Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց – ՔԱՀԼ

Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցը, որ ծանօթ է նաեւ «ՔԱՀԼ» անունով, հիմնուած է Զուիցերիացի բժիշկ Ճէյքըպ եւ Էլիզապէթ Քիւնցլեր բողոքական միսիոնար ամոլին կողմէն։ Տոքթ. Քիւնցլեր մեր պատմութեան մէջ ճանչցուած է «Փափա Քիւնցլեր» անունով։

Քիւնցլեր ամոլը 1985-ին ականատես եղած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուող կոտորածներուն եւ Հայկական ցեղասպանութեան։ 1920-ականներուն անոնք եւս աշխատած են Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին մէջ եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են բազմահազար որբեր թուրքիայէն ու տարագրութեան ճամբայէն փոխադրելու Լիբանան։ Լեռնալիբանանի Ղազիրի գիւղաքաղաքի Մսար պալատին մէջ, որ ապագային ճանչցուած է Ղազիրի որբանոց անունով, Փափա Քիւնցլեր իր հոգատարութեան տակ կ՚առնէ աւելի քան 1400 որբեր։ Որբանոցին բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն կողքին հիմնական մարտահրաւէր կը հանդիսանայ աչազուրկ դարձած որբերուն պարագան. Ղազիրի որբանոցը, չունենալով բաւարար խնամքի միջոցներ, որբերը կը փորձէ Երուսաղէմի կուրանոցը ուղարկել, սակայն դէմ յանդիման գտնուելով Անգլիական կառավարութեան տուած դժուարութիւններուն, իր վերհսկողութեան տակ կ՚առնէ զանոնք։ Որբերը կը վերադառնան Լիբանան եւ 1926-ին, այլ զուիցերիացի միսիոնար ամոլ մը՝ Թէոտոր եւ Ալիս Վիսըր, յանձն կ՚առնեն աչազուրկ որբերուն հոգատարութիւնը։

1946-ին որբանոցը կը փոխադրուի Պուրճ Համուտ, կրելով «Կուրանոց» անունը։ «Կուրանոցը» իր յարկին տակ կ՚ապաստանէ Ղազիրէն փոխադրուած որբեր, աչազուրկեր, նաեւ այրիներ։ 1946-ին հաստատութեան պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ Գարլ եւ Մարթա Մէյըր ամոլը, իսկ 1963-ին՝ Փիթր եւ Հայտի Պրաունշուէկ ամոլը։

1964-ին, հաստատութիւնը կը փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Աւետարանական համայնքին։ Հաստատութիւնը կ՚ունենայ ծերերու յատուկ բաժին մը եւ կը վերանուանուի Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց կամ ՔԱՀԼ, որ Center for Armenian Handicapped in Lebanon ­– CAHL համառօտագրութեան հայերէնն է։

1968-ին Ֆէլիքս եւ Հաննա Զիկլր ամոլը կը նշանակուին Ազգային ծերանոցին պատասխանատուն եւ 14 տարուան ընթացքին կ՚ընդարձակեն անոր գործունէութիւնն ու տարածքը։

ՔԱՀԼ-Ի այժմու տնօրէնն է Պատուելի Սեպուհ Թէրզեանը։

Ներկայիս, Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցը իր յարկին տակ ունի ծերերու, շուրջ 20 կարիքաւոր ընտանիքներու սնունդի եւ հիմնական մաքրութեան ու բժշկական պէտքերու, ինչպէս նաեւ աչազուրկ եւ միտքով թերաճ չափահասներու հոգատարութեան առաքելութիւն։ Ծերանոցը, 2013-էն սկսեալ Գարակէօզեան հաստատութեան հետ գործակցաբար, կ՚ունեայ յատուկ հոգատարութիւն պահանջող պատանիներու բաժին։

Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցին ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք բերել հետեւեալ ձեւերով,-

-Մէկ օրուան ճաշի ծախսերուն հոգատածութիւն՝ 300 տոլար
­-Մէկ ծերունիի մը որդեգրում՝ տարեկան 1200 տոլար
-Մէկ օրուան պտոյտի մը ծախսերու հոգածութիւն՝ 500 տոլար
-Ինչպէս նաեւ Որեւէ ձեւի եւ գումարի տակ նուիրատուութիւններ

Ազգային ծերանոցին խնամահալութեան անդամներն են՝ Պատուելի Ռաֆֆի Մսրլեան, տիար Գրիգոր Գրաճեան, տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան, տիկ. Տիգի Թորիկեան, տիար Առաքել Մինասեան, Տոքթ. Վահէ Գարակէօզեան եւ տիկ. Լենա Րագուպեան։

Հասցէ՝

CAHL
Bourj Hammoud – Trad Street, 195 sector 8
Mount Lebanon
P.O. Box: 80250
LEBANON Պուրճ Համուտ,

Հեռ.:  +961 1 260533/4 եւ +961 1 266822
ֆաքս: +961 1 249479

Ե-նամակ՝ cahl.Lebanon@gmai.com