Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2023-ին, դարձեալ 6,4 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հրաաւային Կիլիկիոյ շրջանները, յատկապէս Անտիոքը ու Ալեքսանտրէթը, հասնելով մինչեւ Սուրիա՝ Քէսապ, Հալէպ, Լաթաքիա։ Երկրաշարժին յառաջացուցած ցնցումները Լիբանանի ծովեզերեայ շրջանի բնակիչներէն շատեր մղեցին գիշերը անցընելու իրենց ինքնաշարժներուն կամ աւելի ապահով վայրերու մէջ։

 

Յայտնենք, որ երկրաշարժը ամէնէն շատ վնաս հասցուցած է Քէսապի մէջ։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ տասնեակ մը տուներ մեծ վնասներու ենթարկուած են։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Հալէպի ու Քէսապի հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ՝ աղօթելով, որ Աստուած հեռու պահէ յատկապէս շրջանի մեր ժողովուրդը նման չարիքներէ եւ վիրաւորներուն ու հիւանդներուն շուտափոյթ ապաքինում ու առողջութիւն պարգեւէ։