23 March, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՄԻՔԱԹԻԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչները՝ Պութրոս Ասաքերը եւ Զիատ Միքաթին։ Պութրոս Ասաքեր եղած է Ֆրանսայի ու Արաբական Լիկայի մօտ Լիբանանի դեսպան եւ այժմ վարչապետի պաշտօնակատարին դիւանագիտական հարցերու խորհրդականն է, իսկ Զիատ Միքաթի վարչապետարանէն ներս ծրագիրներու գրասենեակի պատասխանատուն է։

 

Վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուցիչները եկած էին Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցելու Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ, յատկապէս Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան։