Ուրբաթ, 3 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը «Կրօններ» (Adyan) կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնին՝ դոկտ. Էլի Ալ-Հինտիին, ընկերակցութեամբ նոյն կազմակերպութեան ծրագիրներու ղեկավարին։
«Ատիէն»ը Միջին Արեւելեան կազմակերպութիւն մըն է։ Ան գրասենեակներ ունի տարբեր շրջանի երկիրներու մէջ։ Անոր նպատակն է երկխօսութիւն ու գործակցութիւն յառաջացնել յատկապէս իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ։ Այս կազմակերպութեան մաս կը կազմեն թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ իսլամ կրօնականներ ու զանազան բնագաւառներու պատկանող մասնագէտներ։
Դոկտ. Ալ-Հինտի Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց կազմակերպութեան յառաջիկայ ծրագիրները եւ այս ծիրէն ներս առաջարկեց, որ Ապրիլ ամսու աւարտին կարեւոր հանդիպում մը կայանայ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեալ կազմակերպութեան անդամ նշանակեց Կաթողիկոսարանի Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի Միջին Արեւելքի բաժնի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը։