Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, նոր տարուան եւ մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, իր Հայրապետական այցելութիւնը շնորհեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանին։ Հայրապետը բուժարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Տաճատ Սրապեանի, խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի եւ խնամակալութեան յանձնախումբի անդամներուն կողմէ։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն իրազեկ…

Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ԵՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակը հայ եկեղեցւոյ ժողովրդային սուրբերէն՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին։   Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին բարձրացան սուրբերուն յիշատակը օրհներգող շարականներ ու աղօթասացութիւններ։ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին ու Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն, Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 09։30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։   Աւանդութիւն դարձած է, որ մեր եկեղեցւոյ լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, Լիբանանի…

ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներուն, որոնց կ՚ընկերակցէին վարժարանի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը եւ տնօրէն Ժանին Դանիէլեանը։   Նախքան փոքրիկներուն՝ կոկիկ յայտագրի ներկայացումը, տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքին…

ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, 19 Փետրուար 2023-ին, կը զուգադիպի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը կանխող Բուն Բարեկենդանը։ Աւանդութեան համաձայն, Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին, կ՚այցելեն Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը։   Արդարեւ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի…

ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Ժանին Դանիէլեանի։   Դանիէլեան խօսք առնելով՝ Հայրապետին զեկուցեց անցեալ տարեշրջանի Կիրակնօրեայ վարժարանին գործունէութիւնը եւ յայտնեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրներն ու աշխատանքները։ Ապա, աշակերտները իրենց…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, 8-12 Օգոստոս 2022-ի առաւօտները, Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր եւ քարոզախօսութիւններ։   Այս առիթով, Ուրբաթ, 12 Օգոստոսին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեցաւ մեր ուխտաւոր ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ իր հայրական պատգամն ու…

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 80 ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ

«Կիլիկիա» բանակումը, 7-9 Յուլիս 2022-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ համախմբեց 10-14 տարեկան 80 պատանիներ, որոնք դաստիարակչական ծրագիրներու ճամբով հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անմոռանալի օրեր անցուցին։ Բանակումը կայացաւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին։   Չորս խումբերու բաժնուած պատանիները՝ Գլաձոր, Դրազարկ, Արմաշ եւ Աղթամար, աղօթքի, շարականի եւ հայրենասիրական երգերու ուսուցումներու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՕՐՀՆԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ

Կիրակնօրեայ վարժարաններու տարեմուտին, ամէն տարի մանուկներն ու ուսուցիչները կ’այցելեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնն ու յորդորները: Համաճարակին պատճառած անբնական պայմաններուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջական ապահովութեան նկատմամբ Նորին Սրբութեան ունեցած նախանձախնդիր մօտեցումին բերումով, անցնող երկու տարիներուն զանց առնուեցաւ Հայրապետին այցելելու աւանդութիւնը։   Ներկայ տարեմուտին, առաւել խանդավառ թափով եւ մեծ թիւով…

«ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Խոսրով եպիսկոպոս Անձեւացիի «Մեկնութիւն Պատարագի Աղօթքներուն» գիրքը, զոր աշխարհաբարի վերածած է հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան։ Այս հրատարակութիւնը կը պատկանի Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ խմբագրուած է Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։   Ս. Պատարագի աղօթքներուն փրկչական զօրութիւնը ներկայացնելու կողքին,…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր պայմանները եւ մեր ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, Կաթողիկոսարանը կը շարունակէ իր ընկերային ծառայութիւնը։ Ընկերային կառոյցներուն, լրատուական օրկաններուն, շտապ մարմնին եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն կատարուած օժանդակութեան առընթեր, վերջերս 200 ընտանիքներու ուտեստեղէն տրամադրուեցաւ՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին ճամբով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները։   Այս առիթով, Կիրակնօրեայ վարժարանի մանուկները կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան Նորին Սրբութեան դիմաց՝ շարականի երգեցողութեամբ եւ անմեղ հոգիէ ու սիրտէ սաղմոսներու ու աղօթքներու…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԱՆԵՂԾ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ. Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպած «Կանանց Լսարան»-ը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամով։ Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը կը փոխանցէ Նորին Սրբութիւնը, իսկ աւարտին, ներկաները առիթ կ՚ունենան Հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումներն ու առաջարկները։   Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Բաժանմունքին վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՍԿՆԱՆՔ ՄԵՐ ՊԱՏԱՐԱԳԸ»

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը Անթիլիասի տպարանէն լոյս ընծայեց հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի 2003 թուականին կարճ դասախօսութեան տիպի տակ գրուած՝ «Հասկնանք Մեր Պատարագը»։ Գրքոյկին խմբագիրն է յիշեալ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։   126 էջերով փոքրածաւալ գրքոյկը բաղկացած է երեք բաժիններէ։ Առաջին բաժինին մէջ Սրբազանը հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ Ս.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՇՈՒՐՋ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵՑՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հիւրընկալեց շուրջ 100 հայ տարեցներ, որոնք եկած էին Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոցէն, Ազունիէի ազգային բուժարանէն եւ Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն։ Մամիկներն ու պապիկները, առաջին հերթին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան Արեւագալի ժամերգութեան։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ին, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպած էր Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթը։ Այս առիթով, անոնց այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ու խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ գնահատեց տեսչութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ մայրերուն եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ մեր զաւակներուն հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ հայ մօր ունեցած…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն, Մեծ պահոց քառասնօրեակին կանխող Կիրակին Բուն Բարեկենդանի Կիրակին է, որկրօնականին կողքին յատկանշական է իր ազգային աւանդութիւններով։ Այս ծիրին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները՝ ծպտուած տարբեր կերպարներով, այցելութիւն կու տան Վեհափառ Հայրապետին ու տօնը կը նշեն քրիստոնէական ու մշակութային ոլորտին մէջ: Այս տարի եւս, Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ին, յաւարտ Բուն Բարեկենդանի Ս.…

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԿՐՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին ընթացք առաւ «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Միջ-թեմական Յանձնաժողով»-ին երկօրեայ խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին թեմերու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչները։   Յանձնաժողովին ատենապետն է Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, իսկ աշխատանքներու համադրողն է Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱԶՄԱՊԱՏԿԷ ԻՐ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս միշտ, այս տօնական օրերուն ընթացքին եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բազմապատկեց ընկերային ծառայութեան ոլորտի իր աշխատանքները։ Արդարեւ, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առընթեր, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, գլխաւորութեամբ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Դեկտեմբեր ամսուն ձեռնարկեց օժանդակութեան արշաւի մը ու Կաղանդի եւ յաջորդող ամիսներուն սեղանները…

ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՏՕՆԱԾԱՌՆ ՈՒ Ս. ՄՍՈՒՐԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նախատօնակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը կազմակերպած էր Նոր տարուան յատուկ երեկոյ մը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եւ փոքրիկներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ…

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով հանդիպումներ կ՚ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտը դարձած նոր սերունդի ներկայացուցիչներու հետ։ Այս ծիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ընդունեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները։   Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը  իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ծնողներուն՝…

ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտարարել, որ հրամանաւ եւ քաջալերանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ լոյս տեսաւ 410 էջերու մէջ ամփոփուած մեծածաւալ «ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ» հատորը։   Այս աշխատութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջին փորձն է՝ եղածները հաւաքելու, անոնց տէր ըլլալու եւ նոր հեղինակներ…

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԳԱՆՁԱՏՈՒՆԸ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՆԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՆՈՐ ՍՊԱՍՆԵՐՈՎ

Անցնող շաբաթներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին շուրջ համախմբուած կամաւորներ, մէկ շաբթուան վրայ երկարող աշխատանքէ մը ետք իրականացուցին բիւրեղեայ քարերով զարդարուած Ս. Խորանի ձեռագործ վարագոյրներ, ինչպէս նաեւ Ս. Սեղանի եւ այլ ծածկոցներ։   Այս աշխատանքներուն միացան նաեւ, երիտասարդական Պատարագէն եւ ուրբաթօրեայ գիշերային «Նարեկեան Աղօթասացութենէն» ետք, Ս. Գրոց ճամբարի տղաքը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՃԱՄԲԱՐ

Ուրբաթ, 24 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Թռչնոց Բոյն» հաւաքուած շուրջ 150 փոքրիկներուն, որոնք կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած Ս. Գրոց ճամբարին (Bible Camp)։   Փոքրիկները Վեհափառ Հայրապետին ընդունելութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետին նոր…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ԱՂՕԹԵՆՔ ՀԱՒԱՏՔՈՎ»

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազնիւ մեկենասութեամբ «Հայոգի» մատենաշարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Աղօթենք Հաւատքով» խորագրեալ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի գրքոյկը՝ ներառեալ շարք մը աղօթքներով։ Յայտնենք, որ վերոյիշեալ գրքոյկը լոյս տեսաւ 100.000 տպաքանակով եւ կը բաժնուի մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ…

«ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՏԵՂ ՏԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Կանանց Հոգեւոր Լսարանի մասնակիցները, որոնք ամէն Երեքշաբթի, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնած կրօնաբարոյական ու Աստուածաշունչի սերտողութեան լսարաններուն կը հետեւին։   Աւանդութիւն դարձած այս հանդիպումը ընթացք առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք լսարանի մասնակիցները միաբերան ընթերցեցին սաղմոս մը եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Մեծ պահոց քառասնօրեակին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանի Կիրակին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանը զայն կը նշէ փոքրիկներուն զանազան կերպարներու ծպտումով։ Այս առիթով, 11 Փետրուար 2018-ին, Ս. Եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները Վեհարանի դահլիճին մէջ։    Փոքրիկներով շրջապատուած Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարանին՝ անոր ջամբած…

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ իւրայատուկ տեղ եւ դեր ունին Կիրակնօրեայ վարժարանները։ Այս ծիրէն ներս, Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանին աշակերտները, գլխաւորութեամբ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի. ներկայ էին նաեւ վարժարանին ուսուցիչներն ու ծնողները։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու…

«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՅՈՅՍՈՎ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարեր շարունակ պաշտպանն է եղած հայ մշակոյթին եւ արուեստին, ինչպէս նաեւ անոր զարգացման հոլովոյթին։ Ան նեցուկ կանգնած է հայ մշակոյթին՝ արժեւորելով թէ՛ արուեստը եւ թէ՛ արուեստագէտը, որուն մեծագոյն վկաներն են անցնող տասնամեակներու ընթացքին Կիլիկեան Կաթողիկոսներու կողմէ գնահատուած ու պարգեւատրուած արուեստագէտները։ Նոյն նախանձախնդրութենէն մեկնած, Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ իւրաքանչիւր Երեքշաբթի առաւօտ ժամը 10։00-11։00 տեղի կ’ունենայ հոգեւոր լսարան, որուն կը մասնակցին շուրջ 150 տիկիններ եւ օրիորդներ։ Լսարանը կը կազմակերպուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ։ 19 Ապրիլ 2016-ի լսարանի աւարտին, մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Նահատակաց Մատուռ, ուր ծաղիկներ զետեղելով իրենց աղօթքները առ Աստուած բարձրացուցին, խնդրելով որ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որպէս իր հայրական սիրոյն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան նկատմամբ ցուցաբերած իր յատուկ նախանձախնդրութեան` գործնական արտայայտութիւն, յաճախակի կերպով կ’ընդունի Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները, ուսուցիչներն ու պատասխանատուները: Այս հանդիպումներուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը կը յայտնէ ու միաժամանակ կը կատարէ անհրաժեշտ ցուցմունքներ, բարելաւելու եւ ճիշդ ուղղութեան մէջ դնելու Կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութիւնը: Այս ծիրէն ներս,…

«2015 ՏԱՐԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔՈՎ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԿԱՄՔՈՎ ՊԷՏՔ Է ԱՐԺԵՒՈՐԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հաւաքուած աւելի քան 300 տիկիններու իր Հայրապետական պատգամը ուղղելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ 2015 թուականի եզակի կարեւորութեան մեր ժողովուրդին համար։ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը կը բաղկանար երկու բաժիններէ՝ առաջին բաժնին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ մեր երէցներուն յարգանք ու հոգածութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան մասին, նկատի ունենալով որ ներկայ տարին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որպէս իրհայրական սիրոյն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան նկատմամբ ցուցաբերած իր յատուկ նախանձախնդրութեան` գործնական արտայայտութիւն, յաճախակի կերպով կ’ընդունի Կիրակնօրեայ վարժարաններուաշակերտները, ուսուցիչներնու պատասխանատուները: Այս հանդիպումներուն ընթացքինՆորին Սրբութիւնըիր գնահատանքը կը յայտնէ ու միաժամանակ կը կատարէ անհրաժեշտ ցուցմունքներ, բարելաւելու եւ ճիշդ ուղղութեան մէջ դնելու Կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութիւնը:            Այս ծիրէն ներս, Կիրակի, 23 Նոյեմբեր…

«Մեղեդիներ, Տաղեր եւ Գանձեր» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս

Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Մեղեդիներ, Տաղեր եւ Գանձեր» ձայնասկաւառակին, մեկնաբանութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի։ Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, որ անդրադարձաւ շարականի դերին ու անոր ներշնչումով կերտուած հայու…

Հարցումներ աղօթքի մասին

1) Ի՞նչ է աղօթքը:   ա) Երբ աշակերտները Յիսուսէն խնդրեցին որ աղօթել սորվեցնէ իրենց, առաջին երկու բառերը որ Յիսուս գործածեց «Հայր մեր…» բառերն էին: Իր այս բառերով, Տէրը ուզեց ցոյց տալ մեզի, թէ աղօթելը` մեր երկնաւոր Հօրը հետ խօսիլ կը նշանակէ: Հետեւաբար, աղօթելը` լոկ մեր Արարիչին ու Աստուծոյն հետ խօսիլը չէ, այլ` մեր Հօրը հետ…

ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ (Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ)

Ներածական Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ունի հինգ մեծ տօներ, որոնք կը կոչուին Տաղաւար եւ կը կատարուին ամէն տարի հանդիսաւորապէս, իւրայատուկ կրօնական արարողութիւններով եւ ազգային աւանդութիւններով։ Անոնցմէ առաջին երեքը անմիջականօրէն կապ ունին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին հետ։ Առաջին՝ Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն։ Երկրորդ՝ Ս. Զատիկ՝ Յիշատակ Յարութեան։ Երրորդ՝ Պայծառակերպութիւն կամ Վարդավառ։   Չորրորդը նուիրուած է…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ինչո՞ւ համար Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով խաղողօրհնէք կը կատարուի: Կամ հարցումը կարելի է դնել ուրիշ ձեւով մը.- Ի՞նչ առնչութիւն կայ Վերափոխման տօնին եւ խաղող­օրհնէքին միջեւ:   Խաղողօրհնէքը որեւէ առնչութիւն չունի Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի հետ: Արդ, եթէ անոնք առնչութիւն չունին իրարու հետ, մենք ինչո՞ւ զանոնք կը կատարենք միասնաբար: Այս հարցումին պատասխանը յստակ կը դառնայ եթէ երբեք…

“ՀԵՌՈՒ ԻՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ՝ ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵՆԷՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ներկայ տարեշրջանի Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Երեքշաբթի, 17 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Գրոց սերտողութեան եզրափակիչ հանդիպումին, եւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։   Վեհափառ Հայրապետ իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով “իր աւանդութիւններէն հեռացող ազգ մը կը հեռանայ իր ինքնութենէն”։ Վեհափառը նախ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, հինգերորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական եւ Հայագիտական Հարցերու Գրասենեակի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցումները հասան իրենց աւարտին` Շաբաթ, 17 Մայիս 2014-ի կէսօրէ ետք տեղի ունեցած մենակատարութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումով:   Շաբաթ, 8 Մարտ 2014-ին մենակատարութեան Ա. հանգրուանի մրցումով սկսած «Խաչիկ Պապիկեան» մրցաշարքերու առաջին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Կիրակի 2 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի մանուկները իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար Անոր օրհնութիւնը:   Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները

Կիրակի 10 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի Դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Անթիլիասի Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը իրենց ուսուցչական կազմին հետ միասին։ Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Կաթողիկոսարանիս Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեան։   Անթիլիասի Կիրակնօրեայ Վարժարանի…

Պիքֆայայի վանքին մէջ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած դասախօսական շարք

Ամէն տարուայ սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ս. Աստուածածինի նուիրուած դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ: Դասախօսութեանց մասնակցեցան շուրջ 200 տիկիններ:   Արդարեւ, Երկուշաբթի 12 Օգոստոս 2013-ին սկիզբ առած դասախօսական շարքը, իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ 16 Օգոստոս 2013-ին, երբ դասախօսութիւններուն մասնակից հաւատացեալները Պիքֆայայի Վանքի Դահլիճ բարձրանալով,…

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Աղօթքի Շաբաթ Պիքֆայայի մատրան մէջ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ   Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2013-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ, քարոզախօսութիւն, շարականի երգեցողութիւն եւ սաղմոսերգութիւն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով:   Կը հրաւիրենք մեր…

Մանուկներու շրթներէն հնչող հայկական երգարուեստի մթնոլորտին մէջ, փոքրիկն Միսաք Ազատեան դարձաւ «Աստղ Երգիչ 3»

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աստղ երգիչ 3» մրցումի աւարտական ելոյթը:   Ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններու, արուեստագէտներու, ծնողներու եւ խուռներամ բազմութեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը ապրեցաւ բացառիկ երեկոյ մը:   Արամ Ա.…

Հայ կանանց հոգեւոր լսարանի տարեշրջանի աւարտ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝ «ՀԱՅ ՄՕՐ ԴԵՐԸ ՎՃՌԱԿԱՆ Է ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՈՒ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՄԷՋ»   Երեքշաբթի 18 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, իր խօսքը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր տիկիններուն ուղղելով, որոնք անցնող ամիսներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ամէն Երեքշաբթի հետեւեցան սերտողութեան՝ կրօնական ու բարոյական հարցերու առնչուած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ…

Անթիլիասի Մայրավանքէն եկեղեցական երաժշտութեան նոր խտասալիկ մը լոյս տեսաւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի աշխատանքները տարբեր մարզեր կը ներգրաւեն: Այդ մարզերէն մէկն է, մեր եկեղեցւոյ դարաւոր գանձերն ու հոեւոր-երաժշտական հարստութիւնները հրամցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Առ այդ, երէկ 29 Մայիս 2013-ի երեկոյեան Բաժանմունքին Վարիչ Տնօրէն եւ Կաթողիկոսարանի ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ Երգչախումբի ղեկավար՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ Երգչախումբի մենակատար՝ Շողիկ Թորոսեան եւ Երգեհոն՝ Յասմիկ…

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները

Կիրակի 10 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կիրակնօրեայ Վարժարաններէն մէկ խումբ մանուկներ իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ առնելու համար Անոր օրհնութիւնը: Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս:   Յայտնենք, որ…