ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Կիրակի 2 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի մանուկները իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար Անոր օրհնութիւնը:   Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս:

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ 40-¬ԱՄԵԱԿԸ

Հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ՝ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեանի, Շաբաթ, 1 Մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն Հանդիսասրահ»ին մէջ պաշտօնական կալա-ընթրիքով նշուեցաւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ և բարերարներ։  Երեկոյին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅԱԿՈԲ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԸ

Շաբաթ, 1 Մարտ 2014­ի երեկոյեան «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց բարերար Տէր և Տիկին Յակոբ Չիլինկիրեանը: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ազգային կեանքէն ներս իր ունեցած մասնակցութիւնը, թէ՛ որպէս բարերար եւ թէ՛ որպէս ժողովական ազգային զանազան մարմիններու մէջ: Յայտնենք որ, Չիլինկիրեան ամոլը վերջերս երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեց Կաթողիկոսարանիս…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ

Յունուար եւ Փետրուար 2014-ին, Լիբանանի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական Բաժանմունքին կողմէ Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան հետեւեալ ժողովներուն մասնակցեցաւ. Առաջին, Չորեքշաբթի, 22 Յունուարին, Չորեքշաբթի 5 Փետրուարին եւ  Չորեքշաբթի 19 Փետրուարին, գումարուեցան «Քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ» յանձնախումբին երեք հանդիպումները, որոնց ընթացքին ներկայացուեցաւ տարեկան նիւթական զեկոյցը եւ կատարուեցաւ հաշուեփակը, նշանակուեցան յանձնախումբին գործադիր…

՛՛ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՈԳԻՈՎ ՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՊԷՏՔ Է ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻՆՔ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանէն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով: Վեհափառ Հայրապետը մէջբերումներ կատարելով Եղիշէ Պատմիչին Վարդանանց նուիրուած գրքէն, յիշեցուց Վարդանանց պատերազմը կանխող պայմանները Հայաստանէն ներս՝ երբ հայ ժողովուրդի հաւատքը ու հայրենիքը դարձած էին խնդրոյ առարկայ: Այս կացութեան դիմաց, հայ ժողովուրդը միահամուռ կամքով ու հաւատքով դէմ կեցաւ թշնամիին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի 24 Փետրուար 2014-ի առաւօտուն  Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Քանատայի դեսպանուհի Հիլարի Չայլտզ-Ատամս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի տնտեսական կցորդ Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեանի: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով դեսպանին ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը, անդրադարձաւ Քանատայի հայութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի հայութեան, շեշտելով մանաւանդ լիբանանահայութեան քաղաքական դերակատարութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Սուրիոյ հարցին ու յատկապէս…

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

      Հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014­ի առաւօտուն, Սրբոց Ղեւոնդեաց  քահանայից տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Սուրբ Աթոռոյս վանաբնակ միաբաններուն կողքին Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասը:      Օրուան պատարագիչն էր Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդեզեանը եւ քարոզիչը՝ Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԱՐ ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆԸ

     Կիրակի 23 Փետրուար 2014–ի առաւօտեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը« “Մեսրոպ Մաշտոց”-ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Զաւէն Մսըրլեանը:       Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի Դահլիճին մէջ Տիար Ժիրայր Դանիէլեան բացման խօսք կատարեց, որուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, եւ ապա անդրադարձաւ Տիար Զաւէն Մսըրլեանին կրթական,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՍՊԵՏԻ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՌԱՖՖԻ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԸ

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, երէկ` կիրակի, 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25¬ամեակը: Ձեռնարկին առաջին խօսք առնողն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ 83-ամեայ Հայ Ճեմարանէն մինչեւ ներկայի Ճեմարանը երկարող ժամանակաշրջանի ամփոփ…

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

          Կիրակի 23 Փետրուար 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն յետոյ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան»ին մէջ։ Դամբարանը կառուցուած է 1964-ին եւ հոն ամփոփուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասական շրջանի հայրապետներու եւ վախճանեալ միաբաններու աճիւնները։           Սուրբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԶԲԱՂՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ 14 Փետրուար 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հինգ հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Զուիցերիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի մէջ հաստատուած միջազգային ոչ–կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Անցնող ամիսներու ընթացքին յիշեալ կազմակերպութիւններուն աշխատանքին թիրախը դարձած էր ընդհանրապէս Սուրիոյ հարցը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ապագան: Այս ուղղութեամբ, անոնք հանդիպումներ ունեցած էին Եւրոպայի պետական պատասխանատուներուն հետ:…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Ուրբաթ, 7 Փետրուար-Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2014, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) Պոսէի Աստուածաբանական Կազմաւորման Կեդրոնին մէջ, Ժընեւ-Զուիցերիա, գումարուեցաւ ԵՀԽ-ի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ անդամ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական Յարաբերութիւններու)։ Ժողովականներ քննարկեցին Հոկտեմբեր 30-8 Նոյեմբեր 2013-ին, Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորիա, գումարուած ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովին առնուած որոշումները եւ…

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵԼՈՎ՝ ՛՛ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ ԻՐ ԶԱՒԱԿԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՆ Է՝՝ ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի 13 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան Տեառնընդառաջի տօնին, հաւատացեալներու եւ յատկապէս ծնողներու ու մանուկներու հսկայ բազմութեամբ լեցուն էր Անթիլիասի Մայրավանքը: Ծնողներ եկած էին իրենց զաւակներուն հետ, մասնակից դառնալու Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի խորհուրդին:   Շրջապատուած Միաբան Հայրերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Մայր Տաճարին մէջ նախատօնակի հոգեպարար արարողութեան ու ապա իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երէկ առաւօտ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնթի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Պշարա Րայի Պատրիարքին փոխանորդ Փոլ Սայեղ Արքեպիսկոպոսը:   Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնը, ուր պարզուած էր Մարոնիթ եկեղեցւոյ կեցուածքը Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերուն շուրջ: Սայեղ Արքեպիսկոսպոս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Պատրիարքին կարգ մը մտահոգութիւններն ու առաջարկները:   Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՛՛ ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ՝՝ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի 10 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի Վեհարանին  մէջ ընդունեց ՛՛Խաչիկ Պապիկեան՝՝ Հիմնադրամի հայոց պատմութեան, կրօնի, գրականութեան, ասմունքի եւ մենակատարութեան մրցանքներու դատակազմերու անդամները:   Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց անոնց կատարած նուիրեալ աշխատանքը, ապա շեշտեց հայ մշակութային արժէքները պահելու, հարստացնելու ու տարածելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Ա՛յս առաքելութեան նուիրուած է Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամը, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան…

100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ ԳԾՈՎ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 10 Փետրուար 2014-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Անդամ ԵՀԽ-ի Գործադիր Վարչութեան) եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան (Անդամ ԵՀԽ-ի Կեդրոնական Վարչութեան), ԵՀԽ-ի Ատենապետ Դոկտ. Ակնէս Ապումի եւ Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թուէյթի հետ ժողով մը գումարեցին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյններն…

՛՛ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ինչպէս օրին տեղեակ պահած էինք, ընդունելով Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անոր փոխանցած էր հայ ժողովուրդին ընդվզումը՝ թուրք Բերենչէքի հարցին վերաբերեալ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի առած որոշման գծով: Երէկ Վեհափառ Հայրապետը նոյն հարցին մասին նամակ մը յղեց Զուիցերիոյ արդարութեան նախարարուհի Ս. Սոմարուկային: Ստորեւ կու տանք Վեհափառ Հայրապետին գրած Ֆրանսերէն նամակին թարգմանութիւնը.–   …

՛՛ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ 7 Փետրուար 2014-ի առաւօտ, Վեհարանի իր գրասնեակին մէջ ընդունելով Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհի Րութ Ֆլինթը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ ՛՛ հայ ժողովուրդը խստիւ կը մերժէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի որոշումը՝ թուրք Տողու Բերենչէքի հարցին գծով: Արդարեւ, սխալ տուեալներու եւ միակողմանի մօտեցումներու վրայ հիմնուած այս որոշումը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան…

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի 3 Փետրուար 2014-ի առաւoտ, Ն.Ս.0.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի ներկայացուցիչները: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ հայկական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:  Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու Սուրիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:

«ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԸ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ, ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԵՒ ԵՐԱՇԽԻՔԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՔԻՆ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆ Է» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 2015 թուականին: Այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնը տալու նպատակով Շաբաթ 1 Փետրուար 2014-ի կէսօրուան ժամը 11:30-ին կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող համալիր այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ազգային իշխանութեան անդամներու,…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԻՆ

          28 Յունուար-1 Փետրուար 2014-ին, Քոթայամի մէջ (Հնդկաստան), Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ ժողովը։            Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան։ Յանուն Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Հինգշաբթի 30 Յունուար 2014-ին Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը՝ — Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան Ընդհանուր տնօրէն Դոկտ. Պերճ Հաճեանի։ Ան զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն մասին եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց անհրաժեշտ ծառատնկումը կատարելու ազգային հաստատութիւններու շուրջ։ — Մարոնիթ Միջազգային Հիմնարկի Ընդհանուր քարտուղարուհի Տիկին Հիամ Պուսթանիի եւ նոյն հիմնարկի Կեդրոնական վարչութեան…

ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Օրհնութեամբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոսի եւ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Յունուար 27–29 Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբադասման Յանձնախումբի հանդիպումը: Ժողովի նախօրեակին յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը եւ գնահատանքը՝ յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն համար:  Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ հոգւոց…

ԾԻՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Յունուար 29–30 Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ,  օրհնութեամբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոսի եւ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծիսական Յանձնախումբի հանդիպումը, որուն կը մասնակցէին Կոմիտաս Արք. Oհանեան (համա–ատենապետ), Արշակ Եպս. Խաչատրեան (համա–ատենապետ), Վարուժան Արք. Հերեկելեան, Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գեղամ Արք. Խաչերեան, Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Վահան Եպս. Յովհաննէսեան եւ…

“ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՆՈՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ ՄԷՋ Է” ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 27 Յունուար յետմիջօրէին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին։ Դասախօսութիւնը կը բաղկանար երկու գլխաւոր բաժիններէ։ Առաջին բաժինին մէջ Վեհափառը իր խօսքը սկսաւ ակնարկելով միջ-եկեղեցական, այլ խօսքով՝ էքիւմենիք շարժումին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող սխալ ըմբռնումներու ու մեկնաբանութիւններու։ Ան ըսաւ.- “միջ-եկեղեցական շարժումը սոսկ…

ՎԻՏԷՕ — ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ 27-01-2014

23-24 Յունուար 2014-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական լիակատար նիստերը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ յիշեալ նիստերու ընթացքին քննարկուեցան մեր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան առընչուած կարեւոր հարցեր, ծրագիրներ ու աշխատանքներ: Այս առիթով Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Գրասենեակը հետեւեալ հարցումները ուղղեց կարգ մը ժողովականներուն:

ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՈՒ ԾԻՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Յառաջիկայ օրերու ընթացքին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենան Սրբադասման ու Ծիսական յանձնախումբերու հանդիպումները։ Սոյն յանձնախումբերուն մաս կը կազմեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը։ Շուրջ երկու տարիներէ ի վեր կը գործեն յիշեալ յանձնախումբերը եւ իրենց աշխատանքները պիտի աւարտեն մօտ ապագային, որպէսզի ներկայացուին յառաջիկայ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսաց Ժողովի երկրորդ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

  Կիրակի 26 Յունուար 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեանին։ Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպման առանցքը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուած ծրագիրներ եւ Հայաստան—Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ տեղեակ պահեց Պրն. դեսպանը Ժընեւ 2-ի նախօրեակին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնէական…

ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կրօնական ժողովի լիակատար նիստին յաջորդեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին.- Ազգ. Կեդր. Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ծրագրի վերանայում, 2013-ի իրագործուած եւ 2014-ի նախահաշիւ պիւտճէներու քննարկում եւ վաւերացում, կալուածական ու շինարարական ծրագիրներ ու աշխատանքներ, հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի  նախապատրաստական աշխատանքներ, Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի գործունէութիւնը, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական…

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 23 Յունուարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Կրօնական Ժողովը կը բաղկանայ 13 անդամներէ՝ վանաբնակ միաբաններէ ու թեմակալ առաջնորդներէ:   Առաջին հերթին, Կրօնական Ժողովը ընդհանուր ակնարկով քննեց Ազգ. Ընդհանուր ժողովէն յետոյ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար պատրաստուած Կրօնական Ժողովի ուղեցոյցը, կատարելով անհրաժեշտ յստակեցումներն ու շեշտաւորումները: Ապա, յաջորդաբար…

ՎԻՏԷՕ — ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ 21-01-2014

Յունուար 15-17, Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը, Սուրիոյ տագնապին առընչուած:  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընկերակցութեամբ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, իր մասնակցութիւնը բերաւ յիշեալ  կարեւոր ժողովին: Այս առիթով Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքը կարճ հարցազրոյց ունեցաւ Սեպուհ Սրբազանին հետ:

“ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՅ ԻՐ ԱՆՑԵԱԼԻՆ, ՆԵՐԿԱՅԻՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնատեղիին մէջ մի քանի օրեր առաջ գումարուած համագումարին, որ յատկացուած էր ՛՛Ժընեւ 2՝՝-ի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի բերելիք նպաստին, Միջին Արեւելքէն Քրիստոնէութեան արտագաղթի հարցը լայնօրէն քննարկուեցաւ: Այս հարցին անդրադառնալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր լուրջ մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքէն ներս Քրիստոնէական ներկայութեան հետզհետէ նուազումին նկատմամբ. ՛՛Հսկայ Քրիստոնէական գաղութները Միջին Արեւելքէն ներս…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ,  Կիլիկիոյ Թանգարանի սրահէն ներս, Շաբաթ  18 Յունուար 2014-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քրիստոնեայ Երիտասարդական Միութիւններու հաւաք մը, նախաձեռնութեամբ  Քրիստոնեայ Ուսանողներու համաշխարհային Միութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քրիստոնեայ Երիտասարդական Յանձնախումբին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ գործող (ՀԵՀՈՄ) Հայ եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան: Հանդիսութեան ընթացքին,  ՀԵՀՈՄ-ի կողմէ օրուան պատգամը փոխանցեց Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿ – ՈՒՂԵԳԻԾԸ “ԺԸՆԵՒ 2”ԻՆ

                                “ՈՂՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՑՈՒԿ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ԺԸՆԵՒ 2–ԻՆ”                                                                                            Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   “ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ ՍԿՍԱԾ Է ՍՊԱՌՆԱԼ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻՆ”                                                                                                                                 ԼԱԽՏԱՐ ԻՊՐԱՀԻՄԻ   Ժընեւի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուող միջազգային համագումարին, որուն բացումը կատարած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, երկրորդ օրը Վեհափառ Հայրապետը “Ժընեւ 2”ին ղրկուելիք ուղեգիծին իր պատկերացումը պարզեց համագումարին:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Ժընեւ ժամանման առաջին իսկ օրը,  Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Օլաֆ Թուէյթի, Միջին Արեւելքի պատասխանատուին հետ միասին: Անոնք ունեցան երկար հանդիպում մը, որու ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ Ժընեւ 2 ժողովի գծով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագրած համագումարը, որու պատրաստութեան ընթացքին մէջ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւ: Այս առիթով,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի 16 Յունուար 2014-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին, Ժընեւի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին Նախագահ Դոկտ. Կօ‎թֆրիտ Լոշըր, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդի միջ–եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատուին եւ Արմենոֆասի փոխ–նախագահին: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Արմենֆասի նախագահ Տիկին Թենի Սիմոնեան: Հանդիպման նպատակն էր քննել Սուրիոյ կացութիւնը՝ Ժընեւ 2 ժողովի լոյսին…

“ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԿԱՐԵԼԻ ՓՈՒԹՈՎ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԸ ՃՇԴԵԼ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ’’

                                                                                               Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Երէկ առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած Ժընեւ 2 ժողովին համար կայացող համագումարին, կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ համագումարին վճռական կարեւորութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին համար:  Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. “եթէ Ժընեւ 2 ժողովը դրական արդիւնք չունենայ, անոր հետեւանքները կրնան աննախատեսելի ըլլալ ամբողջ Միջին Արեւելքին համար, եւ նոյնիսկ՝…

The world Council Of Churches (WCC) Geneva 2

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

Այսօր Երկուշաբթի 13 Յունուար 2014-ին Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ժընեւ ընկերակցութեամբ՝ Թեհրանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի: Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Սուրիոյ Քրիստոնեայ համայնքներուն առնչուած մտահոգութիւններուն շուրջ՝ Ժընեւ 2 համագումարի լոյսին տակ: Այս գծով, վերջին օրերուն Վեհափառը խորհրդակցած էր Ռայի Պատրիարքին (Մարոնիթ), Եազիճի Պատրիարքին (Յոյն Ուղղափառ) եւ Զաքքա Պատրիարքին (Ասորի Ուղղափառ)…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԵՏ, ԺԸՆԵՒ 2 ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ու հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի ու Սուրիոյ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու ու քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն շուրջ, Ժընեւ 2 համագումարի լոյսին տակ:   ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԶԱՔՔԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ Հինգշաբթի գիշեր Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա Պատրիարքին, Դրան Եպսիկոսոպոս Նարեկ Արքեպիսկոպոսի ընկերակցութեամբ: Պատրիարքին հետ…

2014 — ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ           ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ 2 0 1 4       Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ         ԱՆԹԻԼԻԱՍ       ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ       Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Մուխայպարը և Հապիպ Աֆրամը

Ուրբաթ 10 Յունուար 2014-ի առաւօտուն Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Ղասան Մուխայպարը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նոր կառավարութեան կազմութեան, լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան և ընդհանուր կացութեան առընչուած հարցեր։ Խօսակցութեան նաեւ նիւթ դարձաւ յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք Ժընեւ 2 համագումարը և այդ գծով Քրիստոնեայ համայնքներուն տեսակէտը: Վեհափառ Հայրապետը ապա ընդունեց այցելութիւնը Ասորի ուղղափառ լիկայի նախագահ Հապիպ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2014-ը ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»

Վեհափառ Հայրապետը 2014 տարին հռչակած է «Տարեցներու Տարի»: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ Կիրակի 12 Յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ.– ա)  Իւրաքանչիւր ընտանիքի առաջնահերթ ու նուիրական պարտականութիւնը…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ–ԻՍԼԱՄ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հինգշաբթի  9 Յունուար 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով.–   ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ–ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Էմիր Հարէս Շէհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Դոկտ.…

Ս. ԾՆՆՈՒՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

ԾՆՆԴԵԱՆ ԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ՝ “ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹՒԻՆ Է”                                                                                                                      ՇԵՇՏԵՑ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Անթիլիաս — Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ սուրբ պատարագը մատուցեց եւ հայրապետական  իր պատգամը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ներկայ հաւատացեալ հոծ բազմութեան:  Արամ Ա. Կաթողիկոս իր…

Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատարագի արբանեակային ուղղակի հեռասփռում Անթիլիասի Մայր Տաճարէն

LIVE TELEVISION BROADCAST OF CHRISTMAS MASS VIA SATELLITE FROM ANTELIAS — JANUARY 6TH, 2014 The Lebanese Broadcasting Corporation International (LBCI) will broadcast LIVE via satellite the Christmas Mass presided over by His Holiness Aram I, from St. Gregory the Illuminator Cathedral in Antelias, on Monday 6 January 2014, beginning from 8:00 am UTC (GMT). For…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

“ ՁԵԶԻ ՓՐԿԻ՛Չ ԾՆԱՒ”   Լոյսին մէջ ու լոյսին համար ստեղծուած աշխարհը խաւարի մէջ էր ընկղմած: Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը մեղքի տիղմին մէջ էր խրած: Արարիչին գործակիցը դառնալու երկնային շնորհքին արժանացած մարդը դարձած էր գերին փառքին, հաճոյքին, իր անձին: Այլ խօսքով, քանդուած էր աստուածաստեղծ Մարդը մարդուն մէջ: Մարդուն անկումով ապականած էր նաեւ մարդուն խնամքին յանձնուած…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅԱԿՈԲ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ 200.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով, գնահատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, եւ ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի փափաքին, լիբանանահայ ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յակոբ Չիլինկիրեան երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Սոյն գումարի 100.000 տոլարը պիտի յատկացուի որպէս հիմնադրամ Կաթողիկոսարանի Շնորհալի երգչախումբին առնչուած ծրագիրներուն՝ իր հիմնադրութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Համալսարանականներուն ու Համալսարանաւարտներուն հետ

Նոր Տարուան առիթով Վեհափառ Հայրապետը ընկերային ծառայութեան կեդրոններ կատարած իր այցելութիւններու շարքին նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) եւ Համալսարանաւարտներու Միութեան ձեռնարկներուն եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց:  Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը ընթրիքի հրաւիրեց ՀԵՀՈՄ–ի անդամները Կաթողիկոսարանէն ներս: Ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀԵՀՈՄ–ի հին եւ նոր հոգեւոր խորհրդատու Հայր Սուրբերը՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կաթողիկոսական Փոխանորդ կը նշանակէ Հայր Մասիսը և Հայր Մեսրոպը

Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Քուէյթի Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակեց Գերապատիւ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանը։ Հայր Սուրբը արդէն իսկ ստանձնած է թեմական իր նոր պատասխանատուութիւնը։ Հայր Մասիս ծնած է Պէյրութ, 1975–ին, եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած 1997–ին։ Իսկ շուրջ հինգ ամիսներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակած էր Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, Արաբական Էմիրութեանց…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Կՙուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր Տարուան գիշերը՝ Երեքշաբթի 31 Դեկտեմբեր 2013-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Իսկ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր՝ Չորեքշաբթի Յունուար 1-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։                 Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Հինգշաբթի 26 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, տարիներու սովորութեան համաձայն այցելեց Ազունիէի Ազգ. Բուժարանը: Միաբան հայրեր հոգեւոր ու ազգային երգերէ ու արտասանութիւններէ բաղկացած յայտագիր մը ներկայացուցին եւ ապա Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Ազունիէի Ազգ.…

«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Երեքշաբթի 24 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հերթաբար այցելեց Պուրճ Համմուտի Հաուըրտ Քարակէօզեան Մանկախնամ Կեդրոն, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոն եւ Ազգային Ծերանոցը: Վեհափառ Հայրապետին կþընկերակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ…

Արամ Ա. Կաթողիկոս Թռչնոց Բոյնի մանուկներուն հետ դիմաւորեց Նոր Տարին

Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Երկուշաբթի 23 Դեկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերու ընկերացութեամբ այցելեց Թռչնոց Բոյն, ուր դիմաւորուեցաւ Գայանեան Քոյրերուն, Տնօրէնութեան ու Խնամակալութեան անդամներուն կողմէ։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց անոնց նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ անոնց նուէրներ բաժնեց։   Յայտնենք,…

«ՃՇՄԱՐԻՏ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՌՈ՛Ւ ԿԸ ՄՆԱՅ ՓԱՌՔԷ, ՇԱՀԷ, ՆԻՒԹԷ ՈՒ ՀԱՃՈՅՔԷ» ՇԵՇՏԵՑ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, ամէն տարի Դեկտեմբեր 25-ին բոլոր Հայ եկեղեցիներէն ներս Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Սարկաւագի տօնը մեծ շուքով կը նշուի։ Առ այդ, Կիրակի 21 Դեկետեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր Դրան Եպիսկոպոս եւ Միջ-Եկեղեցական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Սուրբ…

Շնորհալի Երգչախումբին կատարողութեամբ Ծննդեան համերգ

Պսալիմի-Մըզհէր քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 20 Դեկտեմբեր 2013 երեկոյեան, Յոյն Ուղղափառներու Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծնունդին նուիրուած համերգ մը տեղի ունեցաւ, «Միութեան ու Խաղաղութեան Ծնունդը» անունով։   Սոյն համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան եկեղեցիներու երգչախումբերը, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» Երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի։ Երգչախումբը Հայ Եկեղեցւոյ շարականներէն Ծննդեան նուիրուած…

“Անհրաժեշտ է Լիբանան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներու կարիքներուն յատուկ ուշադրութիւն ընծայել՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի 19 Դեկտեմբեր 2013 առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Հիմնարկութեան տնօրէն՝ Տիար Սերոբ Օհանեանը:  Տնօրէնը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին Հիմնարկութեան ներկայ գործունէութեան մասին, յատկապէս շեշտելով սուրիահայ ընտանիքներու գծով կատարուած ծառայութիւնը:   Տնօրէնին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանան հաստատուած 1350 սուրիահայ ընտանիքներ արձանագրուած են իրենց մօտ եւ Գարակէօզեան Հիմարկութիւնը կը փորձէ զանազան ձեւերով…

ՙ”ՀԵՀՈՄ-ին 50-ամեակը առիթ մը պէտք է դառնայ աւելի ծաւալելու իր գործունէութիւնը՝՝

                                                                                        Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Չորեքշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) Վարչութեան, որուն կ՛ընկերանային միութեան նախկին հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեան եւ ներկայ հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան: Անդրադառնալով ՀԵՀՈՄ-ի 50-ամեակին, Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց այդ առիթով տեղի ունեցած հանդիսութիւնն…

Աստուածաբանութեան Ուսանողներ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Չորեքշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2013, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Համալսարանի ուսանողներ, իրենց դասասխօսին՝ Դոկտ. Ճորճ Սապրայի գլխաւորութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանք ժամանեցին եւ ներկայ գտնուեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի «Հայ Եկեղեցին» դասախօսութեան։ Ուսանողները եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն։ Նարեկ Սրբազան ուսանողական խումբին ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր հանգրուաններն ու դէմքերը, Հայ եկեղեցաբանութեան ու…

Լէյլա Ռիատ Սոլհ Անթիլիասի Մայրավանքի Մէջ

Երեքշաբթի 17 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց նախկին նախարարուհի, Ուալիտ պըն Թալալ հիմնարկի փոխ-Նախագահուհի Լէյլա Ռիատ Սոլհը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ յիշեալ հիմնարկի տնօրէնը և երեսփոխան Յակոբ Բաքրատունի:   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Տիկին Սոլհը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Ուալիտ պըն Թալալ հիմնարկի կատարած մարդասիրական գործունէութեան՝ ընդհանրապէս միջազգային մակարդակի վրայ ու յատկապէս Լիբանանէն ներս: Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին

Նորին Վսեմութիւն Տիար Սերժ Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ, Այս առաւօտ խոր ցաւով  իմացանք Ձեր սիրելի հօր՝ Ազատ Աւետիսի Սարգսեանի մահուան գոյժը։ Այս տխուր առիթով անձնապէս, եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ու ժողովականութեան, Ձերդ Վսեմութեան կը յայտնենք մեր խորազգած ցաւակցութիւնները։ Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Կրթական եւ Բարեսիրական Միութեան Վարչութիւնը

Երկուշաբթի 16 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կրթական եւ Բարեսիրական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, գլխաւորութեամբ՝ Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի եւ Ատենապետ՝ Արամ Մալեանի։ Վարչութիւնը եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Նորին Սրբութեան, որ անձամբ ներկայ գտնուած էր Սահակեան-Մկրտիչեան Գոլէճի 90 ամեակի ճաշկերոյթին, եւ այդ առիթով իր Հայրապետական պատգամը ուղղած ներկաներուն։ Հանդիպումը առիթ…

«ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻԻՆ ՀԵՏԵՔԵՐՈՎ»

2013 Դեկտեմբեր ամսուն սկիզբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Սոնա Զէյթլեանին «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» հատորը։ Զէյթլեանի բառերով «”Հայ կնոջ ուղիին հետքերով” աշխատասիրութիւնը անձնական ուղեւորութիւն մըն է Հայ կնոջ պատմութեան բազմակողմանի հանգրուաններուն՝ հեթանոսական շրջանէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը»։   Արդարեւ 326 էջերէ բաղկացած հատորը իր մէջ կը պարունակէ տասնէ աւելի գլուխներ, որոնց…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ»

Ուրբաթ 13 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին, տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում մը, «Հայ Մօր» տարուան առիթով։ Զրոյց-քննարկումի նիւթն էր «Հայ Ընտանիքը դէպի ո՞ւր…»։   Մեծամասնութեամբ համալսարանաւարտներու եւ համալսարանական ուսանողներու ու դասախօսներու ներկայութեան կազմակերպուած այս զրոյցին խօսք առին Տիկ. Անի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լոս Անճելըսի Լիբանանեան հիւպատոսը

Երէկ, Վեհափառ Հայրապետ-ին  այցելեց  Լոս Անճելըսի Լիբանանի Հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմը։       Հիւպատոսը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ընդհանրապէս իր գործունէութեան ու յատկապէս Հայ Համայնքին հետ իր ունեցած կապերուն մասին։ Վեհափառը գնահատեց Հիւպատոսին ունեցած սերտ գործակցութիւնը Հայ Համայնքին հետ՝ միաժամանակ քաջալերելով այդ գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու անհրաժեշտութիւնը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի» Ներկայացուցիչները

Երկուշաբթի 9 Դեկտեմբեր 2013-ին առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրաեսենեակին մէջ ընդունեց ացելութիւնը  «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար» Կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան անդամները զեկուցեցին Վեհափառ Հայրապետին Թուրքիոյ մէջ մտաւորական ու պետական շրջանակներէ ներս ազգային պահանջատիրութեան գծով իրենց տարած աշխատանքներուն մասին:      Վեհափառ Հայրապետը լսելէ յետոյ պատուիրակութեան կողմէ տրուած տեղեկութիւնները գնահատեց Հայ Ժողովուրդի իրաւունքներուն ձեռքբերման գծով…

ՀԵՀՈՄի Հիմնադրութեան 50-ամեակի Նշում

Ներկայ տարին 50–ամեակն է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) հիմնադրութեան: Սոյն միութիւնը հիմնուեցաւ 1963–ին Գարեգին Ծ. Վրդ. Սարգիսեան (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) կողմէ խումբ մը համալսարանականներու մասնակցութեամբ: Տարիներու ընթացքին միութիւնը աճեցաւ ու կազմակերպուեցաւ իր կեդրոնը ունենալով Կաթողիկոսարանէն ներս: Ան միշտ վայելեց Խորէն Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը:…

Նելսըն Մանտելան Միշտ Պիտի Մնայ Ախոյեան Արդարութեան

                             ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հարաւային Ափրիկէի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահին եւ Ընդհանուր Քարտուղարին ուղղած իր նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս կ’ըսէ “Նելսըն Մանտելայի մահը Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդը ձգեց առանց հօր եւ աշխարհը՝ առանց արդարութեան ու մարդկային իրաւանց կենդանի խորհրդանիշի մը”։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը կ’աւելցնէ  “միջ–եկեղեցական շարժումը միշտ պիտի յիշէ Նելսըն Մանտելան որպէս մեծ ղեկավար, որ ոչ միայն…

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հոգեհանգստեան արարողութիւն Սպիտակի երկրաշարժի 25-րդ տարելիցին առիթով

Կիրակի 7 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, յընթացս Սուրբ և Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայաստանի երկրաշարժի նահատակներու հոգիներուն համար: Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին 25 տարիներ առաջ աւելի քան քսանհինգ հազար հոգիներ զոհ գացին երկրաշարժին։ Վեհափառ Հայրապետին հրահանգով նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան,…

Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցի առիթով Պիքֆայայի Յուշարձանը ներկայացնող Լիբանանեան Դրոշմաթուղթ

Ուրբաթ 6 Դեկտեմբեր  2013-ի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի հաղորդակցութեան Նախարար Նիքոլա Սահնաուին։ Հանդիպման ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցին, եւ այդ ծիրէն ներս Պիքֆայայի յուշարձանին, որ բարձրացած էր ցեղասպանութեան 50–րդ տարելիցին առիթով, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի վերածնունդը եւ անոր երախտագիտութիւնը՝ հանդէպ Լիբանանին։ Ապա Վեհափառը առաջարկեց…

Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Տօնացոյցի Ա. եւ Բ. հատորները

Դեկտեմբերի սկիզբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանէն լոյս տեսաւ Տօնացոյցի Ա. եւ Բ. հատորները, մէկ հատորի մէջ։ Տօնացոյցը այն գիրքն է, ուր արձանագրուած են Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօներն ու պահքերը, ծիսական արարողութիւնները եւ այդ արարողութիւններու ընթացքին կարդացուելիք ընթերցուածները։ Տօնացոյցը դարերու ընթացքին կազմուած է տարբեր անձերու կողմէ եւ տարբեր ժամանակահատուածներու։ Այսպէս Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին կազմակերպողը…

Լուրեր Դպրեվանքէն

Նախաձեռնութեամբ Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ կազմակերպութեամբ Դպրեվանքի Ուսանողական Խորհուրդին, Շաբաթ 30 Նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի ՙԲրաբիոն Տումանեան՚ հանդիսասրահէն ներս, դասախօսական հանդիսութեան ճամբով, Հայաստան աշխարի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներուն յիշատակի տօնը նշուեցաւ։ Չորորդ Ժառանգաւորացի սաները, Աւետարանի ընթերցանութեամբ, դասախօսութիւններու, շարականի երգեցողութեամբ եւ աղօթքներու ճամբով, վերաթարմացուցին Ս. Առաքեալներուն յիշատակը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Եազճի Պատրիարքին միջեւ հանդիպում

Չորեքշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2013-ի գիշեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ՝ Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Եազճի Պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Պալամանտ Վանքին մէջ։   Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքութեան գործակցութեան առնչուած հարցեր եւ ծրագիրն…եր։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքէն…

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Զօհրապ Գիրէջեանի ‘Կեանքի Բեկորներ’ հատորը

Նոյեմբեր ամսուան մէջ Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Զօհրապ Գիրէջեանի՝Կեանքի Բեկորներ խորագրեալ այս հատորը, որ ամբողջութիւնն է զանազան պարբերաթերթերու մէջ լոյս տեսած հեղինակին կողմէ ստորագրուած տասնչորս պատմուածքներու: Այս հատորին նիւթերը կը շօշափեն իրենց հայրենի հողէն արմատախիլ եղած ու աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած «Հայու բեկորներու տուայտանքն ու երկուութիւնը, ինքնութեան փնտռտուքն ու այդ ինքնութեան կառչածութիւնը, յետ Եղեռնեան իրերայաջորդ…

Անգլիոյ Արքայական նուագախումբի ղեկավար՝ Վարդան Մելքոնեան Անթիլիասի մէջ

Երէկ առաւօտ, Երկուշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Անգլիոյ Արքայական Նուագախումբի ղեկավար՝ Վարդան Մելքոնեանը։ Վարդան Մելքոնեան եղած է Թռչնոց Բոյնի մէջ, որպէս որբ 5 տարիներ, 1950-ական թուականներուն։ Վերջին տասը տարիներուն, ան դարձած է Անգլիոյ աւելի քան 300 հոգի հաշուող նուագախումբին եւ երգչախումբին ղեկավարը։ Որբանոցը ձգելէ յետոյ, ան մինչեւ այսօր մնայուն կապ կը…

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ՀՅԴ-ի Բիւրոն

Կիրակի գիշեր, 1 Դեկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյին, գլխաւորութեամբ՝ Հրանդ Մարգարեանի։   Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներն ու աշխատանքները։

Յուսիկ եւ Մակար Վարդապետներ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան ստացան

Շաբաթ 30 Նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանիս «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Եպիսկոպոսական Դահլիճէն ներս, տեղի ունեցաւ աւարտաճառերու պաշտպանութիւն։ Արդարեւ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանն ու Հոգշ. Տ. Մակար Վրդ. Աշգարեանը իրենց աւարտաճառերը ներկայացուցին ու պաշտպանեցին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերու ներկայութեամբ։ Հայր Յուսիկին աւարտաճառի նիւթն էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լեմականներու պատուիրակութիւնը

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդաց միջազգային համագումարը: Համագումարին մասնակցեցան կուսակցութեան երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչները՝ Հայաստանէն, Ղարաբաղէն. Ջաւախքէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն:   Համագումարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր յարգանքը մատուցանելու եւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալու: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երիտասարդութեան դերին…

Հայաստանի Դեսպանը Անթիլիասի մէջ

Հինգշաբթի 28 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Դեսպան՝ Աշոտ Քոչարեանի։   Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Պրն. Դեսպանը խօսեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ «Հայաստան Հայկական Հիմնադրամի» մասին, որ այս օրերուն դրամահաւաք կը կատարէ, նշանաբան ունենալով՝ «Դէպի Արցախ, Ազգովին կառուցենք Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին»։  …

Միօրեայ սեմինար Դպրեվանքի մէջ

Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, կազակերպութեամբ Դպրեվանքի Տեսչութեան, «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ միօրեայ սեմինար մը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան Դպրեվանքի բարձրագոյն կարգի ուսանողները։ Սեմինարի առաջին նիւթն էր, Social Media-ի կարեւորութիւնը եւ անպատեհութիւնները ընկերային, երիտասարդական եւ մասնագիտական կեանքէն ներս։ Ներկայացման յաջորդեց աշխատանոց (workshop) մը, ուր դպրեվանեցիները ծանօթացան social media-ի տարբերակներուն։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղաւ զարգացած նոր…

Հարցազրոյց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին մասնակցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս պատգամաւորներուն հետ

30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) 10-րդ համաժողովը։ Համաժողովէն ետք, «Հասկ»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս պատգամաւորներուն հետ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Լիբանան, Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու), Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Իրան, Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին), Տիկին Թենի Փիրի Սիմոնեան (Զուիցերիա,…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչին ատենապետութեամբ Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու ժողով Ժընեւի մէջ

Երեքշաբթի 19 Նոյեմբերէն  Հինգշաբթի  21 Նոյեմբեր 2013, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ատենապետեց Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովին։     Ժողովին մասնակցեցան Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Անկլիգան, Մկրտչական, Բողոքական, Բարեկարգեալ, Լուտերական, Հոգեգալստական եւ Աւետարանչական Եկեղեցական Ընտանիքներու երեսուն քարտուղարներ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ու այլ միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու…