ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՎԱՍՆ ՀՈԳՒՈՑՆ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ՍՐԲՈՅ ԱԹՈՌՈՅՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար ամբողջ կեանք մը նուիրած մեր կղերական հայրերուն յիշատակը անթառամ կը պահենք միշտ՝ վերյիշելով անոնց կատարած ծառայութիւններն ու սխրագործութիւնները՝ մանաւանդ արտակարգ ու աղէտալի պայմաններու տակ։ Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետին յիշատակութեան Կիրակիին, Փետրուար ամսու երկրորդ շաբաթը, երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուահոգի միաբան հայրերու հոգիներուն համար հոգեհանգիստ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հիւսիսակողմը գտնուող Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարանին մէջ։

 

Առ այդ, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, 12 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն մատուցուած յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան, ուր կատարուեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ վասն հանգուցեալ հոգւոցն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետական Սրբոյ Աթոռոյս երջանկայիշատակ հայրապետացն եւ լուսահոգի միաբանիցն։

 

Հաւաքական այս հոգեհանգիստը առիթ կը հանդիսանայ մեր եկեղեցական դասուն՝ վերանորոգելու ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու իր ուխտը եւ արծարծ պահելու եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեամբ հայկական ինքնութիւնը կենդանի պահած մեր բարեյիշատակ կղերականներուն կատարած ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը։

 

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս եւս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։