Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐ ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023-ին, շուրջ երկու ժամ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի միջեւ:

Սինանեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց վերջին շրջանին զանազան գաղութներ իր կատարած այցելութիւնները, եւ անոնց արժեւորումը կատարելով՝ շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը առաւել սերտացնելու կարեւորութիւնը:

Հայրապետը, իր կարգին, լայնօրէն անդրադարձաւ մեր ժողովուրդը յուզող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն սկսեալ հասնելով մինչեւ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւնները, ներ-հայաստանեան իրավիճակը եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած շարք մը երեւոյթներ: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր ազգը, Հայաստանը ու Արցախը շրջապատուած ըլլալով ահաւոր տագնապներով, համազգային համախմբումը անյետաձգելի հրամայական է: Համազգային հրամայական մը, զոր կարելի է իրագործել փոխադարձ վստահութեան վերականգնումով եւ Հայաստանին ու Արցախին փրկութիւնը նկատելով գերիվեր բոլոր նկատումներէ ու խնդիրներէ, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները արտայայտող գրաւոր յուշագիր մը յանձնեց Զարեհ Սինանեանին: