Առօրեայ կեանք

Առաւօտեան եւ Երեկոյեան ժամերգութիւնները Դպրեվանքեան առօրեայ կեանքին անբաժանելի մասը կը կազմեն։ Ուրբաթ Եւ Շաբաթ երեկոներուն արտասասարանային յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին յաճախ հիւր դասախօսներու մասնակցութեամբ։ Կիրակի օրերը, ինչպէս նաեւ յատուկ տօնական օրերուն, Դպրեվանեցիները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Անոնք նաեւ մասնակից կը դառնան կրօնական տօնախմբութիւններու եւ մշակութային ձեռնարկներու։

Դպրեվանեցիները կանոնաւոր կերպով իրազեկ կը դառնան հայկական թէ միջազգային լուրերուն։

Աշակերտական յատուկ խմբագրական կազմ մը «Գլաձոր» տարեգիրքի խմբագրական աշխատանքները կը տանի։ Տարեգիրքը կը հրատարակուի 1957 թուականէն սկսեալ։ «Գլաձոր»ի նպատակն է ընդարձակել Դպրեվանեցիներուն հետաքրքրութեան դաշտը եւ զարգացնել անոնց ստեղծագործ միտքը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ անոնց առօրեայ կեանքին։

Դպրեվանքը անդամ է Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական կրթական կեդրոններու միութեան եւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ անոր աշխատանքներուն ու կազմակերպած համագումարներուն։