Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ԺԸՊՐԱՆ ՊԱՍԻԼԸ

Երեքշաբթի, 28 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց լիբանանեան Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը, կուսակցութեան պատկանող երկու պետական երեսփոխաններու հետ միասին։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։

 

Քննարկումները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վրայ։