Վերնատուն

2023-2024 Դպրեվանքի տարեշրջանի սկիզբը, տեսչական կազմին եւ աշակերտութեան համատեղ աշխատանքով, նոր նախաձեռնութեամբ երկամսեայ ելեկտրոնային թերթ մը հիմնուեցաւ։ Սոյն երկամսեայ թերթը կնքուեցաւ «Վերնատուն» անունով, որ մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի վերջին ընթրիքը։ Վերնատունը կը պարփակէր այն սիրոյ սեղանը, ուր մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ո՛չ միայն Իր մարմինէն եւ արիւնէն տուաւ Իր աշակերտներուն, այլեւ սիրոյ հաւաքոյթը հիմնեց՝ «ասիկա կատարեցէք Իմ յիշատակիս համար» (Ղկ 22.19)։ Ուրեմն, Վերնատունը այն վայրը եղաւ, ուր սիրոյ սեղանը հիմնուեցաւ, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ ճաշակել Քրիստոսի տուած կեանքի հացը։

Այսօրուան հասկացողութեամբ Վերնատունը Սուրբ Խորանն է, ուր ամէն Կիրակի Ս. Պատարագ կը մատուցուի։ Դպրեվանեցիները ամէն Կիրակի, ինչպէս նաեւ շաբթուան բոլոր օրերուն, եկեղեցւոյ մէջ կը ծառայեն։ Անոնք առնչակից կը դառնան նոյն այն Ս. Խորանին, որ կը խորհրդանշէ Վերնատունը։ Ահա նոյն պատկերով, «Վերնատուն» թերթը բոլորին կը մատակարարէ Դպրեվանքի աշակերտութեան, տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ նոյնիսկ նախկին սաներու գրական գործերը, որոնք Դպրեվանքի «Վերնատուն»էն ներշնչուած են եւ անոր շնորհիւ կը կազմաւորուին։