Տեղեկատուական Բաժանմունք

Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքին նպատակն է, լրատուական աշխատանքին կողքին, կամուրջ մը հանդիսանալ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ միջեւ։

Բաժանմունքին գործունէութիւնը կը ծաւալի առցանց եւ ոչ-առցանց աշխատանքներու ընդմէջէն։ Ընկերային ցանցերու եւ արհեստագիտութեան արդիական միջոցներու օգտագործումով, բաժանմունքը Կաթողիկոսարանիս գործունէութեան լուրերը կը փոխանցէ լրատուամիջոցներուն եւ անհատներու։

Բաժանմունքը նաեւ կը կազմակերպէ արհեստագիտութիւնը ընդգրկող եւ յատկապէս հայ երիտասարդը հետաքրքրող նիւթերու շուրջ խորհրդաժողովներ եւ հաւաքներ։

Բաժանմունքէն ներս կը գործէ նաեւ լսատեսողական բաժին մը՝ Cilicia TV։

Ե-նամակ,- info@armenianorthodoxchurch.org