Քառասնօրեայ պահեցողութեան օղակներէն՝ Գալստեան Կիրակիին կը վերաբացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ս. Խորանի վարագոյրը՝ նշելով Հայրապետարանիս Ուխտի Օրը:
Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քերոզեց Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։
Հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ շրջապատուած Դպրեվանքի սաներով, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասով եւ սկաուտներով, Վեհարանէն ուղղուեցաւ Մայր Տաճար, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն օր մը առաջ դուրս բերուած համաքրիստոնէական եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբերու սրբազան մասունքնեուն եւ մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջին ուղեկցութեամբ։
Ս. Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ սրբազան հայրը քարոզը սկսաւ սուրբին ձօնուած շարականէն քաղուած հետեւեալ տողով. «ո՜վ բարի հովուապետ, դո՛ւն, որ բարի Աստուծոյ յարութեան պատկերն ես, քու քաղրաձայն խօսքովդ ու քարոզութեամբդ մոլորեալ հօտը դարձի բերիր ու ճշմարիտ ու բարի Հովիւին հօտին մէջ հաւաքեցիր»։ Սրբազանը ըսաւ, որ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եղաւ մեր հոգեւոր ճշմարիտ ծնողքը ու Աստուածանման սիրով գորովագութ հայրը։ Ան ենթարկուեցաւ զանազան տառապանքներու, որպէսզի մեզ առաջնորդէ Քրիստոսի լոյսին։ Սրբազանը ապա նշեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուած երեք յիշատակումներէն՝ մուտն ի վիրապ, ելն ի վիրապ եւ գիւտ նշխարաց, առաջինին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նաեւ կը տօնէ իր Ուխտի Օրը, ու զուգահեռներ գծեց Լուսաւորչի չարչարանաց եւ մեր Ս. Աթոռին աքսորեալ վիճակին միջեւ՝ մինչեւ Կաթողիկոսութեանս Անթիլիաս հաստատումը։ Ան դիտել տուաւ, որ թէկուզ տարագրութենէ անցաւ մեր Ս. Աթոռը, սակայն կարողացաւ դարձեալ ոտքի կագնիլ ու բարգաւաճիլ՝ շնորհիւ իր պայծառամիտ հայրապետներուն ու ժրաջան միաբաններուն։ Այս առիթով սրբազանը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու սէրը յայտեց ազգընտիր Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Իր օրհնութիւնները անպակաս ընէ հայ ազգին վրայէն եւ կարողանայ տոկալ դժուարին պայմաններուն մէջ ամէնուրէք, ի մասնաւորի Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ Ս. Խորան եւ մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Լուսաւորիչ Հայրապետին Ս. Աջով Կաթողիկոսարանի շրջափակը շրջելով օրհնեց ամբողջ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները, որմէ անմիջապէս ետք, Ս. Խորանին վրայ, կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու։ Հայրապետը իր աղօթքին մէջ հայցեց Ս. Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը եւ խնդրեց Ամենակալէն Իր հովանիին տակ պահէ մեր ազգը, հայրենիքը ու եկեղեցին։
Յայտնենք, որ օր մը առաջ, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, առաւօտեան մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին վիրապ մտնելուն յիշատակին առիթով, իսկ երեկոյեան, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն, Անթիլիասի Ուխտի Օրուան առիթով։ Այս առիթով Հայրապետը փոխանցեց իր հայրական ու Հայրապետական պատգամը։