Վերջին Օծում եւ Թաղում Հոգելոյս Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանի

Շաբաթ 20 Յուլիս 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակցութեամբ Միաբանութեան անդամներուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն Միաբանին, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին ու աստուածաբանին եւ Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանին։   Առաւօտուն, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ…

Արտաւազդ Արք. Թրթռեան (1930-2013)

Աւազանի անունով Աբրահամ, ծնած է 20 Սեպտեմբեր 1930-ին Սուրիոյ հիւսիւսը գտնուող Քէսապ հայաւանին մէջ։ Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ։ Ուսանողութեան առաջին իսկ տարիներէն, գրաւած է ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը՝ որպէս ուշիմ, ջանասէր եւ ուսումնատենչ աշակերտ։ Նախակարթարանը աւարտելէն ետք անցած է միջնակարգ եւ մէկ տարի հետեւած է եօթներորդ կարգի դասընթացքներուն։ Քէսապի օրուան Քահանան՝…

Մ Ա Հ Ա Զ Դ

Մ Ա Հ Ա Զ Դ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկիեան Ուխտի երիցագոյն միաբանին   Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱՐՔ. ԹՐԹՌԵԱՆԻ   վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 18 Յուլիսին։   Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ 20 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ…

Անթիլիասի ու Պիքֆայայի մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած շինարարութիւնները կը շարունակուին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Նահատակաց նուիրուած առաջին մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Իսկ Պիքֆայայի վանքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով բարձրացած յուշարձանին շուրջ սկսած են իրագործուիլ շինարարկան նոր ծրագիրներ՝ նուիրուած 100-ամեակին:   Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը ու յատկապէս Կաթողիկոսարանի շինարարական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի դեսպանը

Հինգշաբթի 11 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Աշոտ Գոչարեանին:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զանազան երեսներուն: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Լիբանանի եւ Երեւանի միջեւ Middle East Airlines-ի շաբաթը երկու անգամ թռիչքներ հաստատելու լիբանանեան Միտըլ Իսթ…

Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները կը սկսին իրենց աշխատանքին

Ինչպէս ծանօթ է, 12-15 Յունիսին տեղի ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին ընտրուեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նոր Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները հետեւեալ կազմերով.-   ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան Գերշ. Տ. Օշական Արք. Սրբազան Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը

Այս առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը:   Լիբանան ծնած եւ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած Սարգիս Եողուրթճեան աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր կարեւոր պաշտօններ կը վարէ տնտեսական բնագաւառէն ներս: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան մէջ իր ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութեան առընթեր,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Քաթարի Իշխանը

Վսեմաշուք Շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի Իշխան Քաթարի   Կը շնորհաւորենք Ձերդ Վսեմութեան ընտրութիւնը, որպէս Քաթարի Իշխան: Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն՝ երկրի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ի խնդիր Ձեր յառաջիկայ գործունէութեան մէջ. աշխատանք մը, որ ընթացք առաւ Ձեր Վսեմաշուք հօր Շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի օրով, եւ վստահաբար պիտի շարունակուի շնորհիւ Ձեր ճիգերուն…

Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Հարցերու յանձնախումբին հանդիպումը Անթիլիասի մէջ

Չորեքշաբթի 26 Յունիս 2013-ին, Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգման յանձնախումբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իր հերթական հանդիպումը սկսաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:   Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբի անդամներն են՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան, Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի ներկայացուցիչը

Այս առաւօտ, Երեքշաբթի 25 Յունիս 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի խորհրդական՝ Այաթոլլահ Ղուլան Ալի Նայիմ Ապատին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Իրանի Դեսպան՝ Տոքթ. Ղանտաֆարի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդներու։   Այաթոլլահ Ապատին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Այաթոլլահ Խամենէի բարեմաղթութիւնները եւ յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը հարստացաւ երեք նոր միաբաններով

Կիրակի 23 Յունիս 2013-ին, հոգեւոր խանադավառութեան մթնոլորտ կը տիրէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս: Արդարեւ, Դպրեվանքի ութնամեայ շրջանի աւարտական դասարանէն երեք սարկաւագներ՝ Բրշ. Սեբաստիա Սրկ. Ղարախանեան, Բրշ. Համբարձում Սրկ. Պալըքճեան, եւ Բրշ. Անդրանիկ Սրկ. Տալգըլըճեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կուսակրօն քահանայ օծուելով ու ձեռնադրուելով միացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան:   Շաբաթ 22…

Հայ կանանց հոգեւոր լսարանի տարեշրջանի աւարտ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝ «ՀԱՅ ՄՕՐ ԴԵՐԸ ՎՃՌԱԿԱՆ Է ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՈՒ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՄԷՋ»   Երեքշաբթի 18 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, իր խօսքը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր տիկիններուն ուղղելով, որոնք անցնող ամիսներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ամէն Երեքշաբթի հետեւեցան սերտողութեան՝ կրօնական ու բարոյական հարցերու առնչուած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ…

Յայտարարութիւն- Ազգ. Ընդհանուր Ժողով- Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշում

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ (12–15 Յունիս 2013)   ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵԼ ԱՌԱՆՑՔԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը Կիլիկեան բոլոր թեմերը ներկայացնող աւելի քան հարիւր պատուիրակներու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու եւ հրաւիրեալներու…

Յայտարարութիւն- Ազգ. Ընդհանուր Ժողով- Սուրիահայութեան զօրակցութիւն

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ (12–15 Յունիս 2013)   ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, իր քննարկումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու որոշումներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց Սուրիահայութեան: Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կողմէ տրուած զեկոյցներու, ինչպէս…

ՙԽաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ՚-ի մրցանակաբաշխութիւն Անթիլիասի մէջ

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝   «Դուք էք հպարտութիւն ու վստահութիւն ներշնչող այն պատասխանը, որ երիտասարդ սերունդը տէրն է իր ազգային գիտակցութեան եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան գոյապայքարին»   Իրերայաջորդ հինգ շաբաթներու վրայ երկարած սուր մրցակցութենէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ չորս տարի առաջ սկսած «Խաչիկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հրայր Սողոմոնեանը

Ուրբաթ 14 Յունիս 2013–ի երեկոյեան, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աւարտին, Տըպայէի Le Royal պանդոկին մէջ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Հրայր Սողոմոնեանը:   Յայտնենք, որ Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան շուրջ մէկ տարի առաջ ստանձնած էին Պիքֆայայի վանքի շրջաբակին մէջ կառուցուող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Իրանի նորընտիր Նախագահը

Մեծայարգ Տոքթ. Հասան Ռուհանի Ընտրեալ Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Թեհրան   Ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:   Արդարեւ, քաջածանօթ ենք Իրանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վստահաբար, պետական կառոյցներէն ներս Ձեր կուտակած երկար տարիներու հարուստ փորձառութեամբ, ինչպէս նաեւ Ձեր բարեկարգչական ծրագիրներով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առջեւ պիտի բանաք դէպի առաւել բարգաւաճում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդող նոր…

Դպրեվանքի նորահաստատ երիզաշարը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը գտնուի Պիքֆայայի բարձունքին, ուր զանազան հայագաղութներէ եկած հայ պատանիներ ու երիտասարդներ ուսում եւ հայեցի կրթութիւն կը ստանան, հոգեպէս եւ բարոյապէս կը թրծուին ու Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան նուիրուելու կը պատրաստուին:   Դպրեվանքը մեկուսացած պարզ գիշերօթիկ մը չէ, այլ ան 1930-էն ի վեր կը դարբնէ այնպիսի նուիրեալ մտաւորականներ եւ…

Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 18-րդ տարեդարձին առիթով

Կիրակի 16 Յունիս 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 17-րդ տարեդարձին բարեբաստիկ առիթով: Մայր Տաճարին մէջ յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին Միաբան Հայրեր Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին, եւ աղօթքներ կարդացին, բարւոք ծառայութիւն եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Շաբաթ 15 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Զօրավար Միշէլ Սլէյմանին եւ հանդիպում ունեցաւ իր հետ նախագահական ապարանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յունիս 12-14-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մասնակցող Թեմակալ Առաջնորդներէն ու ժողովականներէն 30 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։   Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց…

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներու աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց՝ ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեղինակութիւնը ծառայութեան մէջ կը կայանայ՚

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը որ սկսած էր Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2013-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, երրորդ եւ վերջին օրը ըլլալով 14 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, շարունակեց իր աշխատանքները:   Առաջին նիստը յատկացուած էր երիտասարդութեան։ Ներկայացուած երկու զեկոյցներէն ետք, ժողովականները հարցումներ հարցուցին ու ստացան պատասխաններ։ Լայնօրէն անդրադարձ եղաւ, թէ ներկայիս ինչպէս կարելի է երիտասարդութիւնը մասնակից…

ՙԱնթիլիասի հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջն է՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի գումարման ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 13 Յունիս 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը, Պիքֆայայի Դպրեվանքի շրջաբակին մէջ ելոյթ ունեցաւ, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի եւ դաշնակահար՝ Օրդ. Տաթեւիկ Արթինեանի ընկերակցութեամբ: Համերգը նուիրուած էր Հայ Մօր, մեկնելով Նորին Սրբութեան 2013 տարին Հայ մօր նուիրած ըլլալու իրողութենէն։ Միաժամանակ նաեւ Դպրեվանքի 2012-2013…

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները

Երկրորդ օրը ըլլալով, 13 Յունիս 2013-ին առաւօտուն Տէրունական Աղօթքով ու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական ժողովի տեղեկագիրին վրայ:   Իրերայաջորդ նիստերով նաեւ քննարկումը տեղի ունեցաւ տպագրուած լայնածաւալ տեղեկագիրին, որ կÿընդգրկէր Քաղաքական Ժողովին իրագործած ծրագիրները, սկսելով ազգային, տեղական մակարդակէն, մինչեւ համասփիւռքեան, համահայկական ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւորներ:   Մեր Սուրբ Աթոռին ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած էք, որպէսզի հաւաքաբար քննարկումի ու արժեւորումի ենթարկէք Հայրապետական մեր Սուրբ Աթոռին կատարած առաքելութիւնը՝ անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին: Արդարեւ, ինչ որ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մնալ Հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու աննկուն առաքեալը, Համահայկական մտածողութեան առաջընթաց ջահակիրը, Ազգային միասնականութեան ջերմ ջատագովը. Իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ   Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ ու ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Հարցազրոյց ՀԱՍԿ-ի խմբագրութեան հետ 21 Մայիս 2013-ին

Հարցում. Վեհափառ Տէր, վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս յաճախ կը շեշտէք իրաւական երեսին կարեւորութիւնը. ինչո՞ւ:   Պատասխան.– Հայ ժողովուրդի մարդկային թէ ազգային բռնաբարուած իրաւունքներու հարցը ըստ էութեան իրաւական հարց է: Ցեղասպանութիւնը ոճիր է միջազգային օրէնքի տուեալներուն համաձայն եւ արդարութեան հատուցումը իրաւական հարց է: Հետեւաբար, ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման…

«Դպրեվանքի մատենաշար»ի հրատարակութեան առթիւ

Անեղծելի փաստ է որ Հայ ժողովուրդի վաղընջական պատմութեան ընթացքին վանքերն ու վանական համալիրները եղած են գիտութեան, կրթութեան, լուսաւորութեան կեդրոններ եւ համալսարաններ, ուր լոյս՝ ուսում ստացած են ընտրեալներու փաղանգ մը, դառնալով Հայ իրականութեան կրօնական եւ ազգային ռահվիրանները:   Բաւ է առ մի նուագ աչք նետել պատմութեան եւ համոզուիլ: Իսկ այս օրերուն, երբ համբակ միջակութիւնը կը տիրէ…

Միջազգային Հայ Արաբ Իրաւական Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրարկութիւն մը այցելեց Անթիլիաս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջազգային Հայ Արաբ Իրաւական Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրարկութիւն մը, առաջնորդութեամբ Եգիպտոսի Փաստաբաններու Սենտիքայի Նախագահ եւ Արաբ Փաստաբաններու Միութեան Ընդհանուր Քարտուղար Սամէհ Աշուրի, Յորդանանի Միութեան փոխ Նախագահ Սամիհ Խըրէյսի, ինչպէս նաեւ Մորոքէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն իրաւաբաններ, որոնք մաս կը կազմէն յիշիալ Խորհուրդին։ Հանդիպումին ներկայ էր Երեսփոխան Յակոբ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աշխոյժ կերպով կը շարունակէ իր միջ-եկեղեցական գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 10 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար՝ Դոկտ. Մ. Ճալխին: Ընդհ. Քարտուղարը առաջին հերթին զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին շուրջ շաբաթ մը առաջ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու վկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» միջազգային համագումարին մասին: Սոյն համագումարին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Ազգային Ընդհանուր Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Չորեքշաբթի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Ազգային Ընդհանուր Ժողովին: Չորսէն հինգ տարին անգամ մը գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովին պիտի մասնակցին թեմակալ առաջնորդները, աւելի քան 100 պատուիրակներ թեմերէ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:   Ազգային Ընդհանուր Ժողովը պիտի տեւէ երեք օրեր: Ան պիտի սկսի Վեհափառ Հայրապետի պատգամով, ապա պիտի ներկայացուին ու քննարկուին Ազգային Կեդրոնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Ապու Տապիի Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան

Անցեալ տարի Վեհափառ Հայրապետը Ապու Տապիի մէջ հիմնարկէքը կատարեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ: Շինարարական յանձնախումբը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի, իրեն որպէս նեցուկ ունենալով Ապու Տապիի, Տուպայի ու Շարժայի մեր ժողովուրդի զաւակները: Շինարարական յանձնախումբին մաս կը կազմեն Հրայր Սողոմոնեան, Վարուժան Ներկիզեան, Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Արա Խանոյեան: իսկ եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Սուրէն Գոչաքեան:   Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ ճարտարապետը…

Ռումանիոյ Տնտեսութեան Նախարար Վ. Ոսկանեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Երկուշաբթի 3 Յունիս 2013-ի կէսօրէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շրջապատուած Լիբանանահայ պետական նախարարներով ու երեսփոխաններով, ընդունեց այցելութիւնը Ռումանիոյ Տնտեսութեան ու Առեւտուրի Նախարար Վարուժան Ոսկանեանին: Յայտնենք, որ Նախարար Ոսկանեան շուրջ հինգ տարիներ առաջ դարձեալ այցելած էր Անթիլիաս եւ այդ առիթով որպէս գնահատանք իր մտաւորական ու պետական գործունէութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Երուսաղէմի Հայոց Նորընտիր Պատրիարքի գահակալութեան

Երուսաղէմի հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի Յունիս 4-ին: Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, գահակալութեան հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուին Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի հայոց եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Առաջնորդ Թեհրանի հայոց: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի ու…

Դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն Անթիլիասի մէջ

Կիրակի 2 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ա., Բ. եւ Գ. Ժառանգաւորացի սաները դպրութեան աստիճան ստացան, իսկ Ա. Ընծայարանի սաները Կիսասարկաւագութեան կարգ ստացան:   Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Աբղ. Աշըգեան: Իսկ նախքան «Հայր Մեր», Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանը Ձեռնադրութեան կարգը կատարեց, եւ իր հայրական…

Գարակէօզեան հաստատութեան ընդհ. Տնօրէնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ 1 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան ընդհ. Տնօրէնը՝ Դոկտ. Ուոլթըր Պանտազեանը, ընկերակցութեամբ նոյն հաստատութեան Լիբանանի Տնօրէնին՝ Սերոբ Օհանեանին: Յայտնենք, որ Գարակէօզեան հաստատութեան գործունէութեան ծիրէն ներս կը գործեն երեք կեդրոններ՝ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Դոկտ. Պանտազեան, որուն գրասենեակը կը գտնուի Նիու Եորքի մէջ,  ընդհանուր պատասխանատուն է յիշեալ կառոյցնեու աշխատանքներուն:  …

Պիքֆայայի վանքի Նահատակաց ու Վերածննդեան Յուշարձանի շրջապատի շինութիւնները կը շարունակուին

Ինչպէս նախապէս տեեղակ պահած էինք մեր ժողովուրդի զաւակները, Պիքֆայայի վանքէն ներս երկու կարեւոր շինարարական ծրագիրներ ընթացքի մէջ են՝ առաջին, նահատակաց ու վերածննդեան Յուշարձանի շրջապատի ընդլայնումն է, որ կը ներառէ նահատակաց խորանի շինութիւն, եւ ցեղասպանութեան ու վերածննդեան առնչուած այլ ծրագիրներ: Երկրորդ շինութիւնը միաբանական նոր շէնքն է, որ շուտով պիտի հասնի իր աւարտին:

Ս. Մարիամ Աստուածածնի պատկերը կը քանդակուի մարմարի վրայ, Պիքֆայայի վանքին համար

Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ քանդակագործ Վարդան Աւէսեան Ս. Մարիամ Աստուածածնի պատկերը կը քանդակէ մարմարի վրայ: Քանդակին մեծութիւնը պիտի ըլլայ 1.5 մ. լայնք եւ 2 մ. երկայնք: Քանդակը պիտի զետեղուի Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող նախատակաց խորանին վրայ:   Վարդան Աւէսեան ծնած է Երեւան, եւ 19875–էն ի վեր հաստատուած է Պէյրութ.: Ան իր աստուածատուր շնորհքով…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ժողովներուն

Այսօր, Հինգշաբթի 30 Մայիսին, Հայաստանի մէջ Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ուենանայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան նիստը ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–ամեակի Յանձնաժողովի հանդիպումը:     Յանուն Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ երկու հանդիպումներուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան:

Անթիլիասի Մայրավանքէն եկեղեցական երաժշտութեան նոր խտասալիկ մը լոյս տեսաւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի աշխատանքները տարբեր մարզեր կը ներգրաւեն: Այդ մարզերէն մէկն է, մեր եկեղեցւոյ դարաւոր գանձերն ու հոեւոր-երաժշտական հարստութիւնները հրամցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Առ այդ, երէկ 29 Մայիս 2013-ի երեկոյեան Բաժանմունքին Վարիչ Տնօրէն եւ Կաթողիկոսարանի ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ Երգչախումբի ղեկավար՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ Երգչախումբի մենակատար՝ Շողիկ Թորոսեան եւ Երգեհոն՝ Յասմիկ…

Հայաստանի դեսպանը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Չորեքշաբթի 29 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւն Լիբաննի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Աշոտ Գոչարեանին:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերուն, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի այժմու կացութեան:

Դպրեվանեցիներու այցը բնութեան հրաշալիքին

Դպրեվանքի Տեսչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կաթողիկոսարանի Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի 28 Մայիս 2013-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը, Տիկնանց Միութեան եւ Դպրեվանքի պաշտօնեաներուն հետ, պտոյտ կատարեցին:    Լիբանանի բնութեան հռչակաւոր հրաշալիքը՝ Ճըյիթայի քարանձաւը եղաւ դպրեվանեցիներուն առաջին այցելութեան վայրը, ուր անոնք տեսերիզով մը ծանօթացան քարայրին կապուած պատմական իրադարձութիւններուն եւ ապա շրջելով վայելեցին բնութեան հրաշքը: Հոնկէ…

Մայիս 28-ի տօնակատարութիւն Անթիլիասի մէջ

  ՙՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ, ԿԱՄՔԸ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ ԽՏԱՑՆՈՂ ՈԳԻ ՄԸՆ Է ՄԱՅԻՍ 28-Ը, ՈՐ Կ’ԱՆԴՐԱՆՑՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆ ՈՒ ՄԻՋՈՑԸ՚ Ըսաւ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի 26 Մայիս 2013-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ս. եւ  Անմահ Պատարագով, Հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ ապա Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ, արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման տօնը, Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու…

Միջ-եկեղեցական հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ

Երեք օրեր առաջ, շուրջ 40 հոգիներ ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած միջ–եըկեղեցական հանդիպումին: Ներկաները կը ներկայացնէին Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, գերմանիոյ, Շուէտի, Նովեկիոյ, Դանիոյ, Ինտոնիզիոյ ու Հնդաստանի այն եկեղեցիները, որոնք միջ–եկեղեցական գործակցութիւն հաստատած են Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՄԱԵԽ–էն ներս Աւետարանական ընտանիքի Նախագահը, Ընդհ.անուր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ղպտի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Մետրոպոլիտ Պիշոն

Շաբաթ 25 Մայիս 2013-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ղպտի եկեղեցւոյ միջ–եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Մետր. Պիշոն: Յարգելի հիւրը առաջին հերթին ղպտի եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Թաւատրոս Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, եւ ապա պարզեց Եգիպտոսի ներքին կացութիւնը, ու յատկապէս ղպտի եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Մետր. Պիշոյ նաեւ յայտնեց, որ յառաջիկայ Նոյեմբերին Թաւատրոս Պատրիարքը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Երուսաղէմի Լուտերական Եպիսկոպոսը

Ուրբաթ 24 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասնեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Մունիպ Եունանի: Եունան Եպիսկոպոս միաժամանակ Բողոքական համայնքին նախագահն է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս, եւ ատենապետը՝ Լուտերական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին:   Երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ ըլլալով Վեհափառ Հայրապետին, Եունան Եպիսկոպոս  երկար հանդիպում ունեցաւ Վեհափառին հետ, որու ընթացքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Քաղդեացւոց Պատրիարքը

Հինգշաբթի 23 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Քաղդեացւոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Լուիս Սագօ Պատրիարքը: Պատրիրաքին կ’ընկերակցէին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Օլավ Թվէյթ, Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ Աւագ Արք. Ասատուրեան եւ Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարքկան Փոխանորդը:   Շուրջ ժամ մը տեւող սիրալիր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքին միջեւ:…

ՙՀակառակ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, անոնք վճռած են մնալ Միջին Արեւելքի մէջ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՙՄիջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Ներկայութիւնը ու Վկայութիւնը՚ կարգխօսը կրող միջազգային համագումարին: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ: Անոր կը մասնակցին շուրջ 200 հոգի՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն:   Յիշեալ համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ, զոր կարդաց Մասիս…

Հայաստանէն գիտական եւ դիւանագիտական դէմքեր Դպրեվանքի մէջ

Երեքշաբթի 21 Մայիս 2013, յետ միջօրէի ժամը 3.30-ին, Դպրեվանք այցելեցին Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան (Փոխ-տնօրէն Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Ինսթիթիւտի) եւ Տիար Վաղինակ Յովհաննիսեան (Վարչութեան Պետ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ Հաղորդակցութեան):              Հիւրերը ընդունուեցան Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, Տեսչութեան անդամներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ:              Այս այցելութիւնը օգտաշատ առիթ եղաւ Երեւանի…

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Անթիլիասի մէջ

Կիրակի 19 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Հոգեգալուստի օրը, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Սարկաւագական կարգ ստացան՝ Խաժակ Կիս. Սրկ. Նալպանտեան, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի հինգ սաները՝ Յարութիւն Կիս. սրկ. Բանճարճեան, Սարգիս Կիս. Սրկ. Կարապետեան, Պետրոս Կիս. Սրկ. Մանճիկեան, Կարապետ Կիս. Սրկ. Նաճարեանն ու Շանթ…

Դպրեվանեցիներ այցելեցին Զօհրապ Քէշիշեանի ցուցահանդէսը

Կիրակի 19 Մայիս 2013-ին, Պէյրութի մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, դպրեվանեցիներ գեղանկարիչ Զօհրապ Քէշիշեանի ՙԵրգիչը եւ իր երգը՚ անհատական ցուցահանդէսը այցելեցին:    Զօհրապ, Դպրեվանքի նկարչութեան նախկին ուսուցիչը, մեծ ուրախութեամբ ընդունեց Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու սաները:    Դպրեվանեցիներ վայելեցին ցուցադրուած գեղանկարները եւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ ստացան Զօհրապի արուեստին մասին:    

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

Շաբաթ 18 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան անդամներն էին Պրն. Մայք Խարապեան (ատենապետ) եւ նոյն վարչութեան անդամ Պրն. Յարութիւն Երկանեան:   Աւելի քան ժամ մը տեւած խորհրդակցութիւնը Վեհափառ Հայրապետին հետ ներառեց առաւելաբար Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը…

Դպրեվանքի նկարներու եւ քանդակներու մնայուն ցուցահանդէսը կը ճոխանայ — դասախօսութիւն Ճորճ Ամպարճեանի

Փետրուար 2012-ին Դպրեվանքի Տեսչութեան Դպրեվանքէն ներս նկարներու եւ քանդակներու մնայուն ցուցահանդէս ունենալու կոչին ընդառաջեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Իտալիա, Լիբանան, Կիպրոս, Հայաստան, Յունաստան, Սուրիա եւ Ֆրանսա ապրող հայ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ եւ արուեստասէրներ:    Դպրեվանքի մնայուն ցուցահանդէսը կը շարունակուի եւ ուրախ պիտի ըլլանք արուեստի նոր գործերով առաւել ճոխացնելու մեր հաւաքածոն, որ իննը նոր գործերով համալրուած, այժմ կը…

ՙՀայ մայրը եղած է ու պէտք է մնայ սիւնը հայ ընտանիքին՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեր ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին հայ մայրը իր կեանքի վարքագիծով որպէս տիպար՝ բարոյական, կրօնական ու ազգային արժէքներու ու սրբութիւններու, ինչպէս նաեւ իր առանցքային դերակատարութեամբ եղած է սիւնը հայ ընտանիքին: Նոյնը պէտք է ըլլայ հայ մայրը այսօր: Երբ հայ ընտանիքը քայքայուի, հայ ազգն է որ կը քայքայուի: Ահա թէ ինչո՜ւ ճակատագրական է հայ մօր դերը՚, ըսաւ Արամ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Արաբական Ծոցի շրջանի միջ-եկեղեցական խորհուրդին

Երէկ, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կարեւոր հանդիպում մը: Կը մասնակցէին Ապու Տապիի, Տուպայի, Քաթարի, Շարժայի, Քուէյթի, Պահրէյնի եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ Քաթարի եւ Էմիրութեանց շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Հանդիպումին նպատակն էր միջ-եկեղեցական գործակցութեան խորհուրդ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառուցած ՙՆոր Կիլիկիա՚ գիւղի բացում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի պետութեան հետ համագործակցաբար նախաձեռնած էր ՙՆոր Կիլիկիա՚ գիւղի շինութեան Մարտակերտի շրջանին մէջ: Առաջին հանգրուանով իրագործուեցաւ գոյութիւն ունեցող միջնակարգ վարժարանի ամբողջական վերանորոգութիւնը: Ապա կատարուեցաւ գիւղի քարտիսագրութիւնը, զորս հաստատուեցաւ պետութեան կողմէ: 2012–ին կառուցուեցան տասը նոր բնակարաններ, որոնք յանձնուեցան Արցախի պետութեան կողմէ ճշդուած զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ երիտասարդ զոյգերու: Միաժամանակ, Կաթողիկոսարանի իսկ ծախսերով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռումանիոյ դեսպանը

Երեքշաբթի 14 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Ռումանիոյ դեսպան Տանիէլ Թանասային:   Սոյն հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի այժմու կացութեան, կառավարութեան կազմութեան ու ընտրական օրէնքի կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը: Յիշեալ հարցերու գծով Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին պարզեց իր տեսակէտները ու մտահոգութիւնները: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Ռումանիոյ…

ՙՀայ պատանին պէտք է կազմաւորուի մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հ.Յ.Դ.ի պատանեկան միութիւններուն պատկանող շուրջ 200 պատանիներ, առաջնորդութեամբ իրենց պատասխանատուներուն: Վեհափառը ողջունելով պատանիները շեշտեց մեր ազգի աւանդութիւնները ու արժէքները իրենց կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու ու անոնցմով շաղախելու իրենց կազմաւորումը: Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Ապա ան հարցումներ հարցուց պատանիներուն Հայաստանին, Հայ Եկեղեցւոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի վարչութիւնը

Ուրբաթ 10 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհարանի դահլիճին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը առաջնորդութեամբ յիշեալ վարչութեան Ատենապետ Մազլում Արքեպիսկոպոսին: Յայտնենք, որ յիշեալ համախմբումը շուրջ վեց տարիներ առաջ յառաջացած էր շրջանի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու օրհնութեամբ: Անոր նպատակն է համախմբել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները, ներդաշնակել անոնց ունեցած կարելիութիւնները ու մարդուժը եւ որոնել ազդու…

Դպրեվանեցիներ Այնճարի մէջ

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2013-ին, տարիներու քաղցր սովորութեան համաձայն, Քրիստոսի համբարձման տօնին առիթով, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը իր տարեկան պտոյտը ունեցաւ, Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհյ. Քէրքէզեանի ընկերակցութեամբ:    Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու սաները այցելեցին Մեթնի Այնթուրա շրջանի Ս. Աստուածամօր սրբատեղին եւ հոնկէ գացին Ռայաքի հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթեցին:    Ապա, այցելելցին Այնճարի ակն…

Հայկական ինքնութիւն’ դասախօսութիւն դպրեվանքի մէջ

Չորեքշաբթի, 8 Մայիս 2013-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, որուն նիւթն էր ՙՀայկական ինքնութիւն՚: Օրուան դասախօսն էր Դպրեվանքի նախկին սաներէնª Դրօ Կիս. Սրկ. Ծատուրեան:    Բացման խօսքով դասախօսը ներկայացուց Բարշ. Գաբրիէլ Սրկ. Եղիայեանը:     Ապա, դասախօսը Դպրեվանքին հանդէպ իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ իր նիւթը փոխանցեց: Ան անդրադարձաւ ազգ եւ եկեղեցի,…

Հաղորդագրութիւն

Մեծ Եղեռնի Զոհերու Սրբադասման Հարցի շուրջ Հայաստանեայց Առաքելական Սբ. Եկեղեցւոյ Յանձնաժողովի Հինգերորդ Ժողովի (7-8 Մայիս 2013, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին)   Սոյն թուականի Մայիս 7-ին եւ 8-ին Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցի շուրջ Հայց. Առաքելական Սբ. Եկեղեցւոյ յանձնաժողովի հինգերորդ ժողովը: Ժողովի ներկայ էին.   1. Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք.…

Համշէնահայութեան մասին դասախօսութիւն Դպրեվանքին մէջ

Շաբաթ 5 Մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազ Ալվերցեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք եւ ՙԱնոնք ալ հայ են՚ թեմային շուրջ, խօսեցաւ համշէնահայութեան մասին:              Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Թէփիրճեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսը:                                     Յայտագիրի առաջին բաժինով, դպրեվանեցիներ տեսաերիզով ծանօթացան համշէնահայութեան աւանդութիւններուն եւ բարքերուն: Տեսաերիզը ընդհանուր կերպով…

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նոր ընդհ. Քարտուղարը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ 3 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նոր ընդհ. Քարտուղար՝ Դոկտ. Միշէլ Ճալըխին: Յայտնենք, որ շուրջ մէկ ամիս առաջ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովի ընթացքին, Դոկտ. Ճալըխ ընտրուած էր ընդհանուր քարտուղար, յաջորդելով Դոկտ. Փօլ Ռուհաննային: Փօլ Ռուհաննան եպիսկոպոսացման պատճառով հրաժարած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Թանէր Աքչամը

Հինգշաբթի 2 Մայիս 2013-ի գիշեր Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ եւ գիրքերու հեղինակ՝ Դոկտ. Թանէր Աքչամը: Հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադարձ կատարելու Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մարզէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն: Թանէր Աքչամ, որ նախապէս երկու առիթներով այցելած էր Անթիլիաս, ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին տարած աշխատանքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով ու յատկապէս Վեհափառին դրած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Հալէպի յոյն եւ ասորի եպիսկոպոսներու առեւանգման հարցին

Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթ մը առաջ Հալէպի յոյն ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Պուլոս Եազիժի եւ ասորի ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Եուհաննա Իպրահիմ առեւանգուեցան զինեալներու կողմէ Հալէպէն դուրս շրջանի մը մէջ: Առեւանգումէն անմիջապէս յետոյ Վեհափառ Հայրապետը նախ կապ պահեց Հալէպի մեր ազգային Առաջնորդարանին հետ եւ որոշ տեղեկութիւններ ստացաւ առեւանգման դէպքի գծով: Ապա Վեհափառ Հայրապետը առանձնաբար կապեր հաստատեց…

Թուրքիայէն կը պահանջենք վերադարձնել հայկական բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները

2015-ին հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, պիտի նշէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:   1915-իցեղասպանութեանը զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր, աքսորի ճամբուն վրայ վերապրած հայերը ապաստան գտան Արեւելեան Հայաստանի՝ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ ու աշխարհի տարբեր պետութիւններու մօտ:  …

ՙԹուրքիայէն կը պահանջենք մեր եկեղեցիներու ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 24–ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, Նահատակաց Մատրան առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հոծ բազմութեան իր պատգամը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին հաւատարիմ մնալու հրամայականին, եւ ապա ըսաւ՝ ՙ1915–ին մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափուեցաւ: Միթէ կարելի՞ է լուռ մնալ…

Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու Նախագահ՝ Տոքթ Կոթֆրիտ Լոխըր Անթիլիասի մէջ

ՙՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ    ՙԶՈՒԻՑԵՐԻԱՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՂՔԻՆ՚ ԴՈԿՏ. Կ. ԼՕԽԸՐ   Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու Նախագահին՝ Տոքթ Կոթֆրիտ Լոխըրին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան խօսք առնելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական յարաբերութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետը…

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Արմենօֆասի հանդիպումը

Ուրբաթ եւ Շաբաթ, 19–20 Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հրաւէրով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի պիտի ունենայ Արմենօֆասի հանդիպումները:   Արմենօֆասը Հիմնադրամ մըն է, որ հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներուն կողմէ հաստատուած է, օժանդակելու համար ցեղասպանութենէն վերապրող հայերու ընկերային ծառայութեան առնչուած զանազան ծրագիրներու ճամբով: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին, հիմնադրամը փոփոխութեան ենթարկուած է, ստեղծուած նոր պայմաններու լոյսին…

Ֆրանսիս Պապէն նամակ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Ֆրանսիս Պապը իր գահակալութեան պաշտօնական արարողութենէն յետոյ նամակ մը յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Յիշեալ նամակին մէջ ան իր ՙսրտազգած երախտագիտութիւն՚ը յայտնելէ յետոյ Վեհափառ Հայրապետին ՙցուցաբերած սրտակցութեան ու սիրոյն՝ որ արտայայտուեցաւ պատուիրակութեան ներկայութեամբ գահակալութեան առիթով, Վատիկանի մէջ՚, կ’ըսէ թէ՝ ՙխորապէս զգացուած եմ այս եղբայրական արտայայտութեան, որ ինծի համար հոգեկան գոհունակութեան ու քաջալերանքի աղբիւր մըն է՚:…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեամբ ՙՎանականութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ՚ միջազգային համագումար Աւստրիոյ մէջ

14-17 Ապրիլ 2013, Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքի համալսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ ՙՎանական կեանքը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՚ միջազգային համագումարը, որուն կազմակերպութեան մէջ գործակցած էին Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:   Համագումարը սկսաւ Կիրակի, 14 Ապրիլին, Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ կատարուած պենետիքթեան երեկոյեան ժամերգութեամբ:   Երկուշաբթի, 15 Ապրիլ, համագումարը դասախօսութիւններով եւ քննարկումներով…

Կաթողիկոսարանի եւ Համազգայինի հրատարակչատուներու մասնակցութիւնը Լոնտոնի գիրքերու փառատօնին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի Վահէ Սէթեան Հրատարակչատուները 15-17 Ապրիլ 2013ին մասնակցեցան Լոնտոնի միջազգային գիրքերու փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Earls Court Conference Centre-ի մէջ, բրիտանահայ համայնքի պատասխանատուներու ճիգերով։ Զոյգ հրատարակչատուները ներկայացուցին Տեարք Խաչիկ Տէտէեան եւ Յակոբ Հաւաթեան։ Նշենք թէ սոյն տաղաւարին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի կարգ մը հրատարակչատուները։   Այս տարուան փառատօնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Զագգա Ա. Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի 16 Ապրիլ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Զագգա Ա.ի ներկայացուցիչ Ժորժ Սալիպա Արքեպիսկոպոսը: Սալիպա Արքեպիսկոպոս Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ խորհրդակցեցաւ երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան առնչուած մի քանի հարցերու մասին:   Սալիպա Արքեպիսկոպոսին կ’ընկերանային Հոլլանտայի եւ Լիբանանի ասորի համայնքներէն ազգայիններ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու նաեւ…

Երջ. Զարեհ եւ Խորէն կաթողիկոսներու նուիրուած յիշատակի երեկոյ

ԵՐՋ. ԶԱՐԵՀ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 50-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԵՒ ԵՐՋ. ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ   ՚ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ԱՆԱՁՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՂԱՒ ՄՂԻՉ ՈՅԺԸ ՄԵՐ ԶՈՅԳ ՎԵՀԱՓԱՌՆԵՐՈՒՆՙ Ըսաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, յետ եղեռնեան շրջանին կայք հաստատելէ ետք Անթիլիասի մէջ, իր առաքելութեան գլխաւոր նպատակը եղած է պահպանել…

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի ժողով

Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ-Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-Քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու՝ Ղպտի Եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքի, Ասորի Եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 11 նշանակած Մնայուն Յանձնախումբի միօրեայ ժողովը:         Ժողովին մասնակցեցան Մնայուն Յանձնախումբի անդամները՝ Պիշոյ Արքեպիսկոպոս եւ Թովմաս Արքեպիսկոպոս՝ Ղպտի Եկեղեցիէն,…

Կիպրոսի նորընտիր Նախագահին նամակը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Նիքոս Անաստասիատեսի ընտրութեան առթիւ առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորական նամակ յղած էր անոր: Ի պատասխան Վեհափառ Հայրապետի գիրին, Պրն. Անաստասիատես հետեւեալ նամակով շնորհակալութիւն կը յայտնէ  Վեհափառ Հայրապետին:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիաս       Ձերդ Սուրբ Օծութիւն,   Թոյլ տուէք ինծի իմ անկեղծագոյն երախտագիտութիւնը արտայայտելու…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի ժողովին

Կազմակերպութեամբ Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումին, 8-9 Ապրիլ 2013-ին, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած ժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:     Ժողովի ընթացքին անդրադարձ եղաւ քրիստոնեաներու ներկայ իրավիճակին եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Ժողովականները կարեւորութեամբ շեշտեցին միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւններու ճամբով իրենց միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Մ.Ա.Եկեղեցիներու Գործադիր Վարչութեան ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի 8 եւ 9 Ապրիլ 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան տարեկան ժողովը։ Երեսուն հոգիներէ բաղկացած սոյն ժողովին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Յայտնենք, որ Խորհուրդին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները։   Գործադիր Վարչութիւնը յաջորդաբար քննեց վարչական, տնտեսական ու ծրագրային բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր։ Յատուկ քննութեան…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, պատուիրակութիւն մը բաղկացած Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանէ (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց թեմին) եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանէ (Առաջնորդ Սպահանի Հայոց թեմին) պիտի մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԽաչիկ Պապիկեան՚ հիմնադրամը կը շարունակէ քաջալերել լիբանանահայ շնորհալի աշակերտները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, չորրորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական եւ Կրթական Հարցերու գրասենեակը կազմակերպեց ՙԽաչիկ Պապիկեան՚ աշակերտական մրցանքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 միջնակարգ եւ 10 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններ: Այս տարի, 115 աշակերտ-աշակերտուհիներ ներկայացուցին իրենց դպրոցները` նոր խանդավառութիւն եւ ազնիւ մրցակցութեան գեղեցիկ մթնոլորտ պարգեւելով հայ լեզուի եւ…

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Յանձնախումբի միօրեայ խորհրդակցական հանդիպում

ՙՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՂԻՉ ՈՅԺ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՄԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ՚ ըսաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ Շաբաթ 6 Ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 8.30-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Յանձնախումբին կազմակերպած միօրեայ խորհրդակցական հանդիպումին:   Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարելով խորհրդակցական սոյն հանդիպումին, իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի 4 Ապրիլ 2013ի առաւօտուն, իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Global Christian Forum-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նոյն կազմակերպութեան նախկին ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Հիւպըր Վան Պիք եւ ներկայ ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Լարի Միլըր եւ Դոկտ. Կապրիէլ Հաշէմ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ:    Պատուիրակութիւնը…

ՙՔրիստոսի Յարութիւնը արդարութեան յաղթանակն է՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի 31 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք հաւաքուած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ, մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ տօնախմբելու համար մեր Տիրոջ ու Փրկիչին հրաշափառ յարութիւնը։ Պատարգաը մատոյց Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը՝ «Քրիստոսի յարութիւնը արդարութեան յաղթանակն է» բնորոշումը տալով Քրիստոսի յարութեան: Խօսելով Աստուծոյ ստեղծագործութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սուրբ Զատկուան պատգամը

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ՝ ԵՐԱՇԽԻՔ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ Նոր Կտակարանը Քրիստոսի յարութիւնը կը նկարագրէ որպէս կեանքի յաղթանակը մահուան դէմ: Քրիստոնէական հաւատքին այս հիմնական ճշմարտութիւնը խիտ ու յստակ բառերով կ’արտայայտեն հայ եկեղեցւոյ ծէսէն պոկուած հետեւեալ տողերը.–   «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Մահուամբ զմահ կոխեաց Եւ Յարութեամբն իւրով՝ Մեզ զկեանս պարգեւեաց»:   Մեկնելով յիշեալ հաստատումէն, անհրաժեշտ է հետեւեալ կէտերը շեշտել.– Առաջին,…

Քրիստոսի Թաղման Կարգին նախագահելով՝ ՙՔրիստոս գերեզման իջնելով իր հետ նաեւ գերեզմանեց մարդուն մեղքը՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Քրիստոնեայ աշխարհին համար «Աւագ Ուրբաթ»-ը երկիւղածութիւն ու յարգանք պարտադրող օր է, որպէս մեր Տիրոջ մարդկութեան հանդէպ ունեցած գերագոյն սիրոյ նշան, որուն համար յանձն առաւ Աստուածորդին գերեզման իջնել:   Արդարեւ, Ուրբաթ 29 Մարտ 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հարիւրաւոր հաւատացեալներ, իրենց նուիրաբերած ծաղիկներով զարդարեցին Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը, եւ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցին Մայրավանքի շրջաբակը: Քրիստոսի թաղման արարողութեան…

Աւագ Հինգշաբթի- ՙԼսենք Քրիստոսի սիրոյ պատգամը ու սիրենք զիրար, սէրը դարձնելով մեր կեանքին առանցքը՚, րսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի 28 Մարտ 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Առաւօտեան Ժամերգութիւն, ապա Կարգ Ապաշխարողաց եւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան ու հաղորդուեցան:   Նոյն օրը յետ միջօրէի ժամը 4-ին, Մայր Տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ղենջակ կապած, Յիսուսի…

Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Տասը Կուսանաց յիշատակումը

Աւագ Երեքշաբթի 26 Մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան, Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութեան:   Ժամերգութեան ընթացքին, համաձայն տարիներու աւանդութեան, Աւետարանի ընթերցման ժամանակ (Մատթէոս 24.1-26.2), տասը հայ աղջիկներ «Ազգային Եղիշէ Մանուկեան» վարժարանէն, եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, դասին մէջ կանգնեցան։…

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հայ մանուկները ծաղկազարդուած Անթիլիասի Մայրավանքէն

Կիրակի 24 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասը ծաղկազարդուած էր կրկին անգամ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով Անթիլիասի Մայրավանք համախմբուած էին՝ հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու տօնը՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին: Տարիներու ընթացքին հայ մանուկներու կեանքէն ներս ցնծութիւն յառաջացնող Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին առնչուած այս դէպքը բնական ընթացքով դարձած էր Մանուկներու Օր: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ի գահակալութեան

Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ին գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ երկու օրեր առաջ, Քէնթըրպըրիի (Անգլիա) մէջ: Ներկայ էին բազմաթիւ պետական թէ կրօնական անձնաւորութիւններ:    Գահակալութեան արարողութեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին ներկայ եղաւ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը: Սրբազանը, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ նորընտիր Արք.ին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին: Յաջորդ օրը, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նորընտիր Արք.ը ու անոր փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Դպրեվանքի մէջ տարեդարձի նշում

Շաբաթ 23 Մարտ 2013-ին, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, ճաշի ընթացքին, Դպրեվանքի սաներ ուրախութեամբ նշեցին Մարտ ամսուան մէջ ծնած իրենց Հսկիչին՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեանի եւ եղբայրներուն՝ Սեբաստիա Աւ. Սրկ. Ղարախանեանի, Յարութիւն Կիւլոյեանի եւ Գրիգոր Ֆենէրճեանի տարեդարձը:     Տեսչութեան եւ դպրեվանեցիներուն անունով՝ Հսկիչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան շնորհաւորեց զանոնք՝ աստուածահաճոյ կեանքի մաղթանքներով:   …

Դպրեվանեցիներ թատրոնի մտերմութեան մէջ

Շաբաթ 23 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի ՙՅակոբ Տէր Մելքոնեան՚ թատերասրահին մէջ, Դպրեվանքի սաներ ներկայ գտնուեցան Համազգայինի ՙԳասպար Իփէկեան՚ թատերախումբի ՙԳիշատիչներու Խրախճանք՚-ը թատերախաղին:     Շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւած թատերախաղի ընթացքին, սաներ ապրեցան մարդկային ընկերութիւնը յուզող անարդարութեան եւ եսասիրութեան հարցերը:  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանրապետութեան Միւֆթիին կը շեշտէ միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը

Շաբաթ 23 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացած՝ Հոգշ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Չօպուեանէ եւ Դոկտ. ժան Սալմանեանէ, այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթի Քապպանիի: Հանդիպման ընթացքին Միւֆթին պատուիրակութեան պարզեց մանրամասնութիւնները Տար էլ Ֆաթուայի առնչուած վերջին իրադարձութիւններուն ու յատկապէս երկու շէյխերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն: Պատուիրակութիւնը նախ փոխանցելով Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը դատապարտեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէնը

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգ. Գրադաանի Տնօրէն Տիար Տիգրան Զարգարեանը՝ ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարան մատենադարանի Տնօրէն Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի եւ Հայակազեան Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Բաժանմունքի Վարիչ Տիար Անդրանիկ Տաքէսեանի:   Պրն. Զարգարեան զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին Հայաստանի Ազգ. Գրադարանէն ներս կատարուած աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ նոր ծրագիրներուն մասին: Ան իր…

Դպրեվանեցիներ Ժունիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դպրեվանեցիներ Ժիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:     Ժամերգութեան աւարտին« օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն՝ Բրշ. Վիգէն Աւ. Սրկ. Քիւրքլեան, բնաբան ունենալով. ՙՀանգստեան այս աղօթքը եւ աղաչանքը ընդունէ՜ մարդասէ՜ր Աստուած, քու բարերար կամքիդ հաճութեամբ եւ մեր մեղքերուն ու բազմաթիւ յանցանքներուն թողութի՜ւն շնորհէ…

Գերմանացի Փրոֆէսորներ ու համալսարանական ուսանողներ Անթիլիասի մէջ

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին յատուկ առաքելութեամբ Լիբանան գտնուող Գերմանիոյ տարբեր համալսարաններէն խումբ մը դասախօսներ ու ուսանողներ: Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ գործակցաբար կազմակերպուած յիշեալ այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ քրիստոնեայ–իսլամ համակեցութեան եւ անկէ յառաջացող մտահգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:   Շուրջ քառասուն հոգիներէ բաղկացած խումբին մէջ կային քրիստոնեաներ ու իսլամներ, եւ նաեւ թուրքեր:…

Կոկիկեան համալսարանական կրթական հիմնադրամի տնօրէնուհին այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Կոկիկեան Համալսարանական Կրթանպաստի տնօրէնուհ Տիկին Սուհէյլա Հայէք: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել յիշեալ Հիմնադրամի գործունէութեան մասին, եւ լսել իր թելադրութիւնները:   Յայտնենք, որ յիշեալ հիմնադրամի հաստատման մէջ Վեհափառը կարեւոր դեր ունեցաւ եւ հիմադրամը հաստատող Տիար Միշէլ Կոկիկեան մնայուն կապի մէջ է Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հիմնադրամին…

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երէկ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ՝ Բիւրոյի Ատենապետ Տիար Հրանդ Մարգարեանի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած շարք մը հարցեր: