ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն ընթացքին յիշատակուեցաւ Տասը Կոյսերու առակը, որ ծանօթ է Տասն Կուսանաց անուանումով։

 

Աւանդութեան համաձայն, արարողութեան ընթացքին տասը կոյսերը կազմեցին Մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոցէն տասը աշակերտուհիներ։ Արարողութեան աւարտին, անոնք բարձրացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մօտ՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը։ Աշակերտները առաջնորդուեցան փոխ լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանի կողմէ, ընկերակցութեամբ Մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ժանին Դանիէլեանի եւ ծնողներուն։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես հայ եկեղեցւոյ սրբազան Աւանդութիւնները նախանձախնդրութեամբ կենդանի պահող Կիրակնօրեայ վարժարաններուն եւ մասնաւորապէս իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոցի կազմին ու իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց դպրոցի աշակերտներուն ու ծնողներուն։