18 March, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻԿՈՍԻԱՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 18 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, Կիպրոսի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Շուէտի կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող Religious Track գրասենեակի պատասխանատու Սալբի Էսքիճեանի, Կիպրոսի պապական նուիրակ Ճորճ Եպիսկոպոսի եւ լատին եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պրունօ Եպիսկոպոս Վարիանոյի: Հանդիպումներուն ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրեճեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

 

Սալբի Էսքիճեան լայն շրջագիծի մէջ ներկայացուց Religious Track գրասենեակի գործունէութիւնը Կիպրոսի մէջ՝ շեշտելով գրասենեակին բերած նպաստը Կիպրոսի խաղաղ ու համերաշխ գոյակցութեան: Ան ըսաւ, թէ գրասենեակին հետապնդած նպատակներն են ամբողջ Կիպրոսի մէջ կրօնական պատասխանատուներու միջեւ երկխօսութիւն ստեղծել, երկրին մէջ տեղի ունեցող խաղաղ բանակցութիւններուն նպաստել եւ կրօնական ազատութիւն հաստատել՝ ազատ ու անվտանգ մուտք ապահովելով պաշտամունքի բոլոր վայրերը:

 

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Religious Track գրասենեակին կատարած աշխատանքները: Ան շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ Կիպրոսի հարցին լուծման գծով: Հայրապետը ընդգծեց, թէ կրօնական վայրերու ապահովութիւնն ու պաշտպանութիւնը անհրաժեշտ հրամայական է, որովհետեւ անոնց պաշտպանութեամբ կարելի է հաւատքի ազատութիւնը ամրապնդել Կիպրոսի հասարակութեան մէջ:

 

Ապա, Նորին Ս. Օծութեան այցելեց պապական նուիրակ Ճորճ Եպիսկոպոսը: Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու միջ-եկեղեցական գործակցութեան եւ մասնաւորաբար Վատիկանի հետ մշակուած սերտ յարաբերութեան: Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հեղինակած The Armenian Church գիրքէն նուիրեց պապական նուիրակին։

 

Նորին Սրբութիւնը նաեւ ընդունեց Կիպրոսի մէջ լատին եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պրունօ Եպիսկոպոս Վարիանօն: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ լատին եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր յարաբերութեան եւ միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը առաւել եւս աշխուժացնելու կարելութեան: Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հեղինակած The Armenian Church գիրքէն նուիրեց պատրիարքական փոխանորդին։

 

Կէսօրին, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին սարքուեցաւ ճաշկերոյթ՝ Religious Track գրասենեակի պատասխանատու Սալբի Էսքիճեանի, Կիպրոսի պապական նուիրակ Ճորճ Եպիսկոպոսի եւ լատին եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պրունօ Եպիսկոպոս Վարիանոյի հետ: Ճաշի ընթացքին Նորին Սրբութեան ընկերացան Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրեճեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: