Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Քուէյթի Ազգային Վարժարան, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ՝ Հայոց Հայրապետին բարի գալուստ մաղթող պաստառներով, երգերով ու արտասանութիւններով:

 

Սփիւռքի վերակազմակերպման նուիրուած այս տարուան ակնարկելով՝ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի աշակերտութիւնը հակիրճ կերպով ներկայացուց Սփիւռքի մէջ հայկական ազգային վարժարանի մը ամէնօրեայ աշխատանքը, մաքառումը, երբեմն նոյնիսկ հոսանքին հակառակ ընթանալու վճռակամութիւնը:

 

Նորին Ս. Օծութիւնը բարձր գնահատեց Ծոցի երկիրներուն մէջ գործող միակ ազգային ամէնօրեայ վարժարանին՝ Քուէյթի Ազգային Վարժարանին մէջ տարուող հսկայական աշխատանքը, խրախուսեց ուսուցիչներն ու աշակերտները, որ նոյն թափով շարունակեն իրենց ազնիւ ու նուիրական առաքելութիւնը:

 

Ապա, հայրապետը այցելեց վարժարանի Արեգակ մանկապարտէզը, ուր փոքրիկները Հայրապետական Մաղթանքի կատարումով, ազգային երգերով ու արտասանութիւններով դիմաւորեցին Հայոց Հայրապետը։ Ան իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն եւ բարձր գնահատեց տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին կողմէ կատարուող նուիրական աշխատանքը։

 

Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, ուր լսեց անոնց միտքերն ու մտահոգութիւնները եւ իր հայրական թելադրանքները փոխանցեց անոնց:

 

Թղթակցութիւն՝ Նարինէ Գոնճայեան-Արապաթլեանի