամբ թակեց դէպի Քրիստոս տանող դուռը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ս. Խորանին վարագոյրը։

 

Օրուան խորհուրդը պարփակող շարականներու երգեցողութեան աւարտին, սրբազան հայրը հաւատացեալներուն փոխանցեց տօնին պատգամը։ Ան ըսաւ, որ  եկեղեցական արարողութեանց ճամբով հաւատացեալը իր առօրեայ հեւքէն կ՚անջատուի եւ կը հրաւիրուի ապաշխարութեամբ վերանորոգելու իր բարոյական կեանքը. այս մէկը մանաւանդ կը տեսնենք Աւագ շաբթուան ընթացքին, որուն սկիզբը կը հանդիսանայ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը։

 

Ապա, սրբազանը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Դռնբացէքի խորհուրդը։ Ան ըսաւ.-

 

ա) Աւագ շաբթուան ընթացքին լոյսը կը սեւեռուի միայն Յիսուսի անձին վրայ, որ գլխաւոր դերակատարն է. Ան է բոլոր պաշտամունքներու միջնորդը, որ կրեց ահաւոր չարչարանքներ ու խաչելութիւն եւ իրականացուց փրկագործութիւնը՝ յաղթական կերպով։ Սրբազանը աւելցուց, որ Դռնբացէքի արարողութիւնը անմիջական կապ մը չունի քառասուն օր Ս. Խորանի վարագոյրի գոցուելուն, որովհետեւ վարագոյրը օր մը առաջ՝ Ղազարոսի յարութեան յիշատակին նուիրուած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, Ծաղկազարդի օրուան օրհնութեամբ բացուեցաւ։

 

բ) Պահեցողութեան ճամբով հաւատացեալները ջանք թափեցին հոգեպէս բիւրեղանալու, որովհետեւ Մեծ Պահոց մէջ հասարակ օրերու սուրբերու յիշատակներ չենք տօներ։ Սակայն, այսօր, Դռնբացէքով, ապաշխարանքէ ելած զղջումով, խոստովանութեամբ եւ նոյնիսկ քահանայական արձակմամբ, ապաշխարողները իրաւունք ստացան ներկայ ըլլալու Ս. եւ Անմահ Պատարագին՝ բաց վարագոյներու առջեւ։ Ան ըսաւ, որ փակ խորանը բանալէ ետք, եկեղեցւոյ հովիւը կու տայ իր վկայութիւնը, որպէսզի ոչ միայն արդարները, այլեւ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարհութեամբ արդարացած մեղաւորները եւս մուտք գործեն Դուռէն, որովհետեւ Դուռը Տէրն է եւ ողորմութեան աղբիւրը՝ Ս. Հոգիին շնորհքը, որ Տէրը կու տայ։

 

գ) Դռնաբացէքի արարողութեան լոյս սփռող պատմութիւնը տասը կոյսերու առակին պատմութիւնն է, որուն պատգամը կը խօսի երկինքի Դրան՝ Քրիստոսի գալստեան մասին։

 

Աւարտին, Կոմիտաս սրբազան հաւատացեալներուն հրաւիրեց ըլլալ զգօն Քրիստոսի գալստեան, որպէսզի կարենանք մուտք գործել Դուռէն ներս։