«Սփիւռքի Տարի»ի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն կատարուող հովուապետական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս, այսօր՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Քուէյթ եւ միջազգային օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպան Ահմատ Արաֆայի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի, Ծոցի երկիրներու Պապական Նուիրակ Եուճին Արք. Նիւճընթի, քուէյթահայ ազգայիններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ:
Նշենք, թէ Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթ կը ժամանէ հնգօրեայ հովուապետական այցելութեամբ, որուն ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը պիտի ունենայ պաշտօնական հանդիպումներ, պիտի այցելէ Քուէյթի հայկական կառոյցներուն, հանդիպում պիտի ունենայ Քուէյթի մէջ գործող եկեղեցիներու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի ժողովուրդին, ազգային մարմիններուն եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: