Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն (Ա.Մ.Ն.) Լիբանան ժամանած վեց հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին քարտինալներ եւ եպիսկոպոսներ:

Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ կատարուող աշխատանքներուն:

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց նախ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն պարզած ներկայ վիճակը եւ անոնց կողմէ կատարուող հոգեւոր, դաստիարակչական ու մարդասիրական աշխատանքները: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ տարածաշրջանի հայ համայնքներուն: Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերուն:

Հանդիպման աւարտին պատուիրակութիւնը այցելեց Մայր Տաճար եւ Սրբոց Նահատակաց յուշարձան: