ՍԻՐՈՅ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական ջերմ սիրով կʼողջունենք Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Դարձեալ տագնապի մէջ է Հալէպը: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին զանազան տագնապներ հարուածեցին Միջին Արեւելքի մշակոյթներու, կրօններու ու ազգերու համակեցութեան այս պատմական քաղաքը: Հալէպի հայութիւնը եւս ապրեցաւ բոլոր տագնապներուն ծանր հետեւանքները: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մայր էջին վրայ միշտ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է Հալէպը՝ տնտեսական, մշակութային, կրօնական…