8 April, 2023

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Ուրբաթ օրուան յատուկ շարականներու, սաղմոսներու եւ աղօթքներու կատարումներու ներքոյ յիշատակեցինք մեր Փրկչին Թաղման Կարգը, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, 7 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

Արարողութեան աւարտին, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող ծաղկածածկ սեղանին առջեւ կանգնած, Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալներուն յղեց իր Հայրապետական պատգամը։

 

Պօղոս առաքեալ, թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ խօսելով Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման մասին, կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ, որպէսզի Իրմով մենք կենդանի ըլլանք. այլ խօսքով՝ Քրիստոս խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ մեզի համար, որպէսզի Իր մահով մենք կեանք ունենանք։ Առաքեալին այս պարզ բառերուն մէջ ամփոփուած է այսօրուան արարողութեան խորհուրդը, յայտնեց Հայրապետը։ Աստուծոյ Որդին մեկնելով Աստուածային սէրէն, ոչ միայն աշխարհ եկաւ մեր մէջ ըլլալու, այլ նաեւ մեզի համար Իր արիւնը թափելու. ուստի, Քրիստոսի երկնաւոր կեանքը ինքնանպատակ չէ, այլ կեդրոնացած է մէկ նպատակի շուրջ՝ մարդու փրկութեան, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ մեր եկեղեցւոյ ծէսը կարեւորութեամբ կը շեշտէ Քրիստոսի՝ Իր մահուամբ մահուան յաղթելու ճշմարտացիութիւնը։ Հետեւաբար, Քրիստոսի գերեզմանը սովորական հասկացողութեամբ գերեզման չէ։ Մենք այս գերեզմանին կը մօտենանք իբրեւ կեանքի աղբիւր։ Հայրապետը նշեց, որ մեր ժողովուրդը գեղեցիկ աւանդութիւն մը ունի, որ Քրիստոսի գերեզմանին տակէն անցնելէ կամ շուրջը դառնալէ ետք ծաղիկ մը առնելով անոր վրայէն իր հետ տուն տանիլն է։ Այս խորունկ իմաստ ու խորհուրդ բովանդակող աւանդութիւն է. հետեւաբար, քիչ ետք, երբ մեր կեանքը վերանորոգելու համար մօտենանք Քրիստոսի գերեզմանին, Իր մահով կեանք առնենք ու մեր կեանքը վերանորոգենք, ըսաւ Հայրապետը ու յորոդորեց, որ մեր առօրեայ կեանքի մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն դէմ այս գիտակցութեամբ ու հաւատքով մօտենանք։

 

Հոգեպարար արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Խաչի Քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» հոգեթով շարականի երգեցողութեամբ եւ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով։

 

Կարեւորութեամբ նշենք, որ արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ հաւատացեալ հայորդիները օրհնեց Քրիստոսի Խաչափայտին սրբազան մասունքով, որ ամէն տարի Թաղման Կարգի արարողութեան դուրս կը բերուի «Կիլիկիա» թանգարանէն։