Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՄԱՅՆ ԱԶԳԻՍ ՀԱՅՈՑ ՆՆՋԵՑԵԼՈՑ

Երկուշաբթի, 13 Օգոստոս 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ մեռելոցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։   Արդարեւ, մեր եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ հաստատուած կանոններուն համաձայն, Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ համայն ազգիս հայոց, ծանօթ թէ անծանօթ, յայնտի թէ անյայտ, ինչպէս նաեւ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին, երկու առիթներով,  Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան երեսփոխանները՝ Ալեն Սիմոնեան, Լենա Նազարեան եւ Հրաչեայ Յակոբեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան Հայաստանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցերուն շուրջ։   Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը իր կարգին անգամ մը եւս ողջունեց Նիկոլ Փաշինեանի կատարած աշխատանքը՝…

ՕՐԻՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՈՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ՝ 11 Օգոստոս 2018-ին, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին վրայ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ նուիրուած Վանքի ուխտի օրուան։ Պատարագը մատուցեց Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի։   Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի 95-րդ հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ Յակոբ Չոլաքեանի «Գործնական Արեւմտահայերէն» աշխատասիրութեամբ։ Գործին խմբագիրն է Կարօ Յովհաննէսեան։ Գործը բաղկացած է հինգ բաժիններէ՝ ձեւաբանութիւն, շարահիւսութիւն, ուղղագրութիւն, կէտադրութիւն եւ գլխագիրի գործածութիւն եւ կը մեկնի Արեւմտահայերէնի խնդրայարոյց հարցերու մեկտեղման, անոնց լուծման առաջարկներ բերելու եւ ուղեցոյց մը առաջարկելու՝ Կաթողիկոսարանին կից Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնախումբի թելադրութիւնը…

ՈՒԽՏԵՐԹ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի շաբաթը տեղի ունեցաւ 6-11 Օգոստոս 2018-ին։ Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիրակութեան Բաժանմունքը կազմակերպած էր Աստուածամօր նուիրուած յատուկ արարողութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ խորհրդածութեան պահեր։   Ուխտի շաբթուան ընթացքին, ամէն առաւօտ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը Վանքի մատրան մէջ հետեւեցաւ Կաթողիկոսարանի երիտասարդ միաբաններու կողմէ ներկայացուած հոգեւոր…

ԱՐԲԱՆԵԱԿԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՈՒՂՂԱԿԻ ՍՓՌՈՒՄ 11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակէն ներս մատուցուելիք Սուրբ եւ անմահ Պատարագը ուղղակի պիտի սփռուի արբանեակային Noursat Broadcast պատկերասփիւռի կայանին կողմէ։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի նախագահէ Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ հաւատացեալներուն փոխանցէ օրուան պատգամը։   Ձեր շրջաններուն մէջ սփռումի բոլոր մանրամասնութիւնները հաճեցէք գտնել ստորեւ ներկայացուած…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 9 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան՝ Մարթին Հութը, որուն կ՚ընկերանար նաեւ իր տիկինը։   Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի քաղաքական ներքին կացութեան, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան սեմին։ Այս ծիրէն ներս շեշտուեցաւ հոգեւոր պետերու դերակատարութիւնը…

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ ՍԿՍԱՒ ԱՅՍ ՎԱՅՐԿԵԱՆԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Երկուշաբթի, 6 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն եւ Գանատայէն Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած ու խտացուած դասընթացքներուն մասնակցող համալսարանական ուսանողները, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան երիտասարդները, հաւաքուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին շուրջ, Մայրավանքին շրջափակէն ներս, եւ ունեցան եկեղեցւոյ բարեկարգութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՑ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋՔԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ՝ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ԴԻՄԵԼՈՒ

31 Յուլիս 2018-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի իրաւական յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը։ Յիշեալ դատին թղթածրարը գրեթէ իր վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մանր յստակեցումներէ ու յաւելումներէ ետք, առաւելագոյնը Հոկտեմբեր 2018-ին, պիտի ներկայացուի թրքական դատարան։   Կ՚ուզենք յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ նոյն դատին թղթածրարը շուրջ երեք…

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներէն ու համալսարաններէն ներս ուսանող շուրջ 20 երիտասարդներ (Ա.Մ.Ն.ու արեւմտեան թեմ 4 հոգի, Ա.Մ.Ն.ու արեւելեան թեմ 12 հոգի, Գանատայի թեմ 1 հոգի), որոնք պիտի հետեւին երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, հայ դատի եւ ընկերաբարոյական մարզերուն առնչուած…

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր շէնքը, 24 սենեակներէ բաղկացած՝ իր շտեմարանով ու պահեստանոցով, պիտի գործածուի եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու համար։ Շինութիւնը պիտի աւարտի յառաջիկայ Գարնան։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեալ ծրագրին բարերարին անունը պիտի յայտարարէ շէնքի բացման հանդիսութեան ժամանակ։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, ինքզինք կ՚իրագործէ գերազանցօրէն որպէս ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Այս գիտակցութենէն մղուած Դպրեվանքը կը գործէ եւ միաբան հայրեր հաւատարիմ իրենց կոչումին կը ծառայեն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ու թեմերուն մէջ։ Վերջին շրջանին միաբանութեան ծառայական դաշտէն ներս հետեւեալ նշանակումները կատարուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ.- —…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԸ

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարին 100-ամեակն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան։ Այս առիթով յատուկ ձեռնարկներու ճամբով Երեւանի մէջ կը նշուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան մասնակից դարձան հանդիսութիւններուն։ Պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին Հայր Սուրբը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակը։  …

ՅԱՆՈՒՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Աթենքի արուարձաններէն մէկուն մէջ, վերջին օրերուն ու տակաւին շարունակուող անտառային հրդեհներու զոհ գացին մեծ թիւով քաղաքացիներ։ Այս տխուր առիթով, երէկ՝ Երկուշաբթի, 23 Յուլիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին թելադրութեամբ, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան կապ հաստատեց Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Հերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին հետ եւ յանուն Նորին Սրբութեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երեքշաբթի, 24 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց սուրիական տագնապի լուծման Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Տի Միսթուրայի փոխանորդ՝ Անթուան Լահհամը։   Ժընեւի Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիին մէջ իր գրասենեակը ունեցող Ա. Լահհամը, Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Տի Միսթուրայի ու իր կատարած վերջին շրջանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն ներս տեղի…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ԱՂՕԹԵՆՔ ՀԱՒԱՏՔՈՎ»

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազնիւ մեկենասութեամբ «Հայոգի» մատենաշարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Աղօթենք Հաւատքով» խորագրեալ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի գրքոյկը՝ ներառեալ շարք մը աղօթքներով։ Յայտնենք, որ վերոյիշեալ գրքոյկը լոյս տեսաւ 100.000 տպաքանակով եւ կը բաժնուի մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ, ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉԻ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ԽԱՂԻՆ

Չորեքշաբթի, 18 Յուլիս 2018-ին, Համանա (Լիբանան) գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի խաղ՝ հովանաւորութեամբ The Global Forum for Religions and Humanity կազմակերպութեան, «Միասնականութիւն ընդդէմ բռնութեան, ծայրայեղութեան եւ թմրեցուցիչի» խորագրին տակ: Այս ոտնագնդակի խաղին մասնակցեցան հոգեւորականներ՝ Լիբանանի բոլոր համայնքներէն։ Արդարեւ, ընդառաջելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանը՝ իր մասնակցութիւնը…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԶԻՆԱԴՐՕՇ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» Գրական մրցանակի թիւ 94-րդ հրատարակութիւնը՝ Վարանդի «Զինադրօշ» բանաստեղծական գործը, խմբագրութեամբ Ժիրայր Դանիէլեանի։   Հատորը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին եւ կը բաղկանայ շուրջ վաթսուն բանաստեղծական յօրինումներէ՝ տեղադրուած «Պատմութեան հետքերով», «Կարօտանք», «Դիւցազունք» եւ «Գոյատեւում» ենթախորագիրներու տակ։  

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու բաժանմունքի «Եկեղեցի եւ Ժողովուրդ» մատենաշարին թիւ 12-րդ եւ «Սմբատ Արք. Լափաճեան» հրատարակչական ֆոնտի թիւ 45-րդ հրատարակութիւնը՝ «Քրիստոսի Այլակերպութեան Մարտահրաւէրը» խորագրեալ։ Սոյն գիրքին աշխատութիւնը կատարած է Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։   Գրքոյկը կը բովանդակէ 15 նիւթեր, որոնք կ՚անդրադառնան Քրիստոսի այլակերպութեան հրաւէրին, ինքնութեան յայտնութեան,…

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՈՐԲԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՆՆՋԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Թռչնոց Բոյն»՝ իրազեկ դառնալու արդէն իրենց աւարտին հասած շինարարական աշխատանքներուն:   Ինչպէս յայտնած էինք նախապէս, թէ արժանթինահայ Տիանա Տէր Յովսէփեանի բարերարութեամբ, «Թռչնոց Բոյն»ի ամենահին կառոյցներէն մէկը ամբողջութեամբ վերանորոգութեան ընթացքի մէջ էր՝ որբերուն համար լայն կարելիութիւններով յարմարաւէտ ննջարաններ ստեղծելու:   Յայտնենք, որ բարերարուհին այս բարերարութիւնը ստանձնած…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 16 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան՝ Դոկտ. Ֆարիտ Խազէնին։ Նորանշանակ դեսպանը նախքան Վատիկան մեկնիլը փափաքած էր այցելութիւն մը տալ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի Նորին Սրբութենէն տեղեակ դառնայ Վատիկանի կեցուածքը Միջին Արեւելքին, յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ։ Հայրապետը քաջատեղեակ ըլլալով ընդհանրապէս Միջին…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը» այժմէական նիւթին շուրջ, Հինգշաբթի, 12 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ շուրջ 40 անձերէ բաղկացած օտար համալսարանական ուսանողներու, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Դպրեվանքի սրահէն ներս։ Ուսանողները եկած էին Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի զանազան երկիրներէ, մասնակցելու երեք շաբաթներու վրայ տարածուած աստուածաբանական ու էքիւմէնիք կազմաւորման դասընթացքներու։ Շուրջ ժամ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ի ՏՆՕՐԷՆԸ

Երեքշաբթի, 10 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Արմէնփրէս»ի տնօրէն՝ Արամ Անանեանը։ Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, յիշեալ բաժանմունքին վարիչի օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, ինչպէս նաեւ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու խմբագիրները։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պարիէն (Իտալիա) վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ։   Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներկայ կացութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Նորին Սրբութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ու յատկապէս մեր արի բանակին՝ շեշտելով, թէ Արցախի պաշտպանութիւնն ու հզօրացումը մեր համայն ազգին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՏԱԼԻԱ

Ընդառաջելով Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապի հրաւէրին, այսօր երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի Պատրիարքին հետ յատուկ օդանաւով մեկնեցաւ Իտալիա, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած հաւաքին։ Յիշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Պարի քաղաքին մէջ։   Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանք պիտի վերադառնայ Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին։

«ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ Ս. ԱԹՈՌԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

      Անցնող քանի մը շաբաթներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութեամբ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական կարեւոր հանդիպումներ տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Այս գծով օրին մամուլի ճամբով հակիրճ տեղեկութիւններ տրուեցան։ Սակայն, նկատի ունենալով յիշեալ հանդիպումներուն քննարկած նիւթերուն կարեւորութիւնը, Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթը խնդրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, որ իր արժեւորումը փոխանցէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՊՔԷՐՔԷՅԻ ՄԷՋ

5 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պքէրքէյի մէջ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. եւ ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եունան պատրիարքներուն։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մասին ու յատկապէս յառաջիկայ օրերու Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումին, որուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 2 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան նախագահ՝ Ֆրանսուա Ասելինոյին։ Ֆրանսացի քաղաքագէտը, որ նաեւ նախագահական թեկնածու էր Ֆրանսայի վերջին նախագահական ընտրութիւններուն, Լիբանան այցելած էր մօտէն տեղեակ ըլլալու Լիբանանի կացութեան եւ արժեւորելու Ֆրանսայի դերակատարութիւնը ընդհանրապէս շրջանէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս։   Աւելի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան քառօրեայ ժողովին բացումը։   Վեհափառ Հայրապետը բացման նիստին դասախօսեց միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ իր ունեցած փորձառութեան եւ ներկայիս անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ գործունէութիւն…

ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, Շաբաթ, 30 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու մեծարանքի ձեռնարկ։   Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսք արտասանեց երգչախումբի ղեկավար՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան։ Ան կարեւորեց հայ ընտանիքին արժէքը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ ու մաղթեց, որ անոնք համբերութեամբ կատարեն իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը՝ թէ՛ ընտանիքին եւ…

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Ս. եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց Վեհափառ Հայրապետը, Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, իսկ Պատարագին…

ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի յետ միջօրէին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս բացումը պիտի կատարուի Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին։ Վեհափառ Հայրապետը բացման նիստին պիտի դասախօսէ միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Յիշեալ ժողովին կը մասնակցի Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան։ Նշենք, որ Իրանի հայոց երեք թեմերը անդամ են Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

15-էն 22 Յունիս 2018-ին, Զուիցերիոյ Ժընեւ եւ Պօսէ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին նշուեցաւ ԵՀԽ-ին 70-ամեակը եւ ճշդուեցաւ Խորհուրդին 11-րդ համաժողովի թեման ու վայրը։ Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Զուիցերիոյ մէջ մեր Ս. Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ «ԿՐՕՆԸ ԵՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ Կ՚ԱՒԱՐՏԷ ԻՐ ԵՌՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 29 Յունիս 2018-ին, «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» թեմայով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին 8-րդ երկխօսութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Փակման նիստին հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թիւրքմէն եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնի նախագահ՝ Դոկտ. Մոհամետ Մահտի Թասխիրի։ Փակման հանդիսութենէն…

«ԿՐՕՆԸ ԵՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԸ» 8-ՐԴ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԻՍՏԵՐԸ

Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ տեղի ունեցող 8-րդ երկխօսութիւնը շարունակեց իր նիստերը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ։   Նախորդ օրուան առաջին նիստով իրենց զեկուցումները ներկայացուցած էին Այաթոլլա Դոկտ. Ահմետ Մոպալաղի եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ «Կրօնապետներու Փոխազդեցութիւնը Կենսոլորտին Վրայ. Մոհամմետ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» խորագիրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ 8-րդ երկխօսութիւնը։   Բացման նիստին հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու վերոյիշեալ կեդրոնին նախագահը՝ Դոկտ. Իպրահիմի Թիւրքմէնը։   Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր գնահատանքը յայտնեց տուեալ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՈՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Յունիս 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի ու կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի երկխօսութեան պաշտօնական բացումը։ Երկու օրերու վրայ տարածուած այս երկխօսութեան ընդհանուր խորագիրն է «Կրօնը Եւ Կենսոլորտը»։ Յիշեալ նիւթին շուրջ զեկոյցներ պիտի ներկայացուին թէ՛ իսլամական եւ թէ քրիստոնէական տեսակէտները պարզող։ Հանդիպումին վերջին նիստը պիտի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

  Երկուշաբթի, 25 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկի նախագահ՝ Դոկտ. Ճորճ Սապրան։ Վերջինս ընդհանուր գիծերով Նորին Սրբութեան ներկայացուց հիմանարկին ակադեմական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները՝ զանազան բնագաւառներէ ներս։   Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հիմնարկին կողմէ կատարուող աշխատանքը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու հիմնարկին միջեւ զարգացող գործակցութիւնը։ Նշենք,…

ՀԵՀՈՄ-Ը ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԸ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեանին, Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ին, Տըպայայի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական  Ուսանողներու Միութեան հիմնադրութեան 55-ամեակի նշումը, որուն ներկայ էին նախկին թէ ներկայ ՀԵՀՈՄ-ականներ, ազգայիններ, բարերարներ եւ ՀԵՀՈՄ-ի բարեկամներ։ Ընթրիքին հայրենասիրական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՌՈՄԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հռոմի արեւելեան համալսարանի նախագահին՝ Հայր Տէյվիտ Նազարին։   Լիբանան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, համալսարանի նախագահը ուզած էր հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ թէ՛ մօտէն ծանօթ ըլլալու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ թէ խորհրդակցելու համալսարանի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ նոր նշանակուած Պապական նուիրակ՝ Ճոզէֆ Սփիթերին։   Նկատի ունենալով, որ Պապական նուիրակը մօտէն ծանօթ չէ թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ թէ՛ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ, Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ԵՒ Ն.Ս. ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱԹՇԱՆԷԻ ՄԷՋ

21-22 Յունիս 2018-ին, Աթշանէի, Լիբանան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ն.Ս. Թաուատրոս Բ եւ Ն.Ս. Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքներուն միջեւ հանդիպում մը՝ խորհրդակցելու հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներուն առնչուած հարցեր ու մարտահրաւէրներ, յատկապէս Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։   Երեք եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցական կառոյցը հիմնուած է 1997 թուականին…

ՂՊՏԻ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 22 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, ղպտի եկեղեցւոյ պետ ՝ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. եւ ասորի եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքները, իրենց ընկերակցող եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով, ընդունեց այցելութիւնը երկու հոգեւոր պետերուն։   Երեք հոգեւոր պետերը նախ ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը։ Պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի  կացութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան։   Վեհափառ Հայրապետը, առաջին հերթին, պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց շրջանէն ներս տեղի ունեցած վերջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանը։   Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Հայաստանէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցերն ու ծրագիրները։

«ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՏԵՂ ՏԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Կանանց Հոգեւոր Լսարանի մասնակիցները, որոնք ամէն Երեքշաբթի, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնած կրօնաբարոյական ու Աստուածաշունչի սերտողութեան լսարաններուն կը հետեւին։   Աւանդութիւն դարձած այս հանդիպումը ընթացք առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք լսարանի մասնակիցները միաբերան ընթերցեցին սաղմոս մը եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն…

50-ԱՄԵԱՅ ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ` ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Լիբանանի մէջ գործող հայկական երեք օրաթերթերուն տնօրէնները հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Անոնք միասնաբար զրուցեցին Կաթողիկոսին 50-ամեայ ծառայութեան մասին: Բնականաբար կարելի չէր զրոյցի սահմաններուն մէջ անդրադառնալ 50-ամեայ ծառայութեան ընթացքին իրագործուած բեղուն գործունէութեան բոլոր ուղղութիւններուն եւ մարզերուն: Առ այդ, զրոյցին առանցքը հանդիսացան ծառայութեան որպէս մեկնակէտ աստուածաշնչային ներշնչումի համար…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

«ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԻԳՈՎ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՇԵՇՏԵԼ՝ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԸ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 17 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած հայ լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ 88-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ ՆՈՒԻՐԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ, 16 Յունիս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին 88-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանին ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը, որ ձօնուած էր Վեհափառ Հայրապետին աբեղայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին։   Հայրապետական թափօրին մուտքէն ետք, յայտագիրը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Դպրեվանքի քայլերգներով, որմէ ետք բացման…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Երեքշաբթի, 12 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին առաջին շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխումը։   Ի դէպ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յանձին Նորին Սրբութեան արեւմտահայերէնի հանդէպ յատուկ հոգածութիւնը 2012-2013 տարեշրջաններուն թարգմանուեցաւ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքներու ստեղծմամբ, որ ապագային…

ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ն․Ս․ ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ․ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 12 Յունիս 2018-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս․ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Մար Աֆրամ Բ․ Պատրիարքին։   Երկու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը առիթ մըն էր ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան եւ երկու եկեղեցիներու գործակցութեան։   Հանդիպման ընթացքին նաեւ…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 10 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. Եւ Անմահ պատարագ եւ կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն, խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։ Ս. եւ անմահ Պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի կիսասարկաւագներէն Գրիգոր Արապաթլեան, Ղազար ՔԷօշկէրեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին աբեղայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ։ Լիբանանի պետական նուագախումբը, խմբավարութեամբ մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ աշխարհահռչակ սօփրանօ Յասմիկ Պապեանի, դիւթեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, որմէ մաս մը ժամանած էր Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն։ Ձեռնարկին ներկայ էին դիւանագիտական ու համայնքային, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համայնքի զանազան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 9 Յունիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանին՝ Մոհամետ Ֆաթհալի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ տեսակէտներու փոխանակում ունենալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր։ Թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ դեսպանը անդրադարձան Իրանի մէջ հաստատուած հայ…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. ԳԱՐՈՒՆ ԷՐ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնդարամի 24-րդ հրատարակութիւնը՝ «Գարուն էր…» վերնագրեալ։ Գործին հեղինակն է Յակոբ Միքայէլեան   Այս գործով հեղինակը կը ներկայացնէ մերօրեայ Հալէպը (2011-2018)՝ իր ապրած պատերազմի արհաւիրքով, քանդումով, սարսափազդու տեսարաններով եւ հայութեան բաժին ինկած տառապանքով։ Ան լոյսին կը բերէ Հալէպի մէջ պատահած աւերները, հայ թէ տեղացի ժողովուրդին…

HIS HOLINESS ARAM I EXPRESSES HIS CONCERN AND SUPPORT FOR THE PRESIDENT OF THE REPUBLIC OF ARTSAKH

On Sunday evening, June the 3rd, His Holiness Aram I held a phone conversation with Pago Sahakian, the President of the Republic of Artsakh, and expressed his concern in regards to the recent demonstrations occurring in the capital Stepanagerd. President Sahakian briefed His Holiness about the situation and the motives behind the protests, while in…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 3 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, հեռաձայնային կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն գծով։ Պարոն նախագահը ընդհանուր գծերով Վեհափառ Հայրապետին պարզեց տիրող կացութիւնը ու անոր դրդապատճառները։ Նորին Սրբութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնելով Պրն. նախագահին եւ Արցախի ժողովուրդին՝ շեշտեց, թէ…

ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 2 եւ Կիրակի, 3 Յունիս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փաղանգին միացան երկու երիտասարդ աբեղաներ։ Արդարեւ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Ձեռանադրութիւն եւ օծում ստացան Դպրեվանքի աւարտական դասարանի սարկաւագներէն՝ Բարշ. Պետրոս Սրկ. Տէր Կարապետեան եւ Բարշ. Մկրտիչ Սրկ. Քիւրիւմեան, ձեռամբ…

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾՈՒՄ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի տեղեկատուական նախարարին՝ Մըլհէմ Ռիաշիին, Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018-ին, Tele Lumier եւ Nour Sat լիբանանեան հեռատեսիլի կայանները, հրապարակեցին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որ կը միտի ամրացնել միջին արեւելեան երկիրներու քրիստոնէական տեղեկատուութեան յարաբերութիւնները։   Սոյն մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքը: Մամլոյ ասուլիսին նաեւ ներկայ էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ասորի եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Ճորճ Սալիպա Եպիսկոպոսը։   Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ Յունիսի աւարտին երեք հոգեւոր պետերու (Հայ Եկեղեցւոյ, Ղպտի Եկեղեցւոյ եւ Ասորի Եկեղեցւոյ) միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպման օրակարգին մասին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետեւեալ այցելութիւնները տրուեցան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս.-   Ա) Փրոֆ. Սուրոմի Անզելմ, Պուտաբեսթի (Հունգարիա) կաթոլիկ համալսարանի նախագահ։ Բ) Զաւէն Խանճեան եւ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն եւ նախագահ։ Գ) Դոկտ. Մայք Պասուս՝ Միջին Արեւելքի Սուրբ Գրոց Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար։ Դ) Վերապատուելի Գրիգոր…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՀԵՐՈՍ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՇԻՐԻՄԻՆ ԱՌՋԵՒ ԵՒ ՀԱՄԵՐԳ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ձախ կողմը գտնուող «Զարեհեան Դամբարան»ին մէջ, Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երանաշնորհ հայրապետներէն՝ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանի շիրիմին առջեւ։ Երանաշնորհ Հայրապետը որպէս վարդապետ, հայ զինուորի կողքին մասնակից դարձած է…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ

  «ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՈԳԻՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵԼ ՀԵՆՔԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ, ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Օրուան պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք.…

ՀԱԼԷՊԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Աղօթքով եւ օրհնութեամբ մեկնարկուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը, Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018-ի կէսօրին, Հալէպ: Սուրիահայութեան հոգեւոր-մշակութային խորհրդանիշ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին նաեւ պատմական ու հնագիտական յատուկ արժէք կը ներկայացնէ ո՛չ միայն հայութեան ու քրիտոնէութեան, այլեւ սուրիական դարաւոր պատմութեան ու բազմաշերտ մշակոյթին: Հայ ուխտաւորներ Երուսաղէմի ճամբու ընթացքին, Հալէպի հոգետան…

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, շուրջ տարի մը առաջ, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանը մերժած էր քննարկել Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ նոյնպէս քննարկման մերժումի ենթարկուած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքը։ Անցնող ամիսներուն, յիշեալ դատական հայցը շարունակելու վճռակամութենէ մղուած, Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը խորհրդակցութիւններ ունեցած էր թէ՛ եւրոպական եւ թէ թրքական իրաւական հարցերու ծանօթ մասնագէտներու հետ եւ յանգած էր…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

16 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց վարչապետը իր ընտրութեան առիթով, ողջունեց նորակազմ կառավարութիւնը, եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետին ի սպաս Հայաստանի առաւել ծաղկման ու հզօրացման։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2018-ին, Տհուր Շուէյրի Աւետարանական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային միջ-եկեղեցական երիտասարդական հաւաքի յանձնախումբի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատասխանատուներուն ու խորհուրդի գործակիցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը, որուն նպատակն էր յառաջիկային տեղի ունենալիք Միջազգային միջ-եկեղեցական երիտասարդական հաւաքի ծրագիրին մանրամասնութիւնները փոխանցել ներկաներուն եւ լուսաբանել անոնց հարցումները։   Հանդիպումը առիթ ընծայեց նաեւ օտար հիւրերուն ծանօթանալու…

ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին անձնական ներկայացուցիչը՝ Ֆոդիս Ֆոդիուն։   Արդարեւ, Ֆոդիս Կիպրոսի համայնքներու եւ կիպրական սփիւռքի առնչուած հարցերու պատասխանատուն է։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպանուհի՝ Քրիսթինա Ռաֆթին եւ դեսպանատան քաղաքական ու հիւպատոսական հարցերու պատասխանատուները։   Առաջին հերթին Ֆոդիս Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց նախագահին անձնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նորընտիր Խորհրդարանի հայկական պլոքի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Տիար Յակոբ Բագրատունիի։ Յայտնենք, որ Տիար Բագրատունիի կողքին, հայկական պլոքի ներկայ անդամներն են Տիար Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով իրենց երեսփոխան ընտրութիւնը, իր ուրախութիւնը յայտնեց հայկական երեսփոխանական պլոքի կազմութեան, միաժամանակ ըսաւ, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱՄ 26-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ հեռաձայնային խօսակցութեամբ կը շնորհաւորէ Շուշիի ազատագրամ 26-րդ ամեակը։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց Պրն. Նախագահին, որ Շուշիի ազատագրման 26-րդ ամեակը ամբողջ հայութեան ուրախութիւն ու հպարտութիւն առթող պատմական դէպք է։ Անհրաժեշտ է սակայն, որ Արցախը միշտ մնայ կիզակէտը ամբողջ հայութեան, որովհետեւ Արցախի…

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 8 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ նոր նշանակուած դեսպանուհիին՝ Մոնիքա Շմուդզ Քիրկոզին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական կցորդին՝ Հ. Թույարտին եւ զուիցերիական ու լիբանանեան գործարարներու միութեան վարչութեան անդամներէն՝ Պերճ Արապեանին։   Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան, Հայաստանի ու Զուիցերիոյ յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը դիմագրաւող…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՏԻԿՆԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 7 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, գլխաւորութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ` Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանին, ընդունեց Դպրեվանքի նոր նշանակուած Տիկնաց Խորհուրդը։   Հայր Սուրբը առաջին հերթին զեկուցեց Վեհափառ Հօր Խորհուրդին կատարած աշխատանքներուն մասին՝ անոր կազմութեան օրէն մինչեւ օրս։ Խորհուրդին առաքելութիւնն է օգտակար հանդիսանալ Դպրեվանքի առաւել բարեզարդման՝ զանազան բնագաւառներու մէջ։   Նորին Սրբութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Մեծայարգ Տիար Նիկոլ Փաշինեան Նորընտիր Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Սիրելի՛ Պրն. Փաշինեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան։   Արդարեւ, դուք այս յոյժ պատասխանատու պաշտօնը կը ստանձնէք Հայաստանի պատմութեան ներկայ ճշդորոշիչ հանգրուանին։ Մենք մօտէն հետեւեցանք Ձեր առաջնորդութեամբ տեղի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 300-ԱՄԵԱԿԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, 3 Մայիս 2018-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան մեկնեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարու Վանք, իբրեւ ներկայացուցիչը Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Սրբազանը Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ մասնակցեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան սոյն կղզիին վրայ հաստատման 300-ամեակին նուիրուած «Մխիթար եւ Մխիթարեաններ, քրիստոնէութեան լուսաւորութեան դպրանոց մը» խորագրով գիտաժողովին,…

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին, Ամմանի մէջ 2 Մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններու ներկայացուցիչներու միջեւ։ Նման հանդիպում մը դարձեալ տեղի ունեցած էր ամիսներ առաջ։ Յիշեալ հանդիպումին նպատակն էր՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն յառաջացնել քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներու միջեւ եւ այս ծիրէն ներս ի՞նչ…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին, միջ-եկեղեցական երիտասարդական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումին կը մասնակցէին զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատասխանատուները։   Հանդիպումին նպատակն էր կազմակերպել 2019 թուականին տեղի ունենալիք երկու երիտասարդական համագումարները թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ թէ Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։ Յայտնենք,…

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԸ ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵԶԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 4 Մայիս 2018-ին, ողջունեց «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը՝ յիշեցնելով անոնց ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ «Թռչնոց Բոյն»ի կատարած որբահաւաքի եւ ցեղասպանութենէն վերապրած մեր որբերու դաստիարակութեան հսկայ գործը, այլ նաեւ շարունակուող մարդասիրական առաքելութիւնը։ «Թռչնոց Բոյն»ը տունն է մեր ազգի բոլոր որբացած զաւակներուն եւ զանազան պատճառներով ընտանեզուրկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՏԻԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Շուրջ ժամ մը առաջ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդին՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց բռնարարքներէ հեռու մնացած եւ Հայաստանէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու ձգտող ժողովրդային շարժումը, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Տիար Փաշինեանին, որ կը փորձէ սահմանադրական ճամբով ու համախոհական ոգիով երկիրը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔՈՎ ՈՒ ՀԱՄԱԽՈՀԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ՃԳՆԱԺԱՄԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՂ ՃԻԳԵՐԸ

Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն այցելող հիւրերուն անդրադառնալով Հայաստանէն ներս ստեղծուած ներկայ կացութեան, կարեւորութեամբ շեշտեց թէ «կ՚ողջունեմ սահմանադրական գործընթացքներով ու համախոհական ոգիով Հայաստանը ներկայ քաղաքական ճգնաժամէն դուրս բերելու ձգտող բոլոր կողմերուն իմաստութիւնն ու յանձնառութիւնը»։ Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ա՛յս է Հայաստանը դէպի հզօրացում, ու մեր ժողովուրդը, Հայաստանի թէ…

«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻԱՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՌՈՅՑ ՉԷ՛ ԵՂԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԻՐ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՏԵՂԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՒ ՈՒՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերը Ազգային Միացեալ Վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլին Խաչատուրեան» սրահին մէջ հանդէս եկան «Ազգային Երգերու Համերգ»ով, որ ձօնուած էր Վեհափառ Հայրապետին քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակին։ Խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին, զոյգ երգչախումբերը, շուրջ…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ՝ Թաներ Աքչամի, ընկերակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութեանց դասախօս՝ Յովհաննէս Կէօքճեանի։ Դոկտ. Թաներ Աքչամ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ցեղասպանութեան մասին հրատարակած իր նոր գիրքը եւ պարզեց յառաջիկայի իր ծրագիրները նոյն մարզէն ներս։ Յայտնենք, որ Դոկտ. Թաներ Աքչամ մօտէն ծանօթ է Նորին Սրբութեան։…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՕ ԷՇԿԵԱՆ 100.000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ

Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս 1996 թուականին հաստատուած «Կիլիկիա» թանգարանը իր բովանդակութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւէ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս։ Հնագիտական ու մշակութային կարեւորութիւն ներկայացնող իրերու կարգին, հոն ցուցադրուած են կիլիկեան շրջանի մշակութային ու կրօնական բնոյթ ունեցող իրեր։ Իր հաստատումէն ետք թանգարանը ստացած է թանկարժէք նոր իրեր։ Հոն կ՚այցելեն հայ թէ օտար հիւրեր։…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի այցելեց Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան յանձնաժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հոգեւորականներ եւ համալսարանի դասախօսներ։   Այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան առնչուած խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Լիբանանի մէջ։…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ 200.000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ

Քուէյթի ազգայիններէն՝ Անուշաւան Նազարեան 200.000 ամերիկեան տոլար նուիրեց Դպրեվանքէն ներս մատենադարանի հաստատման։ Մատենադարանը պիտի կոչուի իր զաւակներուն՝ Նունէ եւ Նինարէ Նազարեաններու անունով։   Նշենք, որ Անուշաւան Նազարեան նաեւ իր կարեւոր ներդրումը բերած է Քուէյթի եկեղեցւոյ ու ազգային առաջնորդարանի շինութեան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանին։

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. ՀՈԳԵՄԱՏԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնդարամի 23-րդ հրատարակութիւնը՝ «Հոգեմատեան. բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Հայ եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր» խորագրեալ։ Գործին հեղինակն է Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, իսկ խմբագիրը՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։   Հատորին առաջին մասին մէջ կը գտնենք 25 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը բացայայտեն Սրբազան Հօր մտածումներուն մարգարիտները։…

«ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԲԱԺԱՆ ՄԱՍԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընդմէջէն, զոր մատոյց Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ որուն երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։ Ոգեկոչման ներկայ էին Մայրավանք ժամանած հայ թէ օտար ուխտաւորներ,  պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, հայկական երեք կուսակցութիւնները, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ միաբանական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով պարզեց Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները։ Ան շեշտեց, որ մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակին մէջ մնալ ի տես հայրենիքէն ներս պարզուող ներկայ բողոքի ու ընդվզումի արտայայտութիւններուն։ Հայրենիքը ժողովուրդն է.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

20 Ապրիլ 2018-ի գիշերը, Հայաստան կատարած իր կարճատեւ այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեռաձայնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեան։ Վեհափառ Հայրապետին ու Արցախի նախագահին միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Հայրապետին Հայաստան կատարած այցելութեան ու յատկապէս Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՑՈՒՄԸ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՆ, ՈՐՈՆՑ ՇՈՒՐՋ ՊԷՏՔ Է ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 20 Ապրիլ 2018-ին, շուրջ երեք ժամուան այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Ապա, երկու Վեհափառ Հայրապետները յաջորդաբար այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանին եւ վարչապետին՝ Տիար Սերժ Սարգսեանին։   Վեհափառ Հայրապետները թէ՛ նախագահին եւ թէ վարչապետին հետ աւելի քան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐՆՆԵՐԸ Կ՚ՈՂՈՂՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՒ ՕՏԱՐ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՎ

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները՝ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը իրենց դռները լայն բացած էին աւելի քան 1000 այցելուներու դիմաց, որոնք թանգարանները կ՚այցելէին Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկի շրջագիծին մէջ։ Արդարեւ, այս առաջին տարին չէր, որ Կաթողիկոսարանի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ՉՈՐՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթ 14 եւ Կիրակի 15 Ապրիլ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան (Առաջնորդ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին), Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան (Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին), Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմին) եւ Գերպ. Տ.…

ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

12-13 Ապրիլ 2018-ին, յաջորդաբար Կրօնական, Քաղաքական ու Տնտեսական ժողովներու հանդիպումներ տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Կրօնական Ժողովը իր լիակատար նիստին ընտրեց դիւանը, որուն մաս կը կազմէր Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան (ատենապետ), Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան (ատենապետ), Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան (ատենադպիր) եւ Հոգշ. Տ. Պօղոս…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 13 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանը եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն շուրջ։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը։

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնը ունեցող ասորի ուղղափառ պատրիարքութեան, ղպտի ուղղափառ պատրիարքութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ 1995 թուականին հաստատուած գործակցութեան կառոյցը, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր թէ՛ հոգեւոր պետերու եւ թէ անոնց ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ Անթիլիասի, Դամասկոսի եւ Գահիրէի մէջ։   Այս ծիրէն ներս վերոյիշեալ երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, մետլոպոլիտ Անպա…

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ     1985 թուականին սկիզբ առած Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը 1993-ին փաստօրէն կանգ առած էր զանազան պատճառներու բերումով։   Յանձնաժողովի համա-ատենապետներու՝ Պիշոյ եւ Էմմանուէլ մետրոպոլիտներու առաջարկով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 12 Ապրիլ 2018-ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպումին ներկայ…

«ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐՈԱԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ -ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած ու գլխաւորած «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան» հիմնադրամը այս տարի եւս մշակութային ու կրթական ծրագիրներու յատկեցումներ կը կատարէ։   Ֆրանսերէն գիրքի մը հրատարակութեան առընթեր, հիմնադրամը ֆրանսական թեքում ունեցող հետեւեալ դպրոցներուն որոշած է յատկացումներ կատարել.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԶՈՅԳ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ՝ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ, ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները կը մասնակցին «Թանգարաններու գիշեր» (Museums Night կամ Nuit des Musées) համաշխարհային ձեռնարկին, որ Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 14 Ապրիլ 2018-ին երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ։   Համաշխարհային այս ձեռնարկը Լիբանանի մէջ 5-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ Այս տարի Լիբանանի մէջ 13 թանգարաններ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անձերէն.- Քրիստոֆըր Հիլ եպիսկոպոս՝ նախագահ խորհուրդի, մեթրոպոլիտ Էմմանուէլ ու Քարին Պըրս Թրէնտ եպիսկոպոս՝ փոխ-նախագահներ եւ Դոկտ. Հայքի Հիւթընըն՝ ընդհանուր քարտուղար։   Այցելութեան նպատակն էր իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող խնդիրներուն շուրջ։ Հայրապետը…