Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին ներկայացուցիչ Փօլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը։ Հանդիպման առանցքը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։
 
Յայտնենք, որ շուրջ երկու ամիս առաջ, Ռայի Պատրիարք այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր յիշեալ հարցին շուրջ։ Ապա, Անթիլիասի ու Պքէրքէի միջեւ կապերը շարունակուած էին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան նպատակին գծով։
 
Սայյահ արք. Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին։ Որոշուեցաւ այս գծով խորհրդակցութիւնները շարունակել։
 
Նշենք, որ հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։