ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ — 3

— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խոր ցաւով իմացաւ հայկական Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին, որոնց շարքին նաեւ, ցաւ ի սիրտ, Ս. Աննա եկեղեցին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք քանդումներէն պատկերներ։
 
— Վեհափառ Հայրապետը երէկ եւ այսօր կապ հաստատեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ եւ մօտէն հետեւեցաւ երկրաշարժին պատճառով դժուարութեան մատնուած մեր ժողովուրդի զաւակներու իրավիճակին։ Մեր պատասխանատուները յատուկ հոգածութիւն ու խնամք կը ցուցաբերեն եօթը կեդրոններու մէջ ապաստանած մեր հայորդիներուն՝ անոնց հայթայթելով անհրաժեշտ կարիքները։ Այս առիթով հոգեւոր թէ աշխարհական համայնքի պատասխանատուները Նորին Ս. Օծութեան փոխանցեցին, թէ յատուկ յանձնախումբի ճամբով սկիզբ առած է վնասուած տուներու արձանագրութեան աշխատանքը։