ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Կազմակերպութեամբ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Իրանի երեք թեմերուն ճամբով, 1-30 Նոյեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ առցանց դասընթացքներ՝ նախաձեռնութեամբ Խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու միաւորին։   Սոյն դասընթացքներուն մասնակցեցան 38 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Ասիոյ տարբեր երկիրներէն. Թեհրանէն մասնակցեցաւ Բշ. Անի Քրիստի սարկաւագուհի Մանուէլեանը, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի կարգադրութեամբ։   Յայտնենք,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԳԱՐԼԱ ԽԻԺՈՅԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) մօտ 2007 թուականէն գործող Գարլա Խիժոյեանը:   Յայտնենք, որ Գարլա Խիժոյեանը 2002-2005 թուականներուն Կաթողիկոսարանի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութեան ատենապետը եղած է: Նոյն տարիներուն Սեն Ժոզեֆ համալսարանի եւ ճեմարանի մէջ ֆրանսերէն լեզու ու գրականութիւն դասաւանդած է եւ ապա Ե.Հ.Խ.-ի կեդրոնատեղիին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՕԳՆԵԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Քորոնա ժահրին ու տնտեսական դժուարութեան ստեղծած տխուր պայմաններուն մէջ, ողջ մարդկութիւնը կը պատրաստուի նշելու Նոր Տարին։ Յիշեալ տագնապներուն առընթեր, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ցնցումը ահաւոր է մեր ժողովուրդին ու յատկապէս Արցախի մեր ազգակիցներուն համար։ Արդ, մեկնելով մեր քրիստոնէական ու ազգային նախանձախնդրութենէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթներով հեռու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ներկայութեան, հետեւեալ հայրապետական պատգամը կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն.-   Հայ ժողովուրդը խոր տագնապի մէջ է. պարտուած ըլլալու հոգեվիճակը զինք անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնած է։ Արդարեւ, մեր զաւակներու արիւնով կերտուած ու ծաղկած Արցախին մեծ մասը կորսնցուցինք՝ հակառակ մեր հերոս բանակին ցուցաբերած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարան սրահին մէջ միաբանական հոգեմտաւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ։ Նորին Սրբութիւնը նախապէս թելադրած էր, որ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող եւ գիտական ու կրօնական շրջանակներէն ներս յաճախ արծարծուող հետեւեալ երկու հարցերու քննարկումը կատարուի՝ ա) ԿՐՕՆՔ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ եւ բ) ՀԱՒԱՏՔ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ “THE ARMENIAN CHURCH” ԳԻՐՔԻՆ ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ԸՆԾԱՅՈՒԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հեղինակած “The Armenian Church” (Հայ Եկեղեցին) գիրքին գերմաներէն թարգմանութիւնը շուտով պիտի հրատարակուի գերմանական հանրածանօթ Paulinus.Verlag հրատարակչատան կողմէ։   Յայտնենք, որ երկու տարի առաջ անգլերէն լեզուով գրուած Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ գիրքը հրատարակուած է ֆրանսերէն, ռուսերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով, իսկ յունարէնը՝ շուտով լոյս պիտի ընծայուի։

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ

Արցախի մէջ տեղի ունեցած վեցշաբաթեայ արիւնարբու պատերազմը դադրեցաւ զինադուլով մը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւնով մը, որ տարածաշրջանը կը դնէ անորոշ, անկայուն եւ կարճաժամկէտ խաղաղութեան մը մէջ։ Համաձայնութիւնը այնքան թոյլ է, որ լարուած վիճակ մը կը ստեղծէ՝ առանց կայուն խաղաղութեան յստակ հիմքի։   Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.-ը), ըլլալով կրօնական կազմակերպութիւն մը՝ մղուած հաշտեցման առաքելութեամբ, որ կը…

«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐԻՒՆ ԹԱՓՈՂՆԵՐԸ ՀԵՐՈՍՆԵՐ ԵՆ ՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց ունեցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ առաջարկած, որ 22 Նոյեմբերը յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ այդ իմաստով հայկական բոլոր եկեղեցիներէն ներս կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն։   Արդարեւ, Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ՝ ՏԻԿՆՈՋ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

  Մեծայարգ Տիար Սերժ Սարգսեան Հաայաստանի Հանրապետութեան Գ. Նախագահ Երեւան   Սիրելի՛ Պրն. Սարգսեան,   Խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի Տիկնոջ՝ Ռիտա Սարգսեանի անժամանակ մահուան գոյժը։ Այս տխուր առիթով Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Ձեր զաւակներուն ու հարազատներուն։   Արդարեւ, Մենք Տիկին Ռիտան անձամբ ճանչնալու առիթը ունեցած ենք, զանազան առիթներով Ձեզի հետ Մեր ունեցած…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Մեր ժողովուրդը ծանր օրեր կ’ապրի: Անցնող 44 օրերու ընթացքին Արցախի մէջ կորսնցուցինք հերոս զինուորներ, մեր ժողովուրդի աղօթքով ու արիւնով շաղախուած սրբավայրեր ու եկեղեցիներ. մանաւանդ կորսնցուցինք հսկայ տարածքներ: Սակայն, չկորսնցուցինք մեր ժողովուրդի հաւատքն ու վերականգնելու կամքը:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ իր Հայրապետական պատգամին մէջ ողջունեց մեր հերոս բանակին ցուցաբերած քաջ դիմադրութիւնը՝ ազերիական ու թրքական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՄԵՐԺԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ԵՒ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐ ՅԱՌԱՋԱՑՆՈՂ ՔԱՅԼԵՐԷ

Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն հայ ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց «մերժել օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ կէտերով լեցուն եւ վտանգալից հետեւանքներով յղի ներկայ փաստաթուղթը»:     Ողջունելէ ետք հերոսաբար Արցախի հողը պաշտպանած մեր…

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՄՔԸ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ԳԵՐԱԿԱՅ ՈՒ ՃՇԴՈՐՈՇԻՉ

Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին վճռադրոշմ պահեր կրցած ենք դիմագրաւել՝ ամուր հաւատքով ու կամքով եւ հեռատես մօտեցումով։ Ներկայ պահը մեր ազգի ու հայրենիքի ժամանակակից պատմութեան մէջ աւելի քան ճակատագրական է։ Մեր քաջ բանակը հերոսաբար դիմադրեց արդիական զէնքերով օժտուած ազերիական, թրքական եւ ահաբեկչական հսկայ բանակին։ Յարգա՜նք ու պատիւ մեր նահատակներուն, եւ հայրենիքին համար արիւն թափելու պատրաստ…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք: Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն իր տալիք պատգամին գլխաւոր մտածումները:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։     Արդարեւ, նախագահը Նորին Սրբութեան առաջարկեց, որ յաջորդ Կիրակին՝ 22 Նոյեմբերը, յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարուի յիշատակի արարողութիւն։     Յայտնենք, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՏ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ

1) Վեհափառ Տէր, կրնայի՞ք համառօտ տեղեկութիւն մը տալ մեզի Ղարաբաղի պատերազմական ներկայ իրավիճակին մասին։ Նախ պէտք է պատմական ճշգրտութեան դիմելով յստակեցնել, թէ Ղարաբաղի իսկական անունը Արցախ է, որ Հայաստանի կարեւորագոյն մարզերէն մէկը եղած է եւ պատմութեան ընթացքին հակառակ բոլոր տեսակի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն եւ վերիվայրումներուն, մնացած է հայաբնակ շրջան։ 1918-ին, նոր հիմնուած Ազրպէյճանի հանրապետութիւնը յայտարարեց, թէ…

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՍՏՈՒՏ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱՆ ԵՒ ԿԻԼԻԿԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

30-31 Հոկտեմբեր 2020-ին,  կազմակերպութեամբ «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիստուտ» հիմնադրամին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, տեղի ունեցաւ «Կիլիկիան Եւ Կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն» խորաեգրեալ միջազգային գիտաժողովը։   1920-1921 թուականներուն Կիլիկիայի ինքնապաշտպանական մարտերու հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած «Կիլիկիան Եւ Կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն» գիտաժողովի բացման արարողութեան օրհնութեան խօսք յղեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Արժ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՍԻ ԼԱ ՄՈՒԼԻՆՕ ՔԱՂԱՔԻ ՓՈԽ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ ընկերակցութեամբ Իսի Լա Մուլինօ (Ֆրանսա) քաղաքի փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին:   Յայտնենք, որ փոխ քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդեղէնի ու հագուստեղէնի հայթայթման ծրագիր մը իրականացուած էր: Ան Լիբանան ժամանած էր այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ պապական նուիրակ Ժոզէֆ Սփիթէրիի հետ, Արցախի Հանրապետութեան հարցին շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն պարզեց Արցախի հարցը՝ իր պատմական ու քաղաքական երեսներով, յատկապէս ծանրանալով ստեղծուած ներկայ կացութեան ու անոր վտանգալից հետեւանքներուն Կովկասէն ներս: Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Արցախը պատմական Հայաստանի նահանգներէն…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է «ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐԸ՝ ԴՈԿՏ. ՀԱՅՐ ՆԵՐՍԷՍ ՎՐԴ. ԱԿԻՆԵԱՆ (1883-1963)» ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակը կը հրատարակէ իր 101-րդ հատորը՝ «Բանասիրութեան ուղեւորը՝ Դոկտ. Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեան (1883-1963)» վերնագիրով, որուն աշխատասիրութիւնը կը պատկանի Մեսրոպ Հայունիի։   Շուրջ 400 էջնոց դիւանային, պատմաքննական եւ աղբիւրագիտական գործը կը պարունակէ 20 գլուխներ, որոնք կը մանրամասնեն Հայր Ակինեանի կենսագրականն ու վաստակին մասին պատմական իրողութիւններ։ Հեղինակը կը նշէ, որ աշխատութեան ելակէտը եղած…

ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

23 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնը սկսաւ իր 2020-2021 տարեշրջանի դասընթացքները՝ շուրջ 25 ուսանողներով:   Կեդրոնը կը շարունակէ հայագիտական իր դասաւանդութիւններուն նոր հանգրուանը, ուր ուսանողներ, հետեւելէ ետք երեք տարուան վրայ երկարող ծրագիրին, կը ստանան համապատասխան վկայագիր։ Դասընթացքին ծրագիրը կը ներառէ՝ կրօնագիտութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, մատենագրութիւն, երաժշտութիւն, մամուլ եւ տեղեկատուութիւն, հայոց պատմութիւն,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Արցախի պատերազմին առնչուած զարգացումներուն, պատասխանատուներուն հետ իր հաստատած կապերուն, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական ծիրէն ներս իր կատարած աշխատանքներուն մասին, ի պաշտպանութիւն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ զինադուլի հաստատման։ Կրօնական Ժողովը վերահաստատեց իր…

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յաջորդաբար այցելեցին Պէյրութի փաստաբաններու համադաշնակցութեան նախագահ Մեթր Մլհեմ Խալաֆ եւ Ըրնէթ Շահուանի քաղաքական համախմբումի նախկին անդամներէն Սիմոն Քարամը:   Մեթր Մլհեմ Խալաֆի այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնել փաստաբաններու, համալսարանական շրջանակներու, քաղաքացիական հասարակութեան առնչուած կառոյցներու ու շարժումներու մասնակցութեամբ մշակուած Լիբանանի քաղաքական դրութեան բարեկարգութեան ծրագիր մը: Ան լայնօրէն բացատրեց…

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Պէյրութի պետական երեսփոխանները ներկայացնող յանձնախումբին՝ բաղկացած հայ թէ այլ համայնքներու պատկանող երեսփոխաններէ: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող, նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով վնասուած ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրը:   Նորին Սրբութիւնը ողջունեց յիշեալ ծրագիրը, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ կարելի բոլոր միջոցներով եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

27 Հոկտեմբեր 2020-ին, Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր այս տարուան ժողովը առցանց գումարեց՝ մեկնելով քորոնա ժահրին ստեղծած կացութենէն։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն ժողովին մասնակցեցան Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը։   Իր ներկայացումին մէջ, հայր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

20-22 Հոկտեմբեր 2020-ին առցանց տեղի ունեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարին (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) տարեկան ժողովը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։   Հայր սուրբը ժողովականներուն ներկայացուց Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ծիրին առնչուած նախաձեռնութիւնները, մարտահրաւէրները եւ ապագայի ծրագիրները։ Ան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ եւ ի մասնաւորի…

«ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՄԻԱԿ ՄԻՋՈՑԸ ՄԻԱՋԱԶԳԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՆ Է» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած պետական երեսփոխաններէ եւ նախկին նախարարներէ։   Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր յանուն Տոքթ. Սամիր Ժահժահի եւ Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութեան զօրակցութիւնը յայտնել հայութեան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին առիթով։   Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն բացատրեց Արցախի պատմութիւնը՝ շեշտելով, թէ Արցախը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՈՉԸ Ի ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղղած համազգային զօրակոչին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 25 Հոկտեմբերին։     Ահաւասիկ այսօր 29-րդ օրն է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախին եւ Արցախի ճամբով ողջ հայ ժողովուրդին դէմ շրթայազերծուած պատերազմին։ Անցնող օրերու ընթացքին յաճախակի առիթներով Մեր հայրական խօսքը ուղղեցինք եւ Մեր զօրակցութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

  Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Համազգայինի աշխարհատարած մասնաճիւղերու գործունէութիւնը՝ կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները քորոնա ժահրի ստեղծած ներկայ դժուար պայմաններուն:     Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Արցախի դէմ շղթայազերծած Ազրպէյճանի պատերազմին, անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին գումարեց իր 48-րդ նիստը, որուն ընթացքին եռանուն ցանկէն գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ ընտրեց թեմին առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։   Այս առիթով, ընտրութեան արդիւնքին մասին Երեսփոխանական Ժողովը տեղեակ պահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ անկէ հայցեց սրբազան հօր ընտրութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ G20 ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՈՐՊԷՍ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ

Անցեալ շաբաթ չորս օրերու վրայ տարածուած միջ-կրօնական միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուելիք G20-ի օրակարգի հարցերու քննարկման յատկացուած: Յայտնենք, որ վերջին տարիներուն G20-ի հանդիպումներու առընթեր միջ-կրօնական համագումարներ տեղի կ’ունենան՝ պարզելու կրօններու ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններու հայեցակէտերը G20-ի կողմէ քննարկուելիք հարցերու շուրջ: Այս անգամ յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր չորս միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ.- Ապտալլահ Բ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Ազնուական մարդու տիպար էր Հրայր Սողոմոնեանը՝ իր համեստ նկարագրով, իր անկեղծ մօտեցումով, իր յարգալից վերաբերումով։   «Բարի Սամարացի»ի տիպար էր Հրայրը՝ հեռու լուսարձակներէ բոլորին, անխտիր բոլորի՛ն օգնելու իր ազնուական ոգիով։ Իր կեանքի բառարանին մէջ «ոչ» բառը գոյութիւն չունէր։   Ամբողջական ու անմնացորդ նուիրումով ազգին ծառայող տիպար մըն էր Հրայրը՝ իր ստանձնած պաշտօնները բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ…

«ՍՓԻՒՌՔԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ ՈՒՆԻ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՄԷՋ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակին մէջ շեշտեց, թէ «Արցախի միջազգային ճանաչման ժամը հնչած է։ Յատկապէս Սփիւռքը, իր քարոզչական ու յարաբերական լայն կարելիութիւններով կոչուած է Արցախի ճանաչման դրօշը բարձր պահել։ Արդարեւ, քաղաքներու, նահանգներու ու կազմակերպութիւններու կողմէ ճանաչման գծով առնուած որեւէ քայլ իր կարեւոր նպաստը կրնայ ունենալ միջազգային…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՂՈՒՄ ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ատենապետ եւ ազգային բարերար ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։   Քորոնավիրուսի համաճարակին պատճառաւ, հանգուցեալի ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնով.- + 961 3 51 30 61 եւ + 971 50 70 84…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

  Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:       Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու ազերիական-թրքական շարունակուող յարձակումները Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ հակառակ վերջերս կրկին հաստատուած զինադադարին, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին կեցուածքը Արցախի հարցին նկատմամբ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով յետ մահու պարգեւատրեց դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեանը:   Հանգուցեալը երկար տարիներ Լիբանանի կեդրոնական դրամատան փոխ կառավարիչ եղած է՝ հայ համայնքը ներկայացնելով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ:   Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:  

ԲՈԼՈՐՍ ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմի օրակարգով խորհրդակցութիւն, մասնակցութեամբ համասփիւռքեան գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։   Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Արցախեան պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած  իրավիճակին, հայկական սահմաններու պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն եւ անոնց առընթեր տարուող քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներուն մասին։ Պատերազմի…

ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ՝ ԱՅԼ ԸՆՏՐԱՆՔ ՉԿԱՅ

Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութեամբ եւ ահաբեկիչներու ու վարձկաններու մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը Արցախի դէմ մեզ դրաւ նոր իրականութեան մը դիմաց՝ իր զինուորական, քաղաքական, իրաւական եւ աշխարհաքաղաքական երեսներով ու հետեւանքներով: Հետեւաբար, ներկայ իրականութիւնը պէտք է Արցախը, Հայաստանը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքը մղէ մտածելու ու գործելու մէկ ուղղութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում, այլ ընտրանք չկայ:   Ազրպէյճան-Արցախ վերջին պատերազմի…

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 90-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՚ունենայ Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին՝ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցելով հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն կը հանդիսապետէ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իսկ Պատարագը կը մատուցէ Դպրեվանքի տեսուչը։   Արդարեւ, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2020-ին, Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ պատարագեց…

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրoնական ու Քաղաքական Ժողովները եւ միաբանութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Ազգ. Ընդհ. Ժողովի ատենապետ, Կաթողիկոսարանի Տնտեսական Յանձնախումբի անդամ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգ. Վարչութեան երկար տարիներու Ատենապետ, Ազգային Բարերար ՏԻԱՐ ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ մահը:

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՂՕԹՔ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած՝ ի զօրակցութիւն հայոց բանակին, որ արեան նահատակութեամբ կը պաշտպանէ մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու Աստուածատուր իրաւունքը: Նորին Սրբութիւնը խնդրեց Աստուծմէ, որ հեռու պահէ Հայաստանը, Արցախը ու ողջ հայութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՇԽԱՆ ՇԷՅԽ ՍՈՒՊԱՀ ԱՀՄԱՏ ՃԱՊԵՐ ՍՈՒՊԱՀԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Քուէյթի երկար տարիներու ղեկավար Շէյխ Սուպահ Ահմատ Ճապեր Սուպահի մահուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանգուցեալի ընտանիքին եւ Քուէյթի վարչապետին ուղղած ցաւակցական նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս, իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց:   Իր նամակին մէջ Հայրապետը յիշեց Շէյխ Սուպահ Ահմատ Ճապեր Սուպահին ունեցած կարեւոր դերը որպէս արտաքին գործոց նախարար Լիբանանի քաղաքացիական…

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ Է

Վերջին երկու օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած զինուորական յարձակումը ողջ հայութիւնը կը հրաւիրէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայոց բանակին, Արցախին ու Հայաստանին։ Խոր գոհունակութեամբ կ՚ուզենք հաստատել, թէ հայոց բանակը ամուր վճռակամութեամբ կը շարունակէ հակադարձել Ազրպէյճանի յարձակումներուն։   Այս վճռադրոշմ պահուն, երբ մեր հայրենիքին անբաժան մասը կազմող Արցախը վտանգի է ենթարկուած, մեր ժողովուրդը Հայաստանի…

«ՄԵՆՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՔԻՆ ԵՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քիչ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին։   Այս ժամերուն, Ազրպէյճանի բանակը սկսած է յարձակումներ գործել Արցախի սահմանի երկայնքին։ Հայոց բանակը ուժեղ կերպով կը դիմադրէ հակառակորդի յարձակումներուն։   Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ զանազան կերպերով իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեն…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններուն առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը անցնող օրերու ընթացքին նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ թեմերէն ներս ծառայող եւ համալսարաններուն մէջ ուսանող միաբան հայրերու հետ: Նորին Սրբութիւնը վանաբնակ միաբաններուն հետ յաճախակի առիթներով առանձնաբար եւ հաւաքաբար հանդիպումներ կ’ունենայ, կը լսէ զիրենք, իրենց յանձնուած աշխատանքներուն մասին զեկոյցներ կը ստանայ եւ իր հայրական օրհնութիւնը եւ թելադրութիւնը կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Տարուան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի առիթներով կ՚այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եւ մօտէն կը հետաքրքուի թանգարանին աշխատանքներով։ 23 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Հայրապետը դարձեալ այցելեց, շրջեցաւ թանգարանի բաժանմունքները եւ գոհունակութեամբ իմացաւ, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, թանգարանը կը շարունակէ հայ թէ օտար այցելուներ ունենալ։   Նորին Սրբութիւնը շեշտեց խնամակալութեան գործունէութեան վերաշխուժացման հրամայականը։ Այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՊՏԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ ղպտի համայնքի առաջնորդ Հայր Դիմոնը։   Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ հայր սուրբը ղպտի եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Թաուատրոս պապին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին։ Այս առիթով, ան նաեւ բացատրութիւններ ու տեղեկութիւններ տուաւ Նորին Սրբութեան Լիբանանի մէջ ղպտի համայնքին մասին: Հայրապետը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 29-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020-ին, իր նամակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձը: Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ վերանորոգ յանձնառութեամբ մասնակից դառնալ Հայաստանի պետականութիւնը ամրացնող եւ զայն դէպի առաւել բարգաւաճում ու ծաղկում առաջնորդող…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 29-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսապետեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի յուշակոթողի առջեւ կատարուած Հանրապետական Մաղթանքին։   Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ դեսպանատան աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ Ազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020-ին, Պքէրքէի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութեան ժողովը: Յայտնենք, որ «քորոնա» ժահրին պատճառով, փոխան Խորհուրդի համաժողովին՝ տեղի ունեցաւ Գործադիր Վարչութեան ժողովը: Վարչութիւնը քննարկելէ ու արժեւորելէ ետք Մ.Ա.Ե.Խ.ին անցնող շրջանի աշխատանքը, յառաջիկայ չորս տարիներուն համար Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար ընտրեց դոկտ. Միշէլ Ապսը:   Դոկտ. Միշէլ Ապսը յոյն ուղղափառ…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԵՐԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ԵՆ ՈՒ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ՆԵՐԿԱՅ ԴԺՈՒԱՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս հաստատումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւ, թեմակալ առաջնորդին ու Ազգային Վարչութեան ատենապետին հետ միատեղ: Խորհրդակցութեան ընթացքին նախ թեմի պատասխանատուները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին հետ ունեցած հանդիպման աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կաթողիկոսարանի CiliciaTV-ին ճամբով, իր Հայրական խօսքն ու թելադրութիւնը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը.-     Ես կ՚ուզեմ այս առիթով կարեւորութեամբ հինգ կէտեր շեշտել.-   1) Կ՚ուզեմ իմ բարձր գնահատանքս յայտնել Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին: Մարմինի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին հետ, Ազգային Միացեալ Վարժարանին մէջ։   Նախքան հանդիպումը, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց վնասուած տուներու արձանագրութեան եւ օժանդակութեան լծուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներու աշխատանքի վայրը, լսեց անոնց բացատրութիւնները եւ զրոյց ունեցաւ օժանդակութեան համար ներկայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ծրագրուած ու հետեւողական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յառաջիկային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան այցելութեան առնչուած հարցեր:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Երեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի։ Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Շահան Արք. Սարգիսեանն ու Մակար Եպս. Աշգարեանը։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման առանցքը դարձաւ Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքները եւ միջ-համայնքային գործակցութեան կենսական կարեւորութիւնը։

ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինը եւ խաչի տօներուն երկրորդը՝ Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը այս տարի եւս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Արդարեւ, Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի մատենադարանապետ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս հաստատ վճռակամութեամբ, երէկ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն վերականգնումի հրամայականը՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին, լսելէ յետոյ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի զեկոյցները յիշեալ համայնքներու վերականգնումի աշխատանքներու մասին:   Լիբանանահայոց առաջնորդ սրբազանը, որպէս նախագահը Լիբանանահայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, մանրամասն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂՈԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀԱՅԱԱՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։     Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ամիս մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին եւ անոր հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուած օժանդակութեանց ընդհանրապէս Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին։  …

«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս առաւօտ, 7 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Դպրեվանք եւ իր հայրական խօսքը ուղղեց Դպրեվանքի աշակերտութեան:   Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը վերաշեշտեց Դպրեվանքի առաքելութիւնը, որ ուսումէն ու գիտութենէն անդին Աստուծոյ ու ազգին նուիրուելու կոչուած մարդու կազմաւորում է: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ըսաւ, որ Դպրեվանքին մէջ ջամբուած ուսումը իր այլազան լեզուներու ու գիտութիւններու ճամբով…

Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն ********** Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրը մեկնարկած էր տասը օր առաջ։ Այս ծիրին մէջ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Երկիր» հիմնադրամը պատրաստած է սննդամթերքի 1000 արկղներ, որոնք արդէն հասան Պէյրութի օդակայան եւ շուտով պիտի տրամադրուին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Այս առիթով Լիբանան ժամանեցին նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծայարգ Տիար Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Ձեզ:   2 Սեպտեմբեր թուականը ողջ հայութեան համար ցնծութեան օր է: Արդարեւ, 29 տարիներ առաջ Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդը իմաստութիւնը ու քաջութիւնը ունեցաւ իր պատմական հայրենիքին մաս կազմող Արցախի հողին վրայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 28 Օգոստոս 2020-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ 22 վանաբնակ միաբաններուն: Յայտնենք, որ շուրջ երկու ամիսներ առաջ միաբանական համագումար տեղի պիտի ունենար Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, սակայն ստեղծուած անբնական պայմաններու հետեւանքով յետաձգուեցաւ:     Ողջունելով միաբան հայրերու միատեղ ներկայութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

27 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէնը:   Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական, մարդասիրական ու քաղաքական կացութիւնը եւ այդ գծով Վատիկանի մօտեցումն ու դերակատարութիւնը:   Նորին Սրբութիւնը իր մտածումները եւ սպասումները յայտնեց դեսպանին, առաջարկելով որ դեսպանը իր կարգին զանոնք փոխանցէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԸ

Վեհափառ Հայրապետը իր 26 Օգոստոս 2020 թուակիր պաշտօնագրով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը: Հայրապետին տնօրինումով, վերջին չորս տարիներուն որպէս Դպրեվանքի տեսուչ ծառայած է Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը եւ պիտի առաքուի թեմական ծառայութեան:   Մեղրիկ Սրբազանը անցնող տարիներուն վանական թէ թեմական զանազան պաշտօններ վարած է եւ յատկապէս երաժշտական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Քիչ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանին հետ, մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով։ Առաջնորդ սրբազանը Նորին Սրբութեան զեկոյց մը տուաւ համաճարակին եւ տնտեսական կացութեան հայ կեանքէն ներս յառաջացուցած հետեւանքներուն։     Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ համաճարակով վարակուած հայորդիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելեան տարածաշրջանի առցանց առաջին ժողովին մասնակցած խմբագիրներու այցելութիւնը: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձնել ժողովին արծարծուած միտքերուն ու առաջարկներուն եւ զեկուցել յետագայ աշխատանքներուն մասին: Խմբագիրները զեկուցեցին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած մամլոյ համահայկական համագումարէն ետք, համակարգող խորհուրդը թէ՛ լիագումար եւ թէ առցանց նիստերով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՈՐԲԱՆՈՑ

  Վեհափառ Հայրապետը Թռչնոց Բոյն իր անակնկալ այցելութեամբ ուրախացուց փոքրիկները, որոնք Հայրապետին շուրջ հաւաքուելով պատմեցին իրենց առօրեային մասին, մտերմիկ զրոյցներ ունեցան անոր հետ եւ շնորհակալութեամբ ստացան անոր բերած նուէրները։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շրջեցաւ որբանոցը եւ մօտէն տեղեկացաւ շինարարական աշխատանքին, սննթամթերքի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն կազմաւորման համար տեղի ունեցող զանազան ծրագիրներուն մասին։

ԴՌՆՓԱԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԵՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ այս Կիրակի, 23 Օգոստոս եւ յառաջիկայ Կիրակի, 30 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագները պիտի մատուցուին դռնփակ, առանց հաւատխցեալներու ներկայութեան՝ մեկնելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն   Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Պատարագի մատուցման արարողութեան…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՇՈՒՏՈՎ ՍԿՍԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու միացեալ նիստ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ երկու ժողովներու Լիբանանի ներկայ անդամները: Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով ու նախագահութեամբ գումարուած ժողովին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ամփոփ գծերով ներկայացուց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իր կողմէ կատարուած աշխատանքները.-…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՆ ՈՒ ՀՆԱՏԻՊՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Մատենադարանի ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ յետոյ յիշեալ բաժանմունքները սկսած են վերադասաւորման աշխատանքին: Այս ծիրէն ներս առաջնահերթ կարեւորութիւն կը տրուի ձեռագրատան եւ հնատիպներու բաժանմունքներուն: Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յիշեալ բաժանմունքներու կեդրոնը, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ կատարուող աշխատանքներուն: Նորին Սրբութիւնը գնահատելով սրբազանին ցուցաբերած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռուս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Քիրիլ պատրիարքին ներկայացուցիչը։ Ան Նորին Սրբութեան փոխանցեց պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ինչպէս նաեւ անոր անձնական նամակը՝ ուղղուած Վեհափառ Հայրապետին:   Յիշեալ նամակին մէջ Քիրիլ պատրիարք իր ցաւը կը յայտնէ շաբաթ մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ընդհանրապէս պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութենէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակէն եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով, այս տարի Ս. Աստուածածնայ վերափոխման եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան զոյգ տօները դժբախտաբար տեղի չունեցան աւանդութիւն դարձած իրենց հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ, ինչպէս՝ ուխտի շաբթուան նուիրուած քարոզախօսութիւններ եւ աղօթասացութիւններ, ուխտերթ, մատաղի պատրաստութիւն եւ Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԻ ԴԻՒԱՆԻՆ

Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու մարմնի դիւանին այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Գասարճեանի, որուն կ՚ընկերանային Անի Լաջինեան-Մակարեան եւ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան:   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն: Այս…

Ի ՆՊԱՍՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԿԱՏԱՐՈՒԻԼ

Ինչպէս յայտարարուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին համար յատուկ հաշիւ մը բացուած է: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած էր, որպէսզի յիշեալ հաշիւին կատարուին բոլոր օժանդակութիւնները: Ստացուած օժանդակութիւնները պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, որպէսզի ան կարենայ շուտով լծուիլ գործնական աշխատանքի: Կ’ուզենք յայտնել, որ ցարդ գումարներ ստացուած են հետեւեալ հաստատութիւններէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՍՏԵՂԾԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Վերջին օրերուն, Հալէպին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքէն ներս Քորոնա Վիրուս համաճարակը սկսած է լայն տարածում ունենալ: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի ստեղծուած կացութեան: Այս առաւօտ, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Մասիս Սրբազանին եւ համայնքին պատասխանատուներուն հետ:   Վեհափառ Հայրապետը նկատի ունենալով համայնքին կարիքները, անմիջապէս որոշ գումար մը փոխանցեց իրենց՝ գործածուելու համար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱՐ

Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անցնող օրերուն յաջորդական երեք օդանաւերով Հայաստանէն Լիբանան հասած օժանդակութեանց համար՝ Լիբանանի պետութեան ճամբով լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայ համայնքին։   Երեկոյեան, Նորին Սրբութեան այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Դեսպանը զեկոյց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերուն, յաջորդաբար այցելեց Պէյրութի եւ շրջակայից եկեղեցիները՝ Սուրբ Նշան, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Յովհաննու Կարապետ, Ս. Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Վարդանանց, ինչպէս…

ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ»-Ը

Պսակաձեւ ժահրի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքով, Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներու պետերուն, Սոցիալ Դեմոկրատ…

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, Կիրակի, 16 Օգոստոսը, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնն է: Յիշեալ տօնը նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրն է: Ամէն տարի, Շաբաթ գիշեր, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին վրայ կը մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն եւ ապա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը…

ԱԶԳԸ ՔԵԶԻ՛ ՀԵՏ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ

  Սոյն գրութիւնը խտացումն է Կիրակի, 9 Օգոստոս Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին:   «Փա՛ռք քեզ, Աստուած, փա՜ռք քեզ.  յաղաքս ամենայնի, Տէր, փա՜ռք քեզ»: Մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրեմ մեր եկեղեցւոյ աղօթքին այս պարզ սակայն խորիմաստ բառերով գոհութիւն ու փառք տալու մեր բոլորին Արարիչ Երկնաւոր Հօր: Միայն մեր դժուարութեան ու…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ կացութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուելիք օժանդակութեանց թէ՛ Լիբանանի պետութեան եւ թէ՛ հայ համայնքին:   Վեհափառ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստանի Խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի ատենապետ Հրաչեայ Յակոբեան, Հայաստան-Սփիւռք հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ նոյն բաժանմունքի տնօրէնուհի Սառա Անճարկոլեան,…

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՄԵՐ ՈՂՋ ԱԶԳԸ ՔԵԶԻ՛ ՀԵՏ Է: ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄՆ Է»: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը եւ երեք քաղաքական կուսակցութեանց վերի մարմիններու ներկայացուցիչները:   Իր Հայրապետական պատգամը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՄԻԱՆԱԼՈՒ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵԼՈՒ

Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նորանշանակ վարչութեան, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով Նորին Սրբութեան նախաձեռնութեան ու հայրապետական կոչին: Ապա, վարչութիւնը պարզեց կուսակցութեան դիմագրաւած ներքին դժուարութիւնները, վերջին շրջանին իրենց առած կարգ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ  կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները:   Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ յաջորդական տագնապներու հետեւանքներուն: Հակառակ դժուար կացութեան, Լիբանանի հայութեան տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ այլ մարզերէն ներս, մեր կրօնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍՏԱՆԱԼ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶԱՆԳԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար զօրակցական հեռաձայններ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանէն, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգիսեանէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պոլսոյ Պատրիարքէն, թեմակալ առաջնորդներէն, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանէն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի պատասխանատու ազգայիններէն, ինչպէս նաեւ օտար հոգեւոր…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՃԱՄԲՈՎ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին։   Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին շուրջ եւ յատկապէս պայթումին հետեւանքով Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասերուն կրած վնասներուն մասին։   Ապա, վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց,…

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՆԱԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿՐԵՑ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐ

Այսօր յետ միջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած հսկայ պայթումին հետեւանքով Անթիլիասի Մայրավանքը եւս կրեց նիւթական մեծ վնասներ: Այսպէս, վնասուեցան Մայր Տաճարի դռները, ջահերը, պատուհանները, նոյնպէս՝ Վեհարանի, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ ԿԻԼԻԿԻԱ թանգարանի:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՄՈՒՏԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երբ իմացաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին մասին, կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ եւ քանի մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ անմիջապէս ուղղուեցաւ վնասուած Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասեր:   Նորին Սրբութունը Պուրճ Համմուտի քաղաքապետին եւ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ շրջեցաւ հայահոծ թաղերը, հանդիպում ունեցաւ վիրաւոր հայորդիներու հետ, օրհնեց զանոնք ու բարի…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՏԻԳՐԱՆ ՄԿՈՒՆԴԻ «ԱՄԻՏԱՅԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ» ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայուող Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններու մատենաշարով ցարդ լոյս տեսած են վերահրատարակուած 14 հատորներ, որոնք կարելի է գտնել առցանց։   Վերահրատարակութիւնները այժմ կը շարունակուին ելեկտրոնային տարբերակով։ Շարքին 15-րդ գիրքը կը հանդիսանայ Տիգրան Մկունդի «Ամիտայի Արձագանգներ» աշխատասիրութեան առցանց հրատարակութիւնը, որ կարելի է գտնել Կաթողիկոսարանիս գրատան կայքէջին վրայ՝ www.ciliciabookstore.com  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու եւ տնտեսական ու կրթական խորհուրդներու դիւանները:   Առաջնորդ Սրբազանը թեմին անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տիկնանց Յանձնախումբին, գլխաւորութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանի։ Յանձնախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.- Տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան, Տիկ. Սիլվա Սիսլեան, Տիկ. Մարօ Թազեան, Տիկ. Սիլվի Ագիլեան եւ Տիկ. Ալին Գէորգեան։   Այցելութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍ ՇՆՈՐՀԵՑ ԱՆՈՐ

Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած եռանուն նախընտրական ցանկէն թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ թեմակալ առաջնորդ։   Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը տեղեակ պահելով Վեհափառ Հայրապետը ընտրութեան արդիւնքին մասին՝ հայցեց անոր վաւերացումը։ Հայրապետը վաւերացուց յիշեալ…

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼԸ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ԱՌՆՈՒԱԾ «ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԷՆ   ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը երէկ այցելեցին Պիքֆայա` շնորհաւորական տեսակցութիւն ունենալու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ` իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:   ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ներկայացուց այցելութեան նպատակը, լրիւ կազմով ներկայանալու հանգամանքը եւ յանուն Լիբանանի Դաշնակցութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, ընկերակցութեամբ Թիֆլիսի «Ալիք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արսէն խառատեանի։ Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ յատկապէս անցնող շաբթուան ընթացքին ազերիներուն կողմէ կատարուած յարձակումը Տաւուշի մարզի սահմանագիծին վրայ։

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ԹՌՉՆԻԿՆԵՐԸ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 20 Յուլիս 2020-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ հիւրընկալուեցան «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները՝ իրենց տեսուչ Սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի գլխաւորութեամբ: Դպրեվանեցիներն ու «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները միասնաբար ունեցան իրենց նախաճաշը, որուն աւարտին Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց՝ բոլորին մաղթելով լաւ ժամանց ու բարի օր:   Նախաճաշէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԵՐԵՔ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի ուղղած իր նամակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ համայնքին երեք զաւակներուն՝ Դամասկոսէն դոկտ. Նորա Արիսեանի, Հալէպէն՝ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանի եւ տիար Ժիրայր Րէիսեանի ընտրութեան առիթով, որպէս Սուրիոյ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔԷՋԵՐԸ ԱԶԵՐԻ ԿԱՅՔԱՀԷՆՆԵՐՈՒ (HACKER) ԹԻՐԱԽ

Անցնող օրերուն, երբ ազերի բանակը յարձակումներ իրագործեց Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն վրայ, այդ օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած զօրակցական կոչերն ու արտայայտութիւնները ուղղուած հայոց բանակին, ըստ երեւոյթին անհանգստացուցած ըլլալով ազերիները, հակահայ քարոզչական արտայայտութիւններ ունեցան Վեհափառ Հայրապետին ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ։   Արդարեւ, այս առաւօտ, Կաթողիկոսարանի պաշտօնական կայքէջն ու ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերը թիրախ…