Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԵՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը:   Դեսպաններուն հետ քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան գծով վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն վրայ: Այս ծիրէն ներս կատարուեցաւ տեսակէտներու փոխանակում եւ շեշտուեցաւ կարելի փութով ընտրութիւն կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:…

ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՅԱՊԱՂ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Ա.Ե.Խ.) վերջերս պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով՝ կոչ ուղղեց կարելի փութով Արցախի ապաշրջափակման՝ զայն նկատելով մարդկային մեծ աղէտ, որ անընդունելի է թէ՛ բարոյական, թէ՛ օրինական եւ թէ միջազգային օրէնքի իմաստով: Հետեւելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.), Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս շեշտեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՄՈՒԷԼ ՇԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ վսեմաշուք Սամուէլ Շահրամանեանին։   Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակը.-   Վսեմաշուք   Տիար Սամուէլ Շահրամանեան Նորընտիր Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ   Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը,…

ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԾԱՒԱԼԵԼՈՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ խորհրդակցական յատուկ նիստ մը, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։   Նիստին կը մասնակցէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.…

ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով, մասնակցութեամբ հայ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական յատուկ նիստ, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։   Նիստին պիտի մասնակցին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԴՐՕՇԸ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՁԵՌԱՄԲ

— Առնուած Համազգայինէն —   Համազգայինը 95 տարիներէ ի վեր կը գործէր միայն իր տարբերանշանով. Միութեան վերջին՝ 9-րդ պատգամաւորական ժողովը (Մայիս 2022, Երեւան) հաստատեց Միութեան դրօշի մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը։   Արդարեւ, 4 Սեպտեմբեր 2023-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Կեդրոնական եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններու անդամներէ, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՔԻՆ

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ ամեակին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ողջ հայութեան, շեշտելով Արցախի Հանրապետութեան անյապաղ ապաշրջափակումը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է։ Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 32-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

ԱՆՅԱՊԱՂ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ, ԲԱՅՑ ՈՉ Ի ՀԵՃՈՒԿՍ ԱՐՑԱԽԻ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ   Այսօր Արցախի անկախութեան տօնն է։ Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Արցախի անկախութեան 32-րդ տարեդարձը։   Ահա շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած է Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ եւ ենթակայ է սովամահ դառնալու վտանգին։ Սակայն, Արցախի ժողովուրդին հաւատքը, վճռակամութիւնը ու յոյսը ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ST. NERSES THE GRACIOUS AND CHURCH UNITY (Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ) ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրախութեամբ կը ծանուցենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին St. Nerses The Gracious and Church Unity (Ս. Ներսէս Շնորհալի Եւ Եկեղեցւոյ Միութիւնը) խորագիրը կրող աշխատասիրութեան վերահրատարակութիւնը լոյս տեսաւ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն:   Արդարեւ, 1974 թուականին, սոյն աշխատասիրութիւնը Վեհափառ Հայրապետը, երբ տակաւին վարդապետ էր, իբրեւ ծայրագոյն մագիստրոսի աւարտաճառ ներկայացուցած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին եւ Մերձաւոր Արեւելքի…

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՄՏԱՀՈԳ Է ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԱՐՑԱԽԻ ԳԾՈՎ» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —   Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2023-ին, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Ա.Մ.Ն.) դեսպան Տորոթի Շիային միջեւ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:   Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԱՊԻՀ ՊԸՐՐԻԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 24 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի ներկայացուցիչներուն։ Պատուիրակութեան անդամներն էին Ամալ շարժումին փոխ նախագահ Շէյխ Հասան Ալ-Մասրին եւ ճարտարապետ Սայիտ Ապպաս Նասր Ալ-Տինը, որոնք միաժամանակ շարժումին քաղաքական դիւանի անդամներն են։   Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի նախագահական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

«Գնահատելով Իրանի զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի գծով, կը սպասենք աւելին» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —   Երեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթպա Ամանիի հետ:   Քննարկումներուն մէջ յատուկ տեղ գրաւեց Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց դեսպանին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի վեհարանին մէջ ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինը: Կուսակցութեան վարիչ մարմինի ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ վերջին տարիներուն կուսակցութեան շարքերէն ներս յառաջացած զգայնութիւնները ու տարակարծութիւնները արդէն իսկ լուծուած են եւ կազմակերպութիւնը ներքին միասնականութեան ամրացման ու վերանորոգման ընթացքի մէջ է:   Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵՒ ԱՅԼ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

«Բերձորի (Լաչին) միջանցքին բացումը անյետաձգելի հրամայական պէտք է դառնայ միջազգային համայնքին համար» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —       Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանին: Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ այլ դեսպաններ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին քննարկուեցան առաւելաբար երկու այժմէական նիւթեր՝…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ՝ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Վանքի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ին։ Մայրավանքին մէջ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։   Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, այս տօնին կը կատարուի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՆԵՐԿԱՅ ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

«Արցախի փրկութիւնը՝ համահայկական առաջնահերթութիւն» * — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —   Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան։ Շրջափակումի են­թարկուած Արցախէն ներս մեր ազգին զաւակները սովամահ ըլլալու անմիջական վտանգին ենթակայ են։ Մեր ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեան, կ՚ուզենք բարձ­րագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ անդրադառնալ համայն մեր ազգը յուզող ու տագնապեցնող Արցախի հարցին, Հայրապետական Մեր պատգամը ուղղելով…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ՝ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ներկայ հայկական իրականութեան դիմաց որքա՜ն պէտք ունինք հաւատքի ու կամքի զօրութեան, որպէսզի կարենանք շարունակել ապաւինիլ Աստուծոյ փրկութեան խոստումին, իսկ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առընթեր նշուած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան նուիրուած Ս. Պատարագը առիթ կը ստեղծէ հաւատացեալներուն վերանորոգուելու եւ վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական յոյսը։   Արդարեւ, Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՇԱԲԱԹ — 2023

Օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, անցնող շաբթուան ընթացքին, Երկուշաբթի 7 Օգոստոսէն Ուրբաթ 11 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի շաբթուան առիթով, Վանքի համանուն մատրան մէջ ամէն առաւօտ մատուցուեցան Ս. եւ Անմահ Պատարագներ եւ կատարուեցան հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Կիլիկիեան ուխտեալ միաբանութեան երիտասարդ անդամներուն կողմէ։ Իւրաքանչիւր օրուան…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

«ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԿԻԶԱԿԷՏՆ Է» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —   Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան իրեն փոխանցած շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներուն համար: Այս առիթով, Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի ապաշրջափկման ուղղութեամբ հայրապետին տարած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունէն պատուիրակութիւն մը։   Քննարկումներու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց Շուէյտի մէջ Քուրանի հրկիզման երեւոյթը եւ կարեւորեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան եւ երկխօսութեան առաւել եւս զարկ տալու հրամայականը։   Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

«Կը սպասենք, որ Մ.Ա.Կ.ը Արցախի ապաշրջափակման գծով իր զօրակցութիւնը գործնապէս շարունակէ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքան, ընկերակցութեամբ իր երկու գործակիցներուն։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու գլխաւոր հարցեր.- ա) Արցախի շրջափակումը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԵԼՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ

Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Խորհրդարանի նորընտիր նախագահին՝ Դաւիթ Իշխանեանին ուղղած իր նամակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունելով անոր ընտրութիւնը, կ՚ըսէ հետեւեալը. «Արցախի դիմագրաւած ներկայ վճռական հանգրուանին, Ձեր պատասխանատուութիւնը, որպէս Խորհրդարանի նախագահ, Ձեզ կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Ձեր առջեւ կը բացուին պատասխանատուութեան նոր, այլ դժուարին հորիզոններ: Մօտէն ճանչցած ըլլալով Ձեզ, վստահ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

«ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԱՐՑԱԽԻՆ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Երկուշաբթի, 7 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Պապական Նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին։   Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութեան առնչուած եւ այլ միջ-եկեղեցական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐՈՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԵՒ ՎԵՐ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԸ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ

Ուրբաթ, 4 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց քաղդէական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Մար Լուիզ Ռաֆայէլ Սագօ Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Միշէլ Քասսարճի եպիսկոպոսը։   Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Նորին Ս. Օծութեան անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցել Իրաքի մէջ Սագօ Պատրիարքին դիմագրաւած կարգ մը քաղաքական դժուարութիւններուն մասին։   Նորին Սրբութիւնը շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, յիշեալ խորհուրդներու վերին մարմիններուն անունով, միասնական կոչ ուղղեցին կարելի փութով վերջ տալու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։   Արդարեւ, Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.) արտաքին յարաբերութեանց եւ ապահովութեան խորհուրդի պետ Ժոզէփ Պորէլլ Ֆոնթէլէսի ուղղած իրենց նամակին մէջ, վերոյիշեալ երկու եկեղեցական խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարները անդրադառնալով Արցախի հայութեան դիմագրաւած…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՎԵՐԱԲԱՆԱԼՈՒ ԲԵՐՁՈՐԻ (ԼԱՉԻՆ) ՄԻՋԱՆՑՔԸ

Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) պատասխանատու մարմիններուն հետ, որպէսզի միջազգային համայնքին անգամ մը եւս ուշադրութեան յանձնեն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի (Լաչին) միակ միջանցքը անմիջապէս վերաբանալու հրամայականը եւ դատապարտեն Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող այս անմարդկային արարքը։   Արդարեւ, Ե.Հ.Խ.ը կոչով մը հանդէս եկաւ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 31 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը։   Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը տեղեակ պահեց միջ-եկեղեցական աշխարհին ճամբով, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.), Արցախի գծով կատարուելիք յայտարարութիւններուն մասին։ Դեսպանը, իր կարգին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովի մասնակիցները, որոնք եկած են Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի ու Ամերիկայի զանազան երկիրներէն։   Հանդիպման սկիզբը խօսք առին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Գազանճեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (Լ.Ե.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՂԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒՆ

«ԱՐՑԱԽԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԾՆՈ՛ՒՆԴՆ Է ԱՐՑԱԽԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Բարբարոս Ազրպէյճանի կողմէ շուրջ ութ ամիսներէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը կը դիմագրաւէ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ մարդկային տարրական պահանջներու լուրջ դժուարութիւններ։ Սփիւռքի մեր հայորդիները, կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցին լծուած են արցախահայութեան ինքնիշխանութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ու պահպանելու աշխատանքներուն։   Արդարեւ, Երեքշաբթի, 25 Յուլիս…

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ կառուցուած եպիսկոպոսաց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի այրիին՝ Անահիտին եւ զաւակներուն՝ Գարինին, Արամին եւ Անիթային։   Յայտնենք, որ շէնքին շինութիւնը աւարտած էր 2019 թուականին, սակայն համաճարակին եւ Գառնիկ Եագուպեանին մահուան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԳԱՌՆԻԿ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Երեքշաբթի, 18 Յուլիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի տիկնոջ՝ Անի Եագուպեանի, եւ զաւակներուն՝ Արամի եւ Անիթայի այցելութիւնը։   Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Եագուպեան եւ Չաթալպաշեան ընտանիքներուն անցեալի եւ ներկայի բարերարութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին, հայրենիքին եւ առ հասարակ մեր ազգին։ Այս ծիրէն ներս…

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ (ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ) ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) տօնը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ եկեղեցական տօնախմբութեամբ հանդիսաւորապէս կը նշուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, իսկ ազգային առումով՝ Վարդավառի ժողովրդային տօնով։ Առ այդ, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Կիրակի, 16 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԸ

Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս, սփիւռքագէտ դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2023-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Դոկտ․ Չիլինկիրեան մաս կը կազմէ «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համախմբած փորձագէտներու խումբին, որոնք առցանց դրութեամբ իրերայաջորդ քննարկումներ ունեցան Սփիւռքի վերակազմակերպման տարբեր ուղիներ որոնող եւ առաջադրող խորհրդակցութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետին հետ վերոյիշեալ հանդիպումին ներկայ էր…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԿԻՊՐԻԱՆՈՍ» ԱՂՕԹԱԳԻՐՔԸ

Հաւատացեալներու սրտամօտիկ «Կիպրիանոս» աղօթագիրքը չորրորդ հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։   Աղօթագիրքը կը վերահրատարակուի ազնիւ մեկենասութեամբ Չելլիքեան ընտանիքին՝ ի յիշատակ Վահան եւ Յասմիկ Չելլիքեաններուն։   «Կիպրիանոս» կը պարունակէ զանազան աղօթքներ, «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, Աւետարանէն հատուածներ եւ Քրիսոտոսի հրաշագործութիւններէն դրուագներ։   Գրպանի չափով տպուած սոյն հրատարակութիւնը կը գտնէք Կաթողոկոսարանի գրատունը եւ առցանց՝ www.ciliciabookstore.com հասցէով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին քանի մը օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելուները ընդունեց.-   — Քրիստոնեայ նախկին երեսփոխաններէ ու նախարարներէ բաղկացած խումբ մը Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած:   — Լոս Անճելըսէն The California Courier շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցեցաւ մասնաւորաբար Սփիւռքի առնչուած հարցերու գծով:…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2023-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը։   Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ։

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ»՝ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի վրայ՝ Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, իր 50-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքին, Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան, ազգային երգերու համերգով մը բեմ բարձրացաւ «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ։   Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկիզբ առաւ ձեռնարկը, որմէ ետք բացման…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ, ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի նախագահական ապարանքին մէջ, Շաբաթ 24 Յունիս 2023-ին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը («Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ) իր մասնակցութինը բերաւ:   Ժողովը հիմնականին մէջ լսեց եւ քննարկեց 2022 տարուան իրագործուած ծրագիրներուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ 850-ԱՄԵԱԿԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած Ս. Աթոռիս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակի հրապարակումին ընդառաջ, նախ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Սրբազան համերգ եւ գիտաժողով իրականցնելէ ետք, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի նախաձեռնած գիտաժողովին, յանուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը («Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ), 21…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 28-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ Հայրապետական Մաղթանքի կատարումով։   Հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան ու Հայրապետական Մաղթանք…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդրանիկ ժողովը գումարուեցաւ 21-27 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի մէջ՝ յետ Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուած «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան եւ Միասնութեան» թեմայով 11-րդ համաժողովին։   Կեդրոնական Վարչութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երկու անդամները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 30 Յունիս 2023-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ։ Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արացխի մեր ժողովուրդին։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց նախագահը վերջին շրջանին Յունաստանի ու Գանատայի վարչապետներուն եւ Կիպրոսի նախագահին հետ Արցախի հարցին գծով…

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 93-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Մարդակերտման ու հայակերտման անփոխարինելի կրթական ու հոգեւոր կառոյց Դպրեվանքը այս տարի եւս յաջողութեամբ բոլորեց իր ուսումնական-կրթական տարեշրջանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Հինգշաբթի, 29 Յունիս 2023-ին երեկոյեան, գեղեցիկ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ աւարտական Դ. Ընծայարանի վկայականաց բաշխումը՝ նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ 93-րդ ամավերջի հանդէսին ներկայ էին միաբան հայրեր ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԳԻՐԵՐԸ՝ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ

Գանատայի հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութենէն Մայրավանք վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի յատուկ նամակ մը յղեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի հայութեան նկատմամբ անոր կատարած դրական արտայայտութիւններուն համար: Յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԵԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) կեդրոնական վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Համբիկ Սարաֆեանին,  հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին համազգային խորհուրդ մը կազմելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Քանի մը օրեր առաջ, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ հանդիպում մը կայացաւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի Զուիցերիոյ անդամներուն միջեւ։   Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահուհի դոկտ. Ռիթա Ֆամոս եւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի ատենապետուհի փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի անցնող տասնամեակներու գործունէութեան, ապա որոշուեցաւ առաջնահերթութիւններու նոր ծրագիր մը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 21 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ բացումը կը կատարուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան առաջին նիստին։ Յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։   Ժողովին հիմնական օրակարգն է Ե.Հ.Խ.ի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՊԱՏՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ն.Ս.ՕՏ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան Թորոնթոյի մէջ Պատւոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեանին հետ։   Այցելութեան ներկայ էին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւ Վեհափառ Հայրապետի շքախումբը։

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Թորոնթոյի համալսարանէն ներս Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցաւ Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Փիթըր Նոթպումը:   Ան թէ՛ դասախօսութենէն ետք ունեցած իր հրապարակային արտայայտութեան ընթացքին եւ թէ՛ առանձնաբար անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերին միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր քարտուղարին յայտնեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը ներկայ ժամանակներուն կարիքը ունի նոր օրակարգի, նոր ոճի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 15 Յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանին:   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Խարապեան Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց վերջերս Հայաստանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին՝ պարզելով Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադարձ կատարելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

5-11 Յունիս 2023-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղի Ս. Էջմիածինի մէջ կայացաւ Կաթողիկոսութեան միաբանական համագումարը (աբեղայ, վարդապետ, ծայրագոյն վարդապետ)՝ «Սուրբ Էջմիածինը Որպէս Առաքելութիւն» խորագրեալ։ Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ յիշեալ համագումարին հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութիւնը ներկայացուցին Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Օ.Մ.-Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Թորոնթոյի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց «Ռուբինա» մանկամսուր, «Պապայեան» Մանկապարտէզ, «Գոլոլեան» նախակրթարան եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարան։   Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէն՝ Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին։   Ապա, Վարժարանի աշակերտները…

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 12 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, «Համազգային» Թատերասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասերու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի, «Գուսան» երգչախումբի եւ «Էրեբունի» պարախումբի ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց բոլոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ Հ.Յ.Դ. «Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 12 Յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցան Հ.Յ.Դ. «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչները։   Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները։   Անոնք Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին գաղութին մէջ կատարուելիք յառաջիկայ բոլոր ծրագիրները…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ Օնթարիոյի մէջ գործող գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ արծարծեց սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակազմաւորման օրակարգը՝ մեկնած 2023 տարուան հռչակագիրէն   Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուած, եւ մտածել մարտահրաւէրներու յաղթահարման ելքերու մասին։   Հանդիպման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՈՒՌԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Թորոնթոյի Համալսարանի Սուրբ Երրորդութիւն մատուռին մէջ ներկայացուց «Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եւ Միջ-Եկեղեցական Շարժումը» նիւթը՝ կազմակերպութեամբ Վարդապետ Ճեֆրի Ռետիի՝ ղեկավար Թորոնթոյի համալսարանի «Թիրինիթի» քոլէճի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին Ուղղափառ Քրիստոնէութեան դպրոցին։   Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, ուստի խօսք առաւ Հայր Ճեֆրի Ռետին,…

ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Լիբանանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս Պրն. Գրիգոր Փոսթաճեան, Օնթարիոյ նահանգի Խորհրդարանի անդամ Պրն. Արիս Պապիկեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայոց…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 11 Յունիսի առաւօտուն, Հայրապետական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Հայրապետին առընթերակայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը։   Յընթացս պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը մէջ յաւուր պատշաճի խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն ելքի պատգամին մասին՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ԳԷՄՊՐԻՃԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հայրապետական թափօրը, եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գէմպրիճի մասնաճիւղի սկաուտներու առաջնորդութեամբ, հասաւ մինչեւ եկեղեցւոյ դուռը։   «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանի, մուտք գործեց Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶ

Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը,  Գանատայի պետութեան կողմէ տրամադրուած ոստիկաններու առաջնորդութեամբ, Թորոնթոյէն ուղղուեցաւ դէպի Նիակարա Ֆոլզ՝ ընկերակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին, Ազգային Վաչութեան համա-ատենապետ  Տիար Գրիգոր Մահսերեճեանին եւ Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հայրապետական թափօրը՝ առաջնորդութեամբ եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթոյի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներուն եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, հասաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի։   «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։   Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։   Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՃԱՍԹԸՆ ԹՐՈՒՏՈՅԻ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի հետ, Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի երեկոյեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ճոլի, Գանատայի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուդան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան։   Հանդիպման առանցքը կազմեց՝ Արցախին ներկայ իրավիճակը, Ազրպէյճանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ, հանդիպեցաւ Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։   Հետեւելով Վեհափառ Հայրապետի 2023 տարուան Հռչակագիրին, կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել Սփիւռքը։   Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան։   Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մոնթրէալի մէջ պատւոյ հիւպատոս Պրն. Լեւոն Աֆէյեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Պրն. Գրիգոր…

ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի «Բլազա Վոլարէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Մոնթրէալի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատւոյ հիւպատոս Պրն. Լեւոն Աֆէյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային…

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԼԱՒԱԼԻ «ՊՈՆ ԲԱՍԹԷՕՐ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լաւալի «Պոն Բասթէօր» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։   Վեհափառ Հայրապետին աղօթակից էին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԼԱՒԱԼԻ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասի անդամներէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու առաջնորդութեամբ, հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։   «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Գէորգ Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային…

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՈՒ Հ.Յ.Դ. ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Մարալ Նազարեան եւ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցան Վեհափառի Հայրապետին հետ։   Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանն ու Ազգային Վարչութիւնը հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։   Հանդիպման ներկայ էին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանն ու Կեդրոնական Վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանը։   Հանդիպման ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ գանատահայ սփիւռքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ԿՐԹԱԿԱՆ ՕՃԱԽՆԵՐԸ ԵՒ «ՀՈՐԻԶՈՆ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Մոնթրէալի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուր, Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոց, Սարաֆեան նախակրթարան եւ Բասդրմաճեան երկրորդական վարժարան։   Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի տնօրէն Լոռի Ապրաքեան, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով, բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ «ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ, ՍԷՐ» ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՆՇԱՆԱԲԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Հինգշաբթի, 1 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. «ԿԱՄՔ» մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։   «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ԳԱՆԱՏԱ

Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հովուապետական այցելութեամբ Ժամանեց Գանատա՝ ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի։   Գանատայի միջազգային օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Լիբանանի…

Ս. ԱԹՈՌՈՅՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում»։ Այս շրջագիծին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով Սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, մեկնելով «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան Եւ Հզօր Արցախ» տեսլականէն ու յանձնառութենէն։   Արդարեւ, Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Արամ Ա. Վեհափառ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ 850 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850 ամեակը նշուեցաւ միօրեայ գիտաժողովով։ Այն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ին։   Բացման խօսքը արտասանեց «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան, որ բարի գալուստ…

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ «ԹԱԳԱԴՐՄԱՆ ԾԷՍԸ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 06:30-ին, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իր բնոյթին մէջ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը՝ «Թագադրման Ծէսը Կիլիկեան Հայաստանի Մէջ» վերնագիրով, զոր ներկայացուց Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի գիտաշխատող փրոֆ. Վահէ Թորոսեանը: Դասախօսութեան իրենց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Դ. ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԱՐԱՄ   ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ   ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ, ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ,…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի գիշեր, 29 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետը Ժընեւէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։   Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու Պարտէզ»ին շուրջ վերջերս ծագած խնդիրը։ Հայրապետը Պատրիարքին ուշադրութեան յանձնեց այս հարցին գծով մեր ժողովուրդին եւ շրջանին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն մօտ…

«ՄԵՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՂՔԻՆ ԵՆՔ» — Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-ամեակին Առիթով Արտասանուած Հայրապետական Պատգամ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ,.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ուղղած պատգամին, Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին Վեհարանի դահլիճին մէջ համախմբուած ժողովուրդին   Մայիս 28-ը սովորական տօն մը չէ. ան հոմանիշ է Հայաստանի անկախութեան եւ այդ անկախութիւնը պահպանելու, հզօրացնելու եւ ամրապնդելու մեր ազգին հաւաքական վճռակամութեան ու յանձնառութեան։   Ազատօրէն ապրելու ու մտածելու եւ ինքզինք կառավարելու, այլ խօսքով՝…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով եւ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105 ամեակը՝ հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին։ Ապա, Հայաստանի անկախութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօներուն առիթով կոկիկ յայտագիր…

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

«Ներկայ տարին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակն է։ Իր հարուստ իրագործումներով եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակով Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եղած է հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն ու բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը։ Իր եզակի արժանիքներով, Շնորհալին առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, միջ-եկեղեցական ու երաժշտական մարզերէն, եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս»։ Այս հաստատումով կը…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60 ամեակի «Ապագային Նայող Ու Ապագային Գացող Հայ Համալսարանակը» խորագիրով ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական համագումարներու շարքին երկրորդը՝ «Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքին հովանաւորն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Յաջողութեամբ բոլորեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնին կրթական 2022-2023 տարեշրջանը եւ երեք տարուան ծրագիրը աւարտած 13 ուսանողներ վկայուեցան՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 05:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ յանձնախումբին։   Առաջին հերթին խօսք առաւ Կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտմեան։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ՝ ՄԵՐԺԵԼՈՎ ԱՐՑԱԽԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ՓՈՐՁԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ Աթոռը, աշխարհատարած թեմերով, ազգային իշխանութիւններով ու յարակից կառոյցներով ու միութիւններով, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յայտարարութեան` մերժելով Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում ու ճիգ ոեւէ մէկուն, եւ այս պարագային յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու իշխանութեան կողմէ։   Արդարեւ, 10 Դեկտեմբեր 1991-ին համաժողովրդային…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ԿԱՐԳ ՍՏԱՑԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՉՈՐՍ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 21 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, սարկաւագական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանի։   Սարկաւագական կարգ ստացան Դպրեվանքի Բ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 19 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութիւնը: Խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը լայն զեկոյց մը ներկայացուց Հայրապետին՝ խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:   Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան՝ անոր կատարած աշխատանքներուն համար, յատկապէս ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ Ա.Մ.Ն.Ի ՄՕՏ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Ապա, Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Սիմոն Քարամը։   Յիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Լիբանանի ընկերատնտեսական կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ, Ռայի Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչը՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը։   Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին վրայ։ Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց անցնող շաբթուան ընթացքին Պքերքէին ունեցած խորհրդակցութիւնները յիշեալ հարցին գծով։ Որոշուեցաւ Հայրապետին եւ Պատրիարքին միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակել։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Քուէյթի «Սալուա Սապահ» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին Քուէյթի Ազգային Վարչութեան կազմակերպած պաշտօնական ճաշկերոյթը, որ քուէյթահայութիւնը համախմբեց Հայրապետին շուրջ, գեղեցիկ երեկոյով մը եզրափակելով Նորին Սրբութեան Քուէյթ կատարած հովուապետական հնգօրեայ այցելութիւնը: Ընթրիքին ներկայ էին Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ, դեսպաններ, պաշտօնական հիւրեր, քուէյթահայ ազգայիններ, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ…

ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԵՐԿՐԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բարեկամական հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի նախկին վարչապետ Շէյխ Նասէր Ալ-Մուհամմատ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապէր Ալ-Մուպարաք Ալ-Սապահին հետ:   Յայտնենք, որ Շէյխ Նասէրը միաժամանակ Ֆրանքոֆոնի մօտ Քուէյթի ներկայացուցիչն է, կարեւոր ներկայութիւն է երկրի քաղաքական կեանքին մէջ եւ Վեհափառ Հայրապետին անձնական բարեկամն է:   Հանդիպման ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ «Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՍՐԱՀԻՆ ԵՒ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԱՐ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԸ

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850 ամեակին առիթով համահայկական տարողութեամբ յատուկ նշումներ ու հանդիսութիւններ տեղի կ’ունենան աշխարհի տարածքին։ Այս առիթով, Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահը վերանորոգելով՝ զայն վերանուանեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահ եւ պաշտօնական բացումը նախատեսեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնաբաշխ հովուապետական այցելութեան միջոցին։   Արդ, Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ի…

ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւնը հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ծառայութեան համար նուիրական աստիճան ստանալու առաջին քայլերն են։ Այս տարի 15 նոր ընծաներ կը միանան հայ եկեղեցւոյ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու դասուն, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Գերաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ, այցելեց Ծոցի երկիրներու Վատիկանի դեսպանատուն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ դեսպան եւ Պապական Նուիրակ Եուճին Արք. Նուճընթի կողմէ:   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Պապական Նուիրակը զրուցեցին շրջանը յուզող հարցերու եւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեայ…

ՔՈՒԷՅԹ ԿԱՏԱՐԱԾ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՂՈՒԹԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՆՈՐ ԱՐԻՒՆՈՎ ԹԱՐՄԱՑՆՈՂ ՈՅԺ Է» ՀԱՍՏԱՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023-ին, Քուէյթի հայ երիտասարդութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին այսպէս յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Առանց երիտասարդութեան կենսատու ներկայութեան մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ուժականութիւնն ու կենսունակութիւնը»։   Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 80 քուէյթահայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԸ ՀՆՉԷ ՔՈՒԷՅԹԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ՝ «ՔԱԼԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ՃԱՄԲԷՆ»

Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, քուէյթահայութիւնը խուռներամ ներկայութեամբ համախմբուած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ ժողովրդային ընդունելութեամբ բարի գալուստ մաղթելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, որ հովուապետական հնգօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթ:   Նորին Ս. Օծութիւնը հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր իր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարգ՝ ձեռամբ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի:…