10 February, 2023

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՊՔԷՐՔԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ

Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պանդիպում ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը։

 

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր, 27 Յունուարին 2023-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած երկու հոգեւոր պետերու հանդիպումէն բխած, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովն ու քրիստոնեայ երեսփոխանները նախագահական ընտրութեան գծով խորհրդակցական նիստի հրաւիրելու նախաձեռնութեան արժեւորումն ու գործնականացման քայլերու քննարկումը։

 

Պատրիարք Ռայի Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց քրիստոնեայ կողմերուն հետ կատարուած հաղորդակցութեան ընդհանուր պատկերը եւ քաղաքական ոյժերուն կեցուածքները։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, կարեւորութեամբ շեշտեց ճիգերու շարունակութիւնը, ի հարկին տարբեր ձեւաչափերով, նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահի արագ ընտրութեան հրամայականը, մեկնած Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին գերագոյն շահերէն՝ աւելցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ամբողջութեամբ կը զօրակցի երխօսութեան անհրաժեշտութեան։

 

Հանդիպման աւարտին, երեսփոխան Բագրատունի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ծնունդ առած քրիստոնէական երկխօսութեան հանդիպման գծով կատարուող այս խորհրդակցական հանդիպումը շարունակութիւնն է նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան, իբրեւ ազգային լիբանանեան եւ քրիստոնէական պատասխանատուութիւն։ Ան աւելցուց, որ հանդիպումին դուրս եկած է այն լաւատեսութեամբ, որ Ռայի Պատրիարք պիտի շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները՝ երկիրը դուրս բերելու ներկայ տագնապալի վիճակէն, որուն անվերապահ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ հայ համայնքն ու Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը։