ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԻՆ ՄԻՋԵՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ քաջալերութեամբ, անցնող տարիներուն, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի Ազգային Արխիւին միջեւ համագործակցութեան յաջող փորձ կատարուած է: Այս գործակցութիւնը աւելի խորացնելու եւ արդիւնաւորելու հեռանկարով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին մէջ, Երկուշաբթի 6 Փետրուար 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային Արխիւի եւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արխիւին միջեւ «Փոխըմբռնման եւ Գործակցութեան Յուշագիր»ի ստորագրումի եւ յանձնումի արարողութիւն:

 

Արդարեւ, Հայաստանի Ազգային Արխիւի ներկայացուցիչներ՝ Սերգէյ Սարուխանեան (Ա. տեղակալ) եւ Գոհար Աւագեան (տնօրէնի խորհրդական), եւ «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսութեան Արխիւատան տեսուչ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգլըճեան կատարեցին Յուշագիրի ստորագրումն ու փոխանցումը, որ գործակցութիւնը աւելի կազմակերպ եւ արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ: Անոնք նաեւ ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին ստանալու օրհնութիւն եւ այս առիթով Հայրապետը իր գնահատանքին կողքին կարեւորեց ազգային հարստութիւն համարուող արխիւներու թուայնացման եւ օգտագործման խնդիրը:

 

Համագործակցութեան բարձր տրամադրութեամբ մեր հայրենակիցները վերադարձան Երեւան: