ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Ուբբաթ, 10 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Ամենապատուութիւն Աֆրամ Բ. Ասորի ուղղափառ Պատրիարքին միջեւ: Պատրիարքի կողքին հանդիպումին ներկայ էին երկու առաջնորդ սրբազաններ, իսկ Վեհափառ Հայրապետի կողքին՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Հանդիպման…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

6-7 Յունուար 2025-ին, նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցան հետեւեալ հիւրերը.- 1) Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց մարոնիթներու Ռայի Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Փօլ Սայյահ արքեպիսկոպոսին։ Խորհրդակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ ընդհանրապէս միջ-համայնքային ու յատկապէս միջ-քրիստոնէական գործակցութեան նոր մղում տալու անհրաժեշտութեան վրայ։ 2) Արամ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Շաբաթ, 4 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ այս ծիրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն միասնակամութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան ու…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ Ն.Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2024-ին, Աթշանէի ասորւոց վանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Իսկ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի, Զահլէի եւ…

ՊՔԷՐՔԷԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2024-ին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ գումարուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր արտակարգ վեհաժողով, որուն սկիզբը մարոնիներու Ռայի պատրիարքը խօսք մը արտասանելով՝ յայտնեց, որ լիբանանեան տագնապը անհրաժեշտ է դիմագրաւել միասնակամ ճիգերով։ Խօսք առին նաեւ ներկայ հոգեւոր պետերէն ոմանք, որոնք նոյնպէս ընդգծեցին միասնաբար դարմանելու Լիբանանի կրած ողբերգութիւնը։ Նշենք, որ վեհաժողովէն քանի մը օր առաջ, մարոնիթ պատրիարքը,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՀԻՒՐԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոսին եւ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովին հրաւէրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ յանձնաժողովի փակման նիստին, Պոսթընի Սուրբ Խաչ (Holy Cross) աստուածաբանական ճեմարանին մէջ: Յայտնենք, որ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովը այս հանդիպումին նշեց երկխօսութեան յիսնամեակը։ Հանդիսութեան աւարտին խօսք առնելով Ամերիկայի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը՝…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2024-ին, միջ-եկեղեցական աղօթք կատարուեցաւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ նահանգի ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւորականներուն: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

16-17 Սեպտեմբեր 2024-ին, Եգիպտոսի Սուրբ Պիշոյ վանքին մէջ, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան։ 17 եկեղեցիներէ 40 հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ժողովին։…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2024֊ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ։ Եղբայրական սիրոյ ու գործակցական ոգիի արտայայտութեան առընթեր, յիշեալ այցելութեան նպատակն էր ողջունել Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմնոյն Վատիկանէն Լիբանան փոխադրութեան նախաձեռնութիւնը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ ծառայութեան՝ թէ՛ իբրեւ Վատիկանի հաւատոյ տարածման բաժանմունքի նախագահ եւ թէ՛ որպէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 29 Օգոստոս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազեն: Այս առիթով, դեսպան Ալ-Խազեն Հայրապետին պարզեց Վատիկանի կողմէ տարուող աշխատանքները՝ Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն լուծում տալու ճիգերու շուրջ: Դեսպանը նաեւ Վեհափառ Հայտապետին փոխանցեց Վատիկանի մէջ վերջերս Նորին Սրբութեան տուած դասախօսութեան դրական արձագանգներուն մասին տեղեկութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, իր…

Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ հոգեւոր տէր

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ, որուն կ՚ընկերանար օգնական եպիսկոպոս Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին Գերապայծառ Տ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ։ Հանդիպման Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի “Կիլիկիա” մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ե.Հ.Խ.Ի ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Էքիւմէնիք Դաստիարակութեան Եւ Կազմաւորման Յանձնաժողով»ը իր առաջին անձամբ ժողովը գումարեց Յունիս ամսու վերջին շաբթուան ընթացքին, Սէուլի Եոնսէյ համալսարանին մէջ, Հարաւային Քորէա։ Յանձնաժողովը օրակարգի վրայ ունէր ութամեայ գործունէութեան ծրագրաւորումը, յատկապէս երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող ԿԷԹԻ Համաշխարհային Էքիւմէնիք Աստուածաբանական Ինստիտուտի ծրագրի եւ էքիւմէնիք կազմաւորման առցանց դասապահերու նոր ծրագրի մը՝ Պոսէյի Էքիւմէնիք Ինստիտուտի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԷՆ ՆԵՐՍ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՋԱԼԵՐՈՂ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

2006 թուականին Լիբանանի մէջ հիմնուած «Ատիէն» (Adyan) կազմակերպութիւնը տարեկան այլազան բնոյթի հանդիպումներ կազմակերպելով՝ կը փորձէ հասարակաց արժէքներու շուրջ համախմբել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւորականներ, երիտասարդներ, մտաւորականներ եւ զանազան բնագաւառներու պատկանող մասնագէտներ։ Այս կազմակերպութիւնը գրասենեակներ ունի տարբեր երկիրներու մէջ։ Անոր նպատակն է երկխօսութիւն ու համագործակցութիւն յառաջացնել կրօններու միջեւ, յատկապէս իսլամութեան ու քրիստոնէութեան։ Առ այդ, Շաբաթ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Մի քանի օրեր առաջ, Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս Պապին հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շրջանին Արցախի հարցին գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար՝ միաժամանակ խնդրելով, որ նոյն զօրակցութիւնը շարունակուի Արցախի հայութեան միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախ վերադառնալու եւ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման գծով: Վերոյիշեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Վատիկան կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, որուն նպատակը Վատիկանի Արեւելեան եւ Գրիգորեան համալսարանէն ներս դասախօսութիւն տալ էր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի հետեւեալ բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ.- ա) Վատիկանի վարչապետը նկատուող քարտինալ Փարոլինի բացակայութեան, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար քարտինալ Քալաղըրին հետ: Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ: Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.- ա) Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը ու յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը: բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը: գ) Երրորդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«ԿՐՕՆԻ ԴԵՐԸ ԱՆԺԽՏԵԼԻ Է ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2024-ին, «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ: Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր յիշեալ համալսարանի, Կրեկորեան համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ: Նորին Սրբութիւնը նախ պարզեց հին դարերէն սկսեալ կրօնի առանցքային դերը աշխարհաքաղաքականութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԱՏԻԿԱՆ

Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, միօրեայ այցելութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Վատիկան: Նորին Սրբութիւնը հրաւիրուած է Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ դասախօսութիւն տալու՝ «Կրօնքին դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ: Վատիկան կատարելիք իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարին, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահին եւ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2024-ին, Պքերքէի մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Նորին Ամենապատուութիւն Ռայի Պատրիարքին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մտահոգութիւններ, յատկապէս՝ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը։ Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց մարոնիթ Պատրիարքը, որ յաջորդ օրը՝ Երեքշաբթի, պիտի մեկնի Վատիկան՝ Արեւելեան Համալսարանին մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ասորի եկեղեցւոյ պատրիարք Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ.ի հետ միասին, ներկայ գտնուեցաւ Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած համագումարի բացման նիստին: Համագումարը կազմակերպուած է Հունգարիոյ Արեւելքի Քրիստոնէութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին եւ ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կողմէ: Համագումարին կը մասնակցին 50 անհատներ, Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն: Բացման նիստին նաեւ ներկայ էին պետական ու…

ԱՐԱՄ Ա․, ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ․ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ․ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Մայիս 2024-ին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ․ Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը եւ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ․ Ասորի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը միօրեայ հանդիպում մը ունեցան Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ, Գահիրէ, Եգիպտոս։ Յիշեալ հանդիպումը մաս կը կազմէ երեք հոգեւոր պետերու միջեւ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող աշխատանքային հանդիպումներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Շաբաթ, 4 Մայիս 2024-ին երեկոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընդառաջելով Իսլամական Երէցներու Խորհուրդի հրաւէրին, Ապու Տապիի ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ արաբերէն լեզուով բանախօսեց համերաշխութեան եւ գոյակցութեան նիւթին շուրջ: Փոխանցելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւնը կրօններու միջեւ գործակցութեան, սրբազան հայրը իր բանախօսութեան մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը եւ Նորին Սրբութիւնը Ֆրանսիս Պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։   Վեհափառ Հայրապետին եւ պապական նուիրակին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանի կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը։

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺՈՂՈՎԸ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2024-ին, Հարիսայի (Լիբանան) Բեթանիա հիւրանոցին մէջ գումարուեցաւ Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան նորընտիր Գործադիր Խորհուրդին ընդհանուր ժողովը: Մէկ օրուան վրայ տարածուած ժողովի ընթացքին, նախ Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մայք Պասսուս պարզեց Ընկերակցութեան առաքելութիւնը, ապա անդրադարձաւ Գործադիր Խորհուրդի անդամներուն ստանձնած պատասխանատուութեան: Քննարկուեցան նախորդ շրջանին աշխատանքները եւ որոշուեցաւ յաջորդ երեք տարիներու աշխատանքային ուղեգիծը: Յայտնենք, որ օրհնութեամբ…

ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Աւագ Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Կարգ Չարչարանացը (Խաւարման Գիշեր)։   Մեր ժողովուրդի զաւակներուն խուռներամ ներկայութեամբ՝ աւետարանական ընթերցումներուն, հոգեզմայլ շարականներուն եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեթով ու յուզումնախառն երգին ընդմէջէն յիշատակուեցաւ Քրիստոսի վերջին ընրթրիքի, Յուդայի մատնութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն դրուագները։   Եկեղեցական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

10-15 Մարտ 2024-ին, Պոլսոյ մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հրաւէրով, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Համախոհութեան եւ Համագործակցութեան Մնայուն Յանձնախումբի տարեկան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ժողովին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Յանձնախումբը ունի 14 անդամ-անդամուհի՝ եօթը Ուղղափառ ու Արեւելեան Ուղղափառ եւ եօթը Բողոքական Եկեղեցիներէ. յանձնախումբը կ՚ընտրուի եօթը տարին անգամ մը գումարուող Ե.Հ.Խ.ի համաժողովէն…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքին միջեւ հանդիպում կայացաւ ասորիներու Աթշանէի վանքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր։ Այս հանդիպումին, Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։ Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան,…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 50 ամեակին առիթով եւ հիւրընկալութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, միջ-եկեղեցական յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ պատուոյ հիւր ունենալով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Ընդհանուր Քարտուղար պատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, որ…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Ճերի Փիլէյ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը պատասխանատուութիւններ ունեցող Գարլա Խիժոյեանին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) փոխ ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խտըշեանին: Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը երկար հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին, ընդառաջելով…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

5-8 Մարտ 2024-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) ներկայ ութամեայ նստաշրջանի աշխատանքներուն ծրագրաւորման ժողովը։ Այս ծիրին մէջ, Կլիմայական Արդարութեան Եւ Կայուն Զարգացման յանձնաժողովին յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամ Արշաւ Ճէրէճեան։ Յանձնաժողովը ընդգծեց եկեղեցիներու դերակատարութիւնը կլիմայական արդարութեան, սնունդի եւ ջուրի,…

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՓՈԽ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Չորս օրերէ ի վեր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) կեդրոնատեղիին (Ժընեւ, Զուիցերիա) մէջ տեղի կ՚ունենայ Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի հանդիպումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ յանձնաժողովի իբրեւ լիիրաւ անդամ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Յայտնենք, որ այս յանձնաժողովը Ե.Հ.Խ.ի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ կը զբաղի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ միջազգային հարցերով:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի եթովպական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւին եւ վարչութեան ատենապետին:   Այցելուները Հայրապետին փոխանցեցին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին համայնքին նկատմամբ Նորին Սրբութեան ցուցաբերած հոգածութեան համար եւ պետութեան առնչուած կարգ մը հարցերու գծով խնդրեցին անոր միջամտութիւնը:   Յայտնենք,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024-ին, լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ Խրիսոսթոմոս Միքայէլ Շամուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ ստանալու համար Հայրապետին օրհնութիւնը իր առաջնորդական առաքելութեան սկզբնաւորութեան։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նորընտիր առաջնորդին ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր հովուական աշխատանքներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ երկար դարերու գործակցութիւն գոյութիւն ունի երկու եկեղեցիներուն…

ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը փոխանցեց իրեն այցելած միջ-քրիստոնէական գործակցութիւն ստեղծելու կոչուած համախմբումին: Այս վերջինը եկած էր ունենալու Նորին Սրբութեան տեսակէտը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ զանազան մարզերէն ներս միացեալ աշխատանքի նախաձեռնելու գծով: Հիւրերը նախ ներկայացուցին ցարդ կատարած իրենց աշխատանքին արդիւնքը՝ կրթական, ընկերային, երիտասարդական, երկրագործական ու տեղեկատուական մարզերէն ներս:   Լսելէ…

ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Երկխօսութիւնն ու փոխ յարաբերութիւնը անձերու կամ կառոյցներու միջեւ առիթ են զիրար ճանչնալու ու ծանօթանալու։ Անցնող չորս տարիներու ընթացքին, կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար կ՚իրականանայ Վատիկանի ծանօթացման յատուկ ծրագիր մը։   Արդարեւ, այս տարի եւս, 22 Յունուարէն 2 Փետրուար 2024-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԾՈՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

22-23 Յունուար 2024-ին, Ժապալ Ալիի (Ա.Մ.Է.) կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան։   Յիշենք, որ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդին անդամ են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկու թեմերը՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմն ու Արաբական Միացեալ…

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 20-ՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երկուշաբթի, 22 Յունուար–Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-րդ ժողովը։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ այս հանդիպումին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։   Ժողովին օրակարգը Մարեմաբանութիւնն էր, որուն շուրջ…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 22 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Բիեթրօ Բարոլին Քարտինալին հետ։ Յատուկ օրակարգի նիւթ դարձաւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ դժուարութիւնները։ Այս ծիրէն ներս Նարեկ Արք. Քարտինալին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին կարգ մը մտահոգութիգնները ու պատկերացումները։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանը դիմագրաւող հարցերուն գծով Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Վատիկանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ՝ Քուրթ Քոխ Կարտինալին հետ եւ քննարկեց միջ-եկեղեցական շարժումին կապուած ընդհանուր հարցեր։ Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը կայացաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպումին Պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի առաջնորդ Դանիէլ Արք. Քուրիէն եւ Պատրիարքի օգնական Ժոզեֆ Եպս. Պալին. իսկ Հայրապետին կողքին՝ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Երկուշաբթի, 15 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին։   Եպիսկոպոսը Ֆրանսիս Պապին եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխին կողմէ երկու նամակներ յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։   Նորին Ս. Օծութեան եւ պապական նուիրակին միջեւ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու Լիբանանի կացութեան եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԱԶԱՅԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023-ին, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Կազայի նուիրուած համագումար մը՝ «Սուրբ Կոյս Մարիամի Արցունքը Եւ Կազայի Աղէտը» խորագրեալ: Այս առիթով, Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի տիկինը՝ Ճամիլա Ալմ Ալ-Հուտա, որ միաժամանակ Թեհրանի համալսարանի իսլամական բարոյագիտութեան դասախօս է, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան յատուկ հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը բերաւ այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր եւ Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը Վատիկանի մէջ հետեւեալ պաշտօնական հանդիպումները ունեցաւ.-   ա) Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, սրբազան հայրը ընդունուեցաւ Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին կողմէ եւ Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցելէ ու պատշաճ խօսք մը արտասանելէ ետք, Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ին, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Մայրավանք այցելելով աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած «Սինոտալիթէ»ի նուիրուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համագումարը, նոյն օրերուն Հռոմի մէջ կայացած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը եւ Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեանը մասնակցեցան 30 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր 2023-ին, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Պապական Արեւելագիտութեան Հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակին առթիւ տեղի ունեցած երկօրեայ միջազգային գիտաժողովին։   Գիտաժողովը լուսարձակի տակ բերաւ Շնորհալի հայրապետին աստուածաբանութիւնը, շարականները, հովուական խնամքը,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2023-ին, միացեալ նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջ-եկեղեցական Խորհուրդին եւ Ս. Վլատիմիր աստուածաբանական դպրեվանքին, կայացաւ միջ-եկեղեցական հարցերու քննարկման նուիրուած հանդիպում մը յիշեալ դպրեվանքի յարկին տակ։ Ներկայ էին թէ՛ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ թէ՛ Խորհուրդի գործունէութեան իրենց հետեւողական մասնակցութիւնը բերած ամերիկաբնակ հոգեւորականներ ու համալսարանական դասախօսներ։   Նկատի ունենալով Վեհափառ Հայրապետին երկար տարիներու փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐ

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2023-ին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Վատիկանի ներկայացուցիչ Կապրիէլ Գաչիա Արքեպիսկոպոսը։   Հայրապետին մօտէն ծանօթ ըլլալով, Վատիկանի ներկայացուցիչին հանդիպումը Նորին Սրբութեան հետ տեւեց շուրջ երկու ժամ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին Արցախի հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ամերիկային Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց Թեմին կատարած այցելութեան առիթով եւ նկատի ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին եւ ունեցած լայն կապերը, Ազգային Առաջնորդարանը միջ-եկեղեցական աղօթքի արարողութիւն մը կազմակերպեց Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան մասնակցեցան Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը եւ Արեւմտեան Հայոց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ

Հիւսիսային Ամերիկային Արեւելեան շրջանին իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ հիւրը եղաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ համայնքի հոգեւոր պետ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին:   Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած յոյն ուղղափառ հոգեւոր կեդրոնին մէջ ընդունելով Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը, արքեպիսկոպոսը ողջունեց Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՃՈՐՃ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանին մէջ՝ «Կրօնքը Միջին Արեւելքի Աշխարհաքաղաքական Յարաբերութիւններու Ծիրէն Ներս» խորագրեալ։   Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ներկայ աշխարհին մէջ հետզհետէ աճող կրօնքին ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու մէջ: Ան ըսաւ, որ հին դարերէն սկսեալ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ 30 Հոկտեմբերէն 3 Նոյեմբեր, 2023-ին, Պոսէի էքիւնենիք հիմնարկին եւ Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնին մէջ։ Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը։   Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ Հայր Հրանդ առաւելաբար կեդրոնացաւ Արցախի հարցին՝ դիտել տալով, որ Արցախի էթնիկ…

ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 6-7 Նոյեմբեր 2023-ին, մասնակցեցաւ Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարին։   Այս համագումարը կազմակերպուած էր Վատիկանի, Ա.Մ.Է.ի եւ իսլամ բանասէրներու միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ։ Համագումարին նպատակն էր քննարկում կատարել Ապու Տապիի մէջ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 15-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբերէն Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հնդկաստանի Քոթայամ քաղաքին մէջ կայացաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի 15-րդ համաժողովը՝ «Աստուա՜ծ, վերանորոգէ մեզ Քու շունչովդ եւ վերականգնէ արարչագործութիւնը» խորագիրով։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս համաժողովին մասնակցեցան Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ ու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը եւ Անի Քրիստի սարկաւագ Մանուէլեանը։   Ժողովին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Ստեղծագործութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու նպատակով, ամէն տարի, շուրջ ամիս մը տեւողութեամբ, աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ կենսոլորտի պահպանութեան հրամայականը կը շեշտուի: Այս իրողութենէն մեկնելով, 2021 թուականէն սկսեալ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) 1 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանը կը յատկացնէ կենսոլորտային հարցեր քննարկելու՝ շրջանի երկիրներուն մէջ դասախօսական շարքեր կազմակերպելով եւ միջ-եկեղեցական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՍՈՐԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ

Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Պէյրութի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տանիէլ Եպս. Գուրիէի գլխաւորութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Գերմանիայէն ժամանած քսան ասորի ուսուցիչներ: Անոնք կը դասաւանդեն կրօնագիտութիւն Գերմանիոյ գոլէճներուն մէջ: Անոնցմէ ոմանք Թուրքիայէն եւ Սուրիայէն արտագաղթած են տարիներ առաջ, իսկ ոմանք՝ Գերմանիա ծնած:   Տանիէլ Եպս. խօսք առնելով՝ ներկաներուն անունով իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՈՒՀԱՆՆԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԵՒ ԹՈՒՄՈՅԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՍԵՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ

Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազճի Պատրիաքին ներկայացուցիչ եւ Պալամանտ համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքի տնօրէնը Հայր Ժագ Խալիլը: Հանդիպումին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս…

ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՅԱՊԱՂ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Ա.Ե.Խ.) վերջերս պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով՝ կոչ ուղղեց կարելի փութով Արցախի ապաշրջափակման՝ զայն նկատելով մարդկային մեծ աղէտ, որ անընդունելի է թէ՛ բարոյական, թէ՛ օրինական եւ թէ միջազգային օրէնքի իմաստով: Հետեւելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.), Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս շեշտեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

«ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԱՐՑԱԽԻՆ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Երկուշաբթի, 7 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Պապական Նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին։   Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութեան առնչուած եւ այլ միջ-եկեղեցական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐՈՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԵՒ ՎԵՐ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԸ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ

Ուրբաթ, 4 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց քաղդէական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Մար Լուիզ Ռաֆայէլ Սագօ Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Միշէլ Քասսարճի եպիսկոպոսը։   Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Նորին Ս. Օծութեան անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցել Իրաքի մէջ Սագօ Պատրիարքին դիմագրաւած կարգ մը քաղաքական դժուարութիւններուն մասին։   Նորին Սրբութիւնը շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, յիշեալ խորհուրդներու վերին մարմիններուն անունով, միասնական կոչ ուղղեցին կարելի փութով վերջ տալու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։   Արդարեւ, Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.) արտաքին յարաբերութեանց եւ ապահովութեան խորհուրդի պետ Ժոզէփ Պորէլլ Ֆոնթէլէսի ուղղած իրենց նամակին մէջ, վերոյիշեալ երկու եկեղեցական խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարները անդրադառնալով Արցախի հայութեան դիմագրաւած…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդրանիկ ժողովը գումարուեցաւ 21-27 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի մէջ՝ յետ Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուած «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան եւ Միասնութեան» թեմայով 11-րդ համաժողովին։   Կեդրոնական Վարչութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երկու անդամները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 21 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ բացումը կը կատարուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան առաջին նիստին։ Յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։   Ժողովին հիմնական օրակարգն է Ե.Հ.Խ.ի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Շաբաթ, 6 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը։   Վեհափառ Հայրապետին եւ Պապական Նուիրակին միջեւ խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի ներքին կացութեան եւ մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան վրայ։ Այս ծիրէն ներս եղան տեղեկութիւններու ու տեսակէտներու փոխանակում՝ կարեւորութեամբ շեշտելով շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը։   Յայտնենք, որ Պապական Նուիրակը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՅՐ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին, յատուկ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Լեռնալիբանանի շրջանին մէջ Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին հիմնադրման յիսնամեակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ յիսնամեակի առիթով յատուկ պատրաստուած հատորի շնորհանդէսը։ Հատորին հեղինակն է Ճորճ Եպս. Սալիպա: Հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը եւ զանազան համայնքներէն ներկայացուցիչներ: Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Միջին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ KAICIID-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապտալլահ Պին Ապտուլազիզ Բ. Թագաւորի անուան միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային միջազգային կեդրոնի (KAICIID) Fellows Programme ծրագրի կրօնական-կրթական հիմնարկներու տնօրէններու համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 17-18 Մարտ 2023-ին, Մալիզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լումփուրի մէջ։ Սոյն համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 34 կրօնական-կրթական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023-ին, Վատիկանի մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Վատիկանի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի (ներկայացուցիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան), Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի (ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան) եւ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Պօղոսեան (ներկայացուցիչ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան) միջեւ:…

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԻՇԴԱԴ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ին, Գերմանիոյ Իշդադ համալսարանի աստուածաբանական ամպիոնի տնօրէն Թովմաս Գլէմր այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, ընկերակցութեամբ երկու դասախօսներու եւ երեք դոկտորայի ուսանողներու:   Անոնք մօտէն ծանօթացան Մայրավանքի Մայր Տաճարը, «Կիլիկիա» թանգարանն ու մատենադարանը եւ յարակից գրասենեակները:   Ապա, հիւրերը այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին եւ մօտէն իմացան մեր Ս. Աթոռին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն մասին, յատկապէս միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական…

ՊՔԷՐՔԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2023-ին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ յիշեալ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին միջեւ, ներկայութեամբ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսին։   Հանդիպման միակ նիւթը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։ Յիշեցնենք, որ այս հարցին գծով Ռայի Պատրիարք շուրջ երկու ամիս առաջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻԿՈՍԻԱՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 18 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, Կիպրոսի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Շուէտի կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող Religious Track գրասենեակի պատասխանատու Սալբի Էսքիճեանի, Կիպրոսի պապական նուիրակ Ճորճ Եպիսկոպոսի եւ լատին եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պրունօ Եպիսկոպոս Վարիանոյի: Հանդիպումներուն ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն (Ա.Մ.Ն.) Լիբանան ժամանած վեց հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին քարտինալներ եւ եպիսկոպոսներ: Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ կատարուող աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց նախ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն պարզած…

«ԱՏԻԷՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը «Կրօններ» (Adyan) կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնին՝ դոկտ. Էլի Ալ-Հինտիին, ընկերակցութեամբ նոյն կազմակերպութեան ծրագիրներու ղեկավարին։   «Ատիէն»ը  Միջին Արեւելեան կազմակերպութիւն մըն է։ Ան գրասենեակներ ունի տարբեր շրջանի երկիրներու մէջ։ Անոր նպատակն է երկխօսութիւն ու գործակցութիւն յառաջացնել յատկապէս իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ։ Այս կազմակերպութեան մաս կը կազմեն թէ՛…

ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Ընդառաջելով Վատիկանի միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ հոգեւորականներէն Հոգշ․ Տ․ Արտաւազդ Վրդ․ Շարոյեան (տեսուչ «Կիլիկա» թանգարանի), Հոգշ․ Տ․ Եղիա Աբղ․ Մալխասեան (Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ) եւ Արժ․ Տ․ Մովսէս Քհն․ Շաննագեան (Կլէնտէյլի (Ա.Մ.Ն. արեւմտ.) Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ), Արեւելեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԿԱԹՈՂԻԿէ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՍԻՆՈՏՈՍԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Հարիսայի մէջ բացումը կատարուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սինոտոսականութիւնը զարգացնելու նուիրուած համագումարին՝ «Սինոտոսական Եկեղեցւոյ Համար Գործակցութիւն, Մասնակցութիւն Եւ Առաքելութիւն» խորագրով: Համագումարին ներկայ էին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ եւ Վատիկանէն ժամանած քարտինալներ։   Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, յիշեալ համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՊՔԷՐՔԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ

Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պանդիպում ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը։   Այցելութեան հիմնական նպատակն էր, 27 Յունուարին 2023-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած երկու հոգեւոր պետերու հանդիպումէն բխած, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնախումբը իր 19-րդ նիստը գումարեց 30 Յունուարէն 5 Փետրուար 2023-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ սոյն յանձնախումբին հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։   Յանձնախումբին հիմնական քննարկումը կեդրոնացաւ մարեմաբանութեան վրայ՝ Ս. Կոյս…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն Պքէրքէի մէջ կայացաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը։ Նշենք, որ մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան ընթացքին քննարկումներուն ընդմէջէն ծնած էր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին մասին առաջարկ մը, որմէ ետք պիտի հանդիպէին նաեւ քրիստոնեայ երեսփոխանները, որպէսզի կարելի ըլլար հաւաքական…

ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Քաթարի նորանշանակ դեսպան Իպրահիմ Պըն Ապտ Ալ-Ազիզ Սահլաուիի այցելութիւնը: Հանդիպման ներկայ էին Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան:   Հանդիպումը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Լայն քննարկումի ենթարկուեցան հայ եկեղեցւոյ…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

23 եւ 24 Յունուար 2023-ին‚ Ռաս Ալ Խայմայի մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, տեղի ունեցաւ Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ժողովը‚ որուն յանուն Հայ եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանն ու Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայր Անտրաոս Ալ Անթունի, ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը, որ միաժամանակ Լիբանանի ու Սուրիոյ ղպտի համայնքներուն հոգեւոր պետն է: Ան Հայրապետին փոխանցեց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ապա անդրադարձաւ ղպտի համայնքին առնչուած կարգ մը հարցերուն:   Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն…

ԻՍԼԱՄ ՍԻՒՆՆԻ ՈՒ ՇԻԻԹ ԿՐՕՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Չորեքշաբթի, 18 Յունուար 2023-ին, Կաթողիկոսանիստ Վանք այցելեց իսլամ սիւննի ու շիիթ կրօնականներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւնը եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ազգին նկատմամբ՝ շեշտելով Բերձորի (Լաչին) միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը՝ մարդասիրական մտահոգութենէ մեկնած: Ան նաեւ իր գնահատանքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան գծով կատարած աշխատանքներուն համար: Նորին Ս. Օծութիւնը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

1908 թուականէն ի վեր, ամէն տարի, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը յատկացուի աղօթքի՝ եկեղեցիներու միութեան համար: Աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ եկեղեցիներ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ քարոզախօսութիւններու ճամբով կը շեշտեն եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը:   Արդարեւ, Կիրակի, 15 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պսալիմի յոյն ուղղափառ Սուրբ Ճաուրճիոս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԷՆԷՏԻՔԹՈՍ ՊԱՊԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին յղած իր ցաւակցագիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վախճանեալ Պէնէտիքթոս ԺԶ. Պապը կը նկատէ որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբաններէն մէկը, որ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ ընդհանրապէս եկեղեցի-ընկերութիւն փոխ-յարաբերութեանց խնդիրներու գծով, իր յստակ տեսակէտներով ու խոր վերլուծումներով առանցքային դեր ունեցած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մօտեցումներու ձեւաւորման ու զարգացման մէջ:   Նոյն օրը…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Երկուշաբթի, 2 Յունուար 2023-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Կաթողիկոսանիստ Մայրավանք այցելելով՝ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ներկայութեամբ Գերպ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Արցախի պարզած ներկայ…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԼՍԵԼ ԱՐԵՒԵԼՔԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

22-27 Նոյեմբեր 2022-ին, կազմակերպութեամբ «Փրօ Օրիանթէ»-ին (PRO ORIENTE) եւ Հռոմի «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանին (Pontifical University of Saint Thomas Aquinas, Angelicum), միջազգային միջ-եկեղեցական գիտաժողով մը գումարուեցաւ՝ «Լսելով Արեւելքը» խորագրեալ։ Սոյն գիտաժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Կարէն Սրկ. Եօսուլքանեանը։   Գիտաժողովը կը միտէր, ինչպէս խորագիրը կը յուշէ, լսել Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն ժողովական տարբեր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ KAICIID-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԻՆԵՐ՝ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ՓԱԿՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) կազմակերպած «Կիներ՝ Երկխօսութեան Համար» (Հիյա լիլ Հիուար — She For Dialogue) ծրագիրը Լիզպոնի մէջ կայացուց իր երրորդ եւ վերջին հանգրուանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակից Արազ Գոճայեանը, հետեւելէ ետք միամեայ ծրագիրին եւ լիբանանեան մակարդակի վրայ կիրառելէ ետք ձեռք բերուած գիտելիքներն ու հմտութիւնները, աւարտեց ծրագիրը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Մ.Ա.Ե.Խ.Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

28-29 Նոյեմբեր 2022-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր վարչութեան ժողովը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Լիբանանի լատին համայնքին պատկանող Ալ-֊Պիր վանքի դահլիճին մէջ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Սէն Ժոզէֆ եւ Հայկազեան համալսարաններու դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան։ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, իբրեւ անդամ Գործադիր վարչութեան, չկրցաւ ներկայ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան հետեւեալ հարցերը.- Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակի նշում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ եւ Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն։   Վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ տեսակէտերու փոխանակում կատարուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

7-11 Նոյեմբեր 2022-ին, Վանգուվըրի (Գանատա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը։ Համաճարակէն ետք սա առաջին հանդիպումն էր, որ կայացաւ ժողովականներու ֆիզիքական ներկայութեամբ:   Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան աշխատանքներու վարիչ ժողովին պարզեց իր զեկոյցը։ Հայր Հրանդ իր տեղեկագիրին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԽՐԻՍՈՍԹՈՄՈՍ Բ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Տասնվեց տարի (2006-2022) գահակալութենէ ետք, Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2022-ին, ի Տէր հանգեաւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ճանչցած էր զինք, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր անոր հետ եւ միջ-եկեղեցական շարժումի ծիրէն ներս սերտ գործակցութիւն հաստատուած էր իրենց միջեւ։   Կիպրոսի եկեղեցւոյ Սինոտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ Նորին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ

Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջ-եկեղեցական պատասխանատուներ՝ Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, որոնք Լիբանան ժամանած էին խորհրդակցութիւններ ունենալու Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու շրջանի եկեղեցիներուն՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.) ճամբով։   Պատուիրակութիւնը երկօրեայ քննարկումներ կատարած էր յիշեալ Խորհուրդի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիքան Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր տարեկան հաւաքը կայացուց 24-29 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անգլիոյ մէջ՝ վայելելով ղպտի եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալութիւնը։ Յանձնախումբը իր ժողովը գումարեց Էսսէքսի Պռէյնթրի աւանին մէջ գտնուող ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ «Պեթել» կեդրոնին մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, սոյն յանձնախումբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ…

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Հոկտեմբեր 17-19 2022-ին, Գահիրէէն (Եգիպտոս) քիչ անդին գտնուող Անպա Պիշոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Անտիոքի Պատրիարքութեան եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում։ Յայտնենք, որ 1996 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին, ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքին միաձայնութեամբ հաստատուած միջ-եկեղեցական գործակցութեան…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու եւ Դպրեվանքներու Միութեան (Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ. — ATIME) առցանց ժողովը։ Ժողովի ընթացքին, զանազան նիւթերու առընթեր, յատուկ քննարկումի առարկայ դարձան ստեղծագործ մօտեցումներու, բնապահպանման ծրագիրներու եւ միջ-եկեղեցական շարժումի համագործակցութեան մարզերու առնչուող նիւթեր։ Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Աստուածաբանական նիւթերուն եւ էքիւմէնիք շարժումի գործունէութեան կարեւորութեան։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը կայացաւ 31 Օգոստոսէն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ Խորհուրդի անդամ աւելի քան 350 եկեղեցիներու շուրջ 4000 պատուիրակներու։ Համաժողովը կը կրէր «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան Եւ Միասնութեան» խորագիրը։ Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը համաժողովին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (Ե.Ա.Հ.Կ.) ուղղած իրենց միացեալ նամակին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, իրենց խորհուրդներու անդամ եկեղեցիներու անունով կոչ կ՚ուղղեն՝ միջամտելու ազերի բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարուած յարձակումը անմիջապէս կասեցնելու, զինադադար հաստատելու եւ շրջանէն ներս արդար ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու: Անոնք կը յիշեն, թէ շաբաթ…

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրուեցաւ Ե.Հ.Խ.ի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը։   Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ ստացաւ ազգային եւ օտար շրջանակներէ՝ գրաւոր թէ հեռաձայնով։ Ստորեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի շնորհաւորական գիրը՝ ուղղուած Նորին Ս. Օծութեան.-   Վեհափառ Տեր,   Արցախի ժողովրդի, իշխանությունների…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ

Այս օրերուն Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։   Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

  Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ տուեալ ժամանակաշրջանի դժուարութիւններն ու տագնապները դիմագրաւելու եւ քննարկելու յարմար միջավայր մը ստեղծելու նպատակով 1948-ին հիմնադրուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ) 11-րդ համաժողովը սկիզբ պիտի առնէ Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ:   7 տարին անգամ մը գումարուող համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի զանազան շրջաններէն Խորհուրդի աւելի քան 300 անդամ եկեղեցիներ՝…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին, 14 Օգոստոսին Եգիպտոսի Կիզա նահանգին Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով զոհ գացած հաւատացեալներուն մահուան տխուր առիթով։   Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիրին մէջ ըսաւ. «Յուզմունքով կը հետեւինք աղէտի զարգացումներուն եւ այս տխուր պայմաններուն մէջ կը…