Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՏԱՃԱՏ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆԸ

Վեհափառ Հայրապետը յատուկ պաշտօնագրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը նշանակեց Կաթողիկոսարանի դիւանապետ:

 

Հոգեշնորհ հայր սուրբը նախապէս վարած է վանական պաշտօններ, ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Ֆրեզնոյի մէջ եւ վերջին տարիներուն եղած է տնօրէն Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի:

 

Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանի նախկին դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան շուրջ 25 տարի ծառայելէ ետք մեկնեցաւ Թորոնթօ՝ միանալու իր ընտանիքին: