Գլաձոր

Դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը

Դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը իր անունը առած է 13-րդ, 14-րդ դարերու պատկանող հայկական նշանաւոր կրթօճախի, կրօնական, հասարակական-քաղաքական, փիլիսոփայական եւ ստեղծագործական մտքի զարգացման կեդրոնի՝ Գլաձոր համալսարանի անունէն։

Դպրեվանքի «Գլաձոր»-ը 1957-1970 թուականին լոյս տեսած է իբրեւ պարբերաթերթ եւ քանի մը տարուան դադարէ ետք, 1984-85-էն սկսեալ, դարձեալ լոյս տեսած է շնորհիւ Դպրեվանքի սաներուն: Այսպէս, «Գլաձոր» պարբերաթերթը ժողովուրդին կը հրամցուի իբրեւ «Տարեգիրք Դպրեվանքի Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ»:

Տարեգիրքի հրատարակութեան աշխատանքին կը լծուին Դպրեվանքի սաները՝ շեշտը դնելով կրօնական, քարոզախօսական, թարգմանական, երաժշտական, գրական, ուսումնասիրական եւ հոգեմտաւոր զանազան նիւթերու վրայ: Ունի նաեւ ձեռնադրութիւնք, հունձք եւ քրոնիկ բաժինները։

Տեսչութեան հովանաւորութեամբ ու նախաձեռնութեամբ տարեգիրքի խմբագրութեան մաս կը կազմեն Դպրեվանքի Ընծայարան բաժնի սաները՝ հայագէտ ուսուցիչներու հսկողութեան տակ:

Տարիներու ընթացքին, Դպրեվանքի այս տարեգիրքը իր ուրոյն տեղը ունեցած է Կաթողիկոսութեան մամուլին մէջ՝ յատկապէս Դպրեվանքի սաներուն անդրանիկ աշխատանքները բովանդակելուն պատճառով։