9 May, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՔՈՒԷՅԹ

Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ կը մեկնի Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմ։ Հայրապետին կ՚ընկերանան գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ տիար Ստեփան ՏԷր Պետրոսեանը։

 

Հինգ օրերու ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմին Ազգային Իշխանութեան, յարակից մարմիններու ու կազմակերպութիւններու եւ պետական ու դիւանագիտական պատասխանատուներուն հետ։ Ան նաեւ իր Հայրապետական պատգամը պիտի ուղղէ Քուէյթի հայ համայնքին, պիտի այցելէ ազգային վարժարանը եւ պիտի նախագահէ զանազան ձեռնարկներու։

 

Այս տարուան՝ «Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն կատարուող հովուապետական այցելութիւններուն հիմնական նպատակը անոնց վերակազմակերպումն ու վերաշխուժացումն է՝ նոր պայմաններու ու հրամայականներու լոյսին տակ։