Անթիլիասի Ուխտի Օրուան նախօրէին, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ սուրբերու մասունքները, որոնց օրհնութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն համայն հայութեան եւ ներկայ ուխտաւոր հայորդիներուն պիտի բաշխուի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ուխտի օրուան աւանդական թափօրի ընթացքին, զոր կը գլխաւորուի հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջով։