Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին Իսլամական Տեղեկատուական Կեդրոնի գլխաւոր քարտուղար Շէյխ Մոհամետ Սալիմ Ալ-Լապապիտի, ընկերակցութեամբ կեդրոնէն ներկայացուցիչի, եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց յուշատախտակ մը՝ պաղեստինեան դատին նկատմամբ իր կատարած զօրակցութեան իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն: Հանդիպման ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:

 

Նորին Ս. Օծութիւնը, գնահատելով իսլամական կեդրոնին ազնիւ արտայայտութիւնը, շեշտեց, որ «Պաղեստինեան դատը ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ քաղաքական դատ է, այլ արդարութեան եւ իրաւունքի դատ է: Իր հայրենիքէն ու պատմական հողերէն պարտադրաբար դուրս դրուած պաղեստինցի ժողովուրդը իրաւունք ունի համախմբուելու իր պատմական հողերուն վրայ՝ իր անկախ պետութիւնը վերահաստատելու, միջազգային օրէնքին համաձայն»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, թէ ո՛չ միայն ինք անձնապէս, այլ «ողջ հայութիւնը պաղեստինեան դատին հետ եղած է միշտ, որովհետեւ իր կեանքի դառն փորձառութեամբ հաւատացած է, թէ ազգեր ինքնորոշման իրաւունք ունին, եւ ասիկա ո՛չ միայն մարդկային իրաւունքներու անբաժան մասը կը կազմէ, այլ Աստուածատուր իրաւունք է, միաստուածեան կրօններուն համաձայն»: