ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքան։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, Լիբանանի գծով Փարիզի (Ֆրանսա) մէջ վերջերս կայացած հանդիպումին, որուն մասնակցած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը եւ Քաթարը, Լիբանանի տնտեսական ներկայ կացութեան եւ նախագահական…