ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Երկուշաբթի, 17 Մայիս 2021-ին, առցանց տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցեան ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն Թոմաս եւ Անկելոս մետրոպոլիտները եւ Դոկտ. Կրկէս Սալէհ, ասորի ուղղափառ եկեղեցիէն Ճորճ Սալիպա եւ Տանիէլ Քուրիէ մետրոպոլիտները, հայ եկեղեցիէին (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն) Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն ու Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։   Ժողովը…

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՒԹԵՐ (21-23 ՄԱՐՏ 2018)» ԺՈՂՈՎԱԾՈՒԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն   Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2021-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակ, գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» ժողովածուին  շնորհահանդէսը:   Ժողովածուն լոյս տեսած է 2021-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս: Հոն ամփոփուած են Մարտ 2018-ի  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Շաբաթ, 15 Մայիս 2021-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի (Ե.Պ.Հ.) Սփիւռքագիտութեան Ամպիոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ համահայկական ուսանողական առցանց խորհրդաժողով մը՝ «Հայ Ուսանողութիւնը՝ Ազգային Վերածնունդի Առաջամարտիկ» խորագրով։   Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն ուսանողներ եւ ուսումնական-կրթական ոլորտի մէջ ծառայող անհատներ, որոնք արտայայտուեցան Արցախի պատերազմի ձգած հետեւանքներուն եւ անոր վերածնունդին մէջ երիտասարդ ուսանողներուն դերակատարութեան անհրաժեշտութեան մասին։  …

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՄԱԽՄԲԵՆՔ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՈՒ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 14 Մայիս 2021-ի երեկոյեան, երիտասարդական խորհրդակցական առցանց հանդիպում մը կայացաւ։ Հանդիպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին զանազան թեմերէ եւ շրջաններէ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ միաբան հայրեր։   Վեհափառ Հայրապետին աղօթքէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Երիտասարդական Յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Մեսրոպ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 11 Մայիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-     ա) Անթիլիասի եւ շրջակայից մարոնիթ նորընտիր առաջնորդ Անթուան եպիսկոպոսը։     բ) Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարներէն Արտաւազդ Մելքիսէթեանը։     գ) «Հաուըրտ Գարակէօզեան» մարդասիրական հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը։     դ) Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «Ի ՊԷՏՍ ԴՊՐԱՊԵՏԱՑ» ՀԱՏՈՐԸ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ի Պէտս Դպրապետաց» հատորը՝ խմբագրութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանին։ Հատորը «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին մաս չի կազմեր, նկատի ունենալով անոր բովանդակութիւնը։ Ինչպէս խորագիրէն յայտնի է, ներկայ հատորը կը միտի դիւրութիւն ընծայել դպրապետներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն։ Ան միայն շարականներ չի բովանդակեր, ինչպէս է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 7 Մայիս 2021-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատարը՝ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հայաստանէն վերադարձին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Յայտնենք, որ յանուն Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին նախարարի պաշտօնակատարը մեկնած էր Հայաստան մասնակցելու Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք հրապարակային ձեռնարկներուն։ Իր այցելութեան ընթացքին, ան տեսակցութիւններ ունեցած էր Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներու հետ: Ան Նորին Սրբութեան զեկոյց…

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ ՆԱՄԱԿ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 23 Ապրիլ 2021 թուակիր նամակ մը ստացաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսէն։   Յիշեալ նամակին մէջ վարչապետը, ողջունելով հայ ու յոյն ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու բարեկամական կապերը, կ՚ըսէ, թէ «ժամանակի խորութեան մէջ կը ցանկանք առաւել ամրապնդում մեր պատմական կապերուն»։ Ապա, ան իր բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնէ Հայաստանի, մեր ժողովուրդին եւ Արամ Ա. Վեհափառ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ ՄԱՐՈՆԻԹ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Հրաւէրով մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այսօր՝ Շաբաթ, 1 Մայիս 2021-ին, այցելեց Պքէրքէ, ուր ճաշի հիւրը եղաւ պատրիարքին։ Ճաշին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանն ու պատրիարքական փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Փոլ Սայեահը։   Պատրիարքին եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւեց Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս…

ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Նորվեկիոյ դեսպան Մարդեն Իթերվիքին: Դեսպանին կ՚ընկերանային Նորվեկիոյ պետական թէ եկեղեցական մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:   Վեհափառ Հայրապետին հետ դեսպանին վերջերս ունեցած հանդիպման լոյսին տակ կազմակերպուած այս հանդիպումին նպատակն էր քննել համայնքային կառոյցներու ընկերամարդասիրական ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն օգտակար ըլլալու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ներկայ եղան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւորութեամբ Լիբանանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլին, տասը անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի, 29 Ապրիլ 2021-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:   Սամի Ժըմայէլ յանուն Լիբանանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքէն մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը։ Հայրապետին կ՚ընկերանային միաբան հայրեր։   Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչ հայր սուրբին, մանուկներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ։ Ապա, Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ վերոյիշեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունենց Լիբանանեան Ոյժեր եւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնները: Անոնք բաղկացած էին յիշեալ կուսակցութիւններու երեսփոխաններէ ու նախարարներէ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:   Պատուիրակութիւնները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին Մայրավանքի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ՝ իրենց յարգանքը արտայայտելով…

ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին՝ յիշեցնելով, որ Լիբանանի ժողովուրդը եւս Օսմանեան թուրքերու ջարդին ենթակայ եղած է:   Նորին Սրբութեան հետ հեռաձայնային կապ…

«ԴՈՒՔ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻՔ ՈՐՊԷՍ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ՅԱՐԳՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

24 Ապրիլ 2021-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով հրապարակած իր պաշտօնական խօսքին մէջ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան-թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով՝  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։   Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութեան ու գնահատանքի նամակ մը յղեց նախագահ Պայտընի, ուր Նորին Սրբութիւնը…

ԱՊՐԻԼ 24-Ը ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ ՈՐԵՒէ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՈՐԵՒԷ ԿՈՂՄԷ, ՈՐ ԿՐՆԱՅ ՎՏԱՆԳԵԼ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։  …

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց 16 հոգիներէ բաղկացած Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան զանազան կառոյցները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։   Յանուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Թիւֆէնքճեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրթական, մշակութային, ընկերային ու բարեսիրական մարզերէն ներս Միութեան կատարած աշխատանքները, յատկապէս վերջին տարուան ընթացքին։  …

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազգային Ծերանոցը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած հաստատութեան տնօրէն Վերապատուելի Սեպուհ Թէրզեանէ եւ խնամակալութեան անդամ Տիգի Թորիկեանէ ու Թամար Տէր Պետրոսեանէ:   Ազգ. Ծերանոցի պատասխանատուները զեկոյց տուին Վեհափառ Հայրապետին ծերանոցի աշխատանքներուն ու յատկապէս անոր դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն մասին: Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ազգ. Ծերանոցին կատարած մարդասիրական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ՝ ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անթիլիաս, 19 Ապրիլ 2021   Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին Նիւ Եորք   Սիրելի՛ Սրբազան,   Խոր ցաւով իմացանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտիկ բարեկամ­ներէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքի կարկառուն դէմքերէն՝ Վարդան Գրիգորեանի մահուան գոյժը։ Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Ազգ. Իշխանութեան եւ հանգուց­եալի հարազատներուն։   Արդարեւ, Վարդան Գրիգորեան իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօններով ու բեղուն գործունէութեամբ…

ԱՒՍՏՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Դոկտ. Ռընէ Ամրիի:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանը յուզող հարցերը, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ բացասական ներկայութիւնը թէ՛ շրջանէն եւ թէ Եւրոպայէն ներս, յատկապէս Արցախի վերջին պատերազմին: Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները պարզեց դեսպանին:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարդեն Իթերվիքը, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին:   Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նախ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը յուզող այժմէական հարցերուն, նոր կառավարութեան կազմութեան հարցէն սկսեալ մինչեւ տնտեսական տագնապը, եւ ապա հայ ու Նորվեկիոյ ժողովուրդներու պատմական կապերուն: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յիշեց նորվեկիացի Ֆրիտճոֆ Նենսընի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Ուրբաթ, 16 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքին փոխանորդը՝ Արքեպիսկոպոս Փօլ Սայահ: Այցելութեան նպատակն էր.- ա) Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան գծով Ռայի Պատրիարքին տարած աշխատանքներուն մասին եւ բ) Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան ղրկած նամակին առնչուած կարգ մը հարցերուն մասին:   Վերջին կէտին գծով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 15 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:     Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի ներքին կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչման առնչուած նիւթեր։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2015 թուականին՝ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։   Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական հայցը, որպէս շարունակութի՛ւն Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ սկսուած իրաւական գործընթացին, 30 Յուլիս 2019-ին ներկայացուեցաւ Գոզանի (Սիս) Նախադատ Ատեանին։   Թագաժահրին պարտադրած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱԿԱՐԱՅ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱԿԱԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԷՊՔԸ

Վերջերս թուրք երիտասարդներու կողմէ երաժշտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է հայոց Մակարայ Վանքի շրջափակէն ներս, որ կը գտնուի Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած բաժնին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդած է կրօնական վայրի ոչ-վայել խնճոյք:   Յիշեալ դէպքը ընդվզումի ու դատապարտութեան ալիք մը յառաջացուցած է Կիպրոսի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Կիպրոսի հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

23-25 Մարտ 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր Համաժողովին ծրագրաւորման յանձնախումբը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ՝ շարունակելու համար 31 Օգոստոսէն 8 Սեպտեմբեր 2022-ին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ նախատեսուած ԵՀԽ Ընդհանուր Համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները։ Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։   Ծրագրաւորման յանձնախումբը որդեգրեց «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կ՚առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՎԵՑ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 10 Ապրիլ 2021-ին, Կիրակամտից Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան արարողութիւնը։   Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններուն արժանացան Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Հոգշ. Տ. Արտակ…

ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԹԵԶԵՐԸ

Ուրբաթ, 9 Ապրիլ 2021-ի Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերու թեզերու պաշտպանութիւնը։   Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան ներկայացուց «Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ (Ապա Առաջնորդ)՝ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի եւ Մամբրէ Ծ. Վրդ. Սիրունեանի (Ապա Արքեպիսկոպոս) Նամակագրութիւնները…

ՆՈՐ ԳԻՐՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳՐԻՉԷՆ TURNING TO GOD (ԴԱՐՁ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ)

200 էջերէ բաղկացած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անգլերէնով գրուած այս գիրքը օրագրութիւն է 2020 թուականի Մարտ ու Ապրիլ ամիսներուն, երբ համաճարակը նոր սկսած էր:   Գիրքը կը շօշափէ զանազան բնոյթի նիւթեր՝ կրօնական, ընկերային, միջ-եկեղեցական, կենսոլորտային, նաեւ քաղաքական, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունին համաճարակի ստեղծած կացութեան եւ ընկերութեան դիմագրաւած տագնապներուն հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Երեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2021-ին, յանուն Լիբանանի բանակին, բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, շնորհաւորելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով։

ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարքին: Պատրիարքին կ՚ընկերանային Լիբանանի ասորի համայնքի երկու առաջնորդներ եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան:   Եղբայրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած…

ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ (ԶԱՏԻԿ) ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՝ ԵՐԱՇԽԻՔ ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՒ ՅՈՅՍԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Վեհափառ Հայրապետին իբրեւ առընթերակայ Ս. Խորանին վրայ ներկայ էին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս.…

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ ՊԷՏՔ Է ԳԵՐԵԶՄԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՌՆԱՆՔ ՆՈՐ ՄԱՐԴ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հակառակ համաճարակին ստեղծած ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն, անցնող օրերուն Աւագ Շաբթուան, ինչպէս նաեւ այսօր՝ Ուրբաթ, 2 Ապրիլ 2021-ին, Քրիստոսի Թաղման արարողութեան, ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ՝ հաղորդուելու Քրիստոսի երկարաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանին առնչուած դրուագներէն փոխանցուած խորհուրդով:   Թաղման արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով: Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը: Արարողութեան աւարտին Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՊՐԻ՛Լ ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ԿԵԱՆՔԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ   Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ թէ՝ «մկրտուելով, անոր (Քրիստոսի) հետ միասին թաղուեցաք, եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք» (2.12)։   Մկրտութեամբ քրիստոնեան անդամ կը դառնայ եկեղեցւոյ։ Եկեղեցին Քրիստոսն է իր խորհրդական մարմնով, իր կեանքով ու առաքելութեամբ։ Եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոս շարունակ կը ծնի, կ’ուսուցանէ, կը հրաշագործէ, կը…

«ՍԷՐԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԵՒ ՃԱՄԲԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Աւագ Հինգշաբթի, 1 Ապրիլ 2021-ի երեկոյեան, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի աւանդական կարգը, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը սքանչելի կատարողութեամբ մեր բազմադարեան հոգեւոր երգերով հոգեպարար մթնոլորտ մը ստեղծեց եկեղեցիէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան ընթացքին, հետեւելով Մեծ Վարդապետին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Չորեքշաբթի, 31 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ միջ-կրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շէյխ Համիտ Շահրիարին:   Շէյխ Շահրիար բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր գործակցութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի ու երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՕՐՀՆԵՑ ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇՈՂ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Աւագ Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2021-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը՝ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի ժամերգութիւնը։ «Տասը Կուսանաց» առակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաներուն, որ Տէրը դիմաւորելու միշտ պատրաստ ըլլան:   Այս առիթով, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանէն տասը աղջիկներ, որոնցմէ հինգին վիճակուած…

ԱՆԹԻԼԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար ու խորհրդալից արարողութիւնը։   Արարողութեան աւարտին, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Դռնբացէքի խորհուրդը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստի եւ վերջին դատաստանի։ Ան հաւատացեալներուն ուշադրութեան հրաւիրեց, թէ հոգիի փրկութիւն գտնելու եւ արդարութեան ճամբէն քալելով երկնաւոր Հօր հասնելու…

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴՈՑ՝ ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ, ՄԻ՛ ՅՈՒՍԱՀԱՏԻՔ, ՄԻԱ՛ՅՆ ՀԱՒԱՏԱՑԷՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին առաւօտուն, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ՝ Ծաղկազարդի տօնը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Տօնին աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը կ՚օրհնէ մանուկները եւ իր Հայրական խօսքը կ՚ուղղէ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս, Մեծ Պահոց շրջանին Հսկումի արարողութեանց մասնակցեցան կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներ։ Իւրաքանչիւր արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց աշակերտներուն եւ իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն օրհնուած խաչեր բաժնեց անոնց։   Այսօր, տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց շրջանի Հսկումի վերջին արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2021-ին, մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ էլ Խազէն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Դեսպանը շաբաթ մը առաջ այցելած էր Հայրապետին եւ նկատի ունենալով Նորին Սրբութեան սերտ յարաբերութիւնը Վատիկանի հետ, առաջարկած էր նամակ մը յղել՝ պարզելով Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը եւ որոշ գործնական առաջարկներ ներկայացնել՝ Վատիկանի…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ի առաւօտեան, Ազգային Ազատականներու Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց կուսակցութեան մտահոգութիւնը եւ Լիբանանը ներկայ վիճակէն դուրս բերելու իր պատկերացումը: Միաժամանակ ան յատուկ գնահատանք արտայայտեց լիբանանահայութեան առողջ մօտեցումներուն՝ երկիրը յուզող հարցերու գծով:   Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, շեշտեց Լիբանանը դիմագրաւող ներքին թէ արտաքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Արցախի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ մարտահրաւէրներուն: Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց դեսպանը, թէ անդրադարձ եղած է օր մը առաջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին,…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՆՅԱՊԱՂ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Երկուշաբթի, 22 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Ապտալլա Էլ Պուխարի կոչ ուղղեցին նոր կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան ու տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու ազդու միջոցներու որդեգրման:   Վեհափառ Հայրապետին գրասենեակին մէջ աւելի քան ժամ մը տեւած մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութիւնն ու դեսպանը Լիբանանի ներկայ կացութեան…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐԸ

Հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգորի Լուսաւորիչ Հայրապետին սոսկալի չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքի տօնը, որ Անթիլիասի Ուխտի Օրն է, Մայրավանքի համանուն Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Կիրակի, 21 Մարտ 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Յիշեալ տօնին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալներ տօնին նախօրէին Մայրավանքին մէջ գիշերելով՝ իրենց աղօթքներով եւ ուխտով կը պարուրեն Մայր Տաճարը,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

4, 5, 8 եւ 9 Մարտ 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Համաշխարհային Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն» յանձնաժողովը գումարեց իր առցանց ժողովը, որ բաղկացած էր զանազան երկիրներէ եւ եկեղեցիներէ եկած 25 անդամներէ, ինչպէս նաեւ խորհրդատուներէ, հիւրերէ եւ ԵՀԽ-ի «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովի տնօրէնէն։   Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ 2013 թուականէն ի վեր…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՌԱՖԱՅԷԼ ՏԷ ՆՈԿԱԼԵՍ ՄԵՆՏԵԶԻ «ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՄԱՀԻԿԻՆ ՏԱԿ» ՀԱՏՈՐԸ

Արաբերէն լեզուով Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի (Rafael de Nogales Méndez)  «Չորս Տարի Մահիկին Տակ» (أربع سنوات تحت الهلال) գիրքը լոյս կը տեսնէ «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի հրատարակութեամբ (թիւ 15)։ Գիրքին թարգմանութիւնը ռուսերէնէ կատարուած է սուրիացի անյայտ թարգմանիչի մը կողմէ, իսկ թարգմանութիւնը վերատեսութեան ենթարկած է հալէպահայ ազգայիններէն Դոկտ. Հուրի Ազէզեանը։   Համաշխարհային առաջին պատերազմին Օսմանեան բանակին…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի 14-րդ հրատարակութիւնը նուիրուած է Մարտ 2018-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած եռօրեայ համահայկական համագումարին։   Հատորին խմբագիրն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։ Ժողովածուն հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի գիտական խորհուրդը։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ

Շաբաթ, 13 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ համա-ատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի առցանց նիստը։ Կրօնական Ժողովի անդամներուն կողքին, նիստին մասնակցեցան նաեւ թեմակալ առաջնորդներ եւ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։ Ժողովին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը «Հոգւոցն հանգուցելոց…» արտասանեց լուսահոգի Տ.…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին։ Նիստին մասնակցեցան փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։   Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց վերջերս լոյս տեսած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ» խորագիրով եւ փրոֆ.…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Առնուած «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթէն.-   Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021-ին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, նախ եւ առաջ Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին ծննդեան տարեդարձը` մաղթելով, որ Հայրապետական Ասան մնայ միշտ ծաղկեալ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շեշտեց, թէ անցնող 25 տարիներու ընթացքին Համազգայինի կապերը…

ՄԻՋԻՆՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 10 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած Միջինքի Արեւագալի արարողութեան։   Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանին, ինչպէս նաեւ միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներուն, Միջինքը կը նշէր Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր նաեւ իր Հայրապետական պատգամը կ՚ուղղէր մեր…

«ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԵՏ ԵՂԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԱՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԸԼԼԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Միջինքի պատգամին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ արտասանուած, Չորեքշաբթի 10 Մարտ 2021-ին։   **********   Քրիստոնէական կրօնին իմաստը ու նպատակը, իւրայատկութիւնը ու պատգամը կարելի է խտացնել վերոնշեալ հաստատումին մէջ։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Աստուած մարդուն հետ եղաւ։ Քրիստոնէական հաւատքին աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Քրիստոնէական կրօնի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 6 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի, Ֆրանսիս Պապին Իրաք տուած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի առնչուած հարցեր։   Յայտնենք, որ Դոկտ. Ալ-Խազեն Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութեանց դասախօս էր, ապա՝…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան առցանց ժողովը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարչութեան անդամներ՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն ու Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։   Ժողովը առաջին հերթին վաւերացուց Սեպտեմբեր 2020-ին Պըքերքէի մէջ գումարուած նախորդ հանդիպումին ատենագրութիւնը, որմէ ետք Ընդհանուր Քարտուղար…

«ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐԸ ՅԻՇԵՑՈՒՄ ԵՆ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ՄԻՇՏ ՄՆԱԼՈՒ ԱՐԹՈՒՆ ԵՒ ՄԻԱԿԱՄ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս տարի 33-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած ջարդերուն:   Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն Սումկայիթի ջարդերուն զոհուած ու նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԱՔԹ ԸԼԱՅԸՆՍ» ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

17 եւ 18 Փետրուար 2021-ին, «ԱՔԹ Ըլայընս»՝ համագործակցութեամբ «ԱՔԹ» Լիբանանի Ֆորիւմին, կազմակերպած էր առցանց երկխօսութիւն մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։ Այս տարուան ընթացքին եւ աշխարհի տարածքին, «ԱՔԹ Ըլայընս»-ը նախատեսած է իրագործել կլիմայական արդարութեան նուիրուած զանազան ծրագիրներ՝ տարածաշրջանային եւ ազգային գործընթացներու միջոցով, որոնք պիտի ըլլան համահունչ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ

Շաբաթ, 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար առցանց նիստը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ  համա-ատենապետութեամբ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեանի (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսերէճեանի (Ապու Տապի)։   Առաջին հերթին դիւանապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ երկու նիստերու ատենագրութիւններուն գլխաւոր կէտերը, յատկապէս ծանրանալով Լիբանանի հայութեան վերականգնումի, Արցախի…

«ԵԿԷՔ, ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ, ՀԵՏԵՒԵԼՈՎ ՄԱՆՈՒԿ ՅԻՍՈՒՍԻ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՄԵՐ ԱՆՁԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆԾԱՅԵՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շաբաթ, 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ:   Յայտնենք, որ Տեառնընդառաջը մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է, նոյն հասկացողութեամբ եւ հաւատքով ծնողներ իրենց 40-օրեայ զաւակները կը բերեն եկեղեցի եւ կ՚ընծայեն Տիրոջ:   Նկատի ունենալով Լիբանանի, ինչպէս նաեւ այլ թեմերէ ներս շարունակուող…

«ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» հատորներու առցանց ներկայացումը։ Յայտագիրին բանախօսերն էին հատորներու խմբագիր Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի նախկին խմբավարներէն Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխըրտըմեան (այժմ Վանգուվըրի հոգեւոր հովիւ) եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի խմբավար…

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հակառակ մեր շուրջը տիրող աննպաստ պայմաններուն, Անթիլիասի Մայրավանքը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, նշեց մեր պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը եւ վերանորոգեց «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ուխտը։   Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիաս Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի նախատօնակ՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն,…

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ ՎԱՍՆ ՀՈԳՒՈՑՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՄԻԱԲԱՆԻՑ ՈՒԽՏԻՆ ԿԻԼԻԿԵԱՆ

Սուրբ Աթոռիս աւանդութեան համաձայն, Փետրուար ամսուն առաջին Կիրակիին տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ հոգիներուն համար Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասական շրջանին գահակալած ու ծառայած երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետներուն եւ հոգելոյս միաբան հայրերուն։   Առ այդ, Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին,…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Նկատի ունենալով, որ վաղը՝ Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր Ս. Աթոռի վախճանեալ կաթողիկոսներու եւ միաբան հայրերու հոգիներուն համար, Ուրբաթ, 5 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ Ընծայարանի Դ. եւ Գ. դասարանի սարկաւագները ներկայացուցին դասախօսական շարք…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարին Գործադիր Մարմինը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) առցանց ժողով մը գումարեց 29 Յունուար 2021-ին։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ Համագումարին անդամ եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։   Ժողովին օրակարգը կ՚ընդգրկէր «Բնութիւն եւ Ինքնութիւն» աշխատութեան զարգացումն ու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ծրագրումը Հոկտեմբեր 2021-ին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐԸ

Երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։   Ան զեկոյց տուաւ Նորին Սրբութեան նախարարութեան գործունէութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով համաճարակին առնչուած աշխատանքներուն վրայ, նկատի ունենալով, որ այս ուղղութեամբ կազմուած պետական յանձնախումբին անդամ է ան։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նախարարի պաշտօնակատար Օհանեան-Գէորգեանին՝ ընդգծելով ընդհանրապէս Լիբանանին…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

  Այսօր Կաթողիկոսարանը շարունակեց լիբանանի հայ համայնքի կարիքներուն իր օժանդակութիւնը։ Այս անգամ մեր օժանդակութիւնը կեդրոնացաւ կրթական, կրօնական, ընկերային ու մշակութային կառոյցներուն վրայ։     Համայնքի կեանքին առանցքը իր կառոյցներն են։ Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները ըլլան կազմակերպ ու ինքնաբաւ, որպէսզի անոնց աշխոյժ գործունէութեամբ համայնքը դառնայ կենսունակ։     Արդ, անոնք որոնք մասնակից կը դառնան մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 29 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Էքաթէրինի Ֆունթուլաքին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին։   Նորին Սրբութիւնը հարկ եղած բացատրութիւնները տուաւ դեսպանին՝ ներկայացնելով Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցները ու անոր քաղաքական դերակատարութիւնը։ Այս առիթով Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ 1000 ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՆԻՒԹԱՊԷՍ ՕԺԱՆԴԱԿԵՑ

Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, Կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններէն ներս, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:   Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ…

ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը։   Հայր սուրբը ձեռնադրուած եւ օծուած է 2012-ին։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պըրքլիի Graduate Theological Union համալսարանին մէջ՝ արժանանալով մագիստրոսի աստիճանին։ Հայր սուրբը Կաթողիկոսարանէն ներս ստնաձնած է Երիտասարդական Բաժանմունքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան հոգեւոր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԱՂՕԹՔԻՆ

Կիրակի, 24 Յունուար 2021-ին, տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն «Աղօթքի Շաբաթ Եկեղեցիներու Միութեան Համար», կազմակերպութեամբ Միջ-եկեղեցական Երկխօսութեան Յանձնախումբին:   1908 թուականէն ի վեր հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, աշխարհի տարածքին եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ միատեղուելով, Յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին կը կատարեն եկեղեցիներու միութեան աղօթք: Այս տարի, քորոնա ժահրին ստեղծած ոչ-բնական պայմաններուն պատճառով յիշեալ արարողութիւնը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԸ

Շաբաթ առաւօտ՝ 23 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը: Նորընտիր նախագահին ուղղած իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած հայերը պատրաստ են գործակցելու իր եւ իր ղեկավարած վարչակազմին հետ՝ ի խնդիր մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու պաշտպանութեան, Միացեալ Նահանգներու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

11-15 Յունուար 2021-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) յառաջիկայ Ընդհանուր Համաժողովին Պաշտամունքի Ծրագրաւորման Յանձնախումբին երկրորդ նիստը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ, Ե.Հ.Խ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ սոյն յանձնախումբին անդամ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։   Նշենք, որ յանձնախումբը իր առաջին նիստը գումարած էր 2019-ին, Գերմանիա, ուր…

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ

Շաբաթ, 16 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով գուժեցին Կիլիկիեան Ուխտի աւագ անդամներէն հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վաղահաս վախճանումը։   Արդարեւ, Կիրակի, 17 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, մէջ յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին,…

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ

Ծնած է 3 Յունուար 1968-ին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունն է Կարապետ։ Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Աքսոր Գասարճեան եւ Միհրան Գարակէօզեան Վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր 1982-ին։   Կատարելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց քառամեայ ընթացքը՝ սարկաւագ ձեռնադրուած է 26 Մայիս 1985-ին, ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի։ Աւարտելէ ետք Ընծայարանի…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին։ Ներկայ էին յանձնախումբի անդամներ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։   Ժողովը լսեց զեկուցումներ անցեալ տարուան ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութիւններու մասին, որմէ ետք քննեց անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով պատմաքաղաքական բնոյթ…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ԵՒ ԹԵՄԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ներկայ տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական յատուկ հռչակագրով հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։   Արդարեւ, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ընթերցուեցաւ Հայրապետական հռչակագիրը՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։   Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայրապետական հռչակագիրը ամբողջութեամբ.-…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐՈՆԻԹ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչ Արքեպիսկոպոս Փոլ Սայեահը: Ան հայոց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Պատրիարքին շնորհաւորանքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած Պատրիարքին մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները: Յայտնենք, որ այս առաւօտ Մարոնիթ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ:   Վեհափառ…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵ՛ԶԻ ՀԱՄԱՐ ԾՆԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԵՆՔ ԻՐ ԾՆՈՒՆԴՈՎ ՎԵՐԱԾՆԻՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Այս յիշեցումը դարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սուրբ Ծննդեան պատգամին առանցքը, զոր փոխանցեց 6 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցած Ս. եւ Անմահ Պատարագ ընթացքին։ Խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան մասին, Վեհափառը ըսաւ, թէ «Աստուծմէ հեռացած, իր աստուածային պատկերը եղծած, մեղքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԴԱՌՆԱՆՔ ՄԵՐ ՓՐԿԻՉԻՆ     Աւետարանիչը կը վկայէ, թէ գիշեր մը դաշտին մէջ երբ հովիւները իրենց հօտերուն պահակութիւնը կ’ընէին, Աստուծոյ հրեշտակը կ’երեւնայ. հովիւները կը վախնան. հրեշտակը կ’ըսէ անոնց՝ մի՛ վախնաք, այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր փրկիչը ծնաւ (Ղկ. 2.8-12)։   Պատահական չէր հրեշտակին տուած աւետիսը։ Պատահական չէր Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը։   Դրախտի կեանքէն արտաքսուած ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՂՕԹԵՆՔ ՈՐ 2021 ՏԱՐԻՆ ԴԱՌՆԱՅ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՏԱՐԻ՝ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ     Բացուող Նոր Տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Տագնապալից տարի մը եղաւ 2020 տարին համայն մարդկութեան ու յատկապէս՝ մեր ժողովուրդին համար։ Արդարեւ, քորոնա ժահրին ու տնտեսական տագնապին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Հինգշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սփիթերին։ Ան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին եղբայրական ողջոյնները եւ վերջինիս կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթղիկոսութեան ու Վատիկանի գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՆՊԱՍՏԸ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

  Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Նոր Տարուան առիթով տեղի ունենալիք աշակերտական խրախճանքին յատկացուելիք  ծախսերն ու նուիրատուութիւնները յատկացուց Լիբանանի ու Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նոյնպէս Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը 200 ընտանիքներու նպաստ բաշխեց:   Յայտնենք, որ այս ուղղութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերը նիւթապէս օգտակար հանդիսացան: 

«ԿՐՕՆԻ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՊԷՍ ՊԻՏԻ ՆՊԱՍՏԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս շեշտաւորումով Վեհափառ Հայրապետը եզրափակեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Բաժանմունքի ուսանողներուն իր տուած դասախօսութիւնը «Կրօն եւ Գիտութիւն» նիւթին շուրջ, Չորեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս:   Ներածական իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց իւրայատկութիւններով եւ տարբերութիւններով՝ յիշելով որ երկուքն ալ տարբեր ձեւերով ու մօտեցումներով կը ձգտին ճշմարտութեան: Ճշմարտութեան…

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Կիրակի, 27 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը։ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ Ս. Սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը։   Ս. Պատարագի աւարտին, իր…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ի Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ միաբանական հաւաք մը տեղ ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։   Հաւաքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը շարք մը թելադրութիւններ կատարեց միաբան հայրերու քարոզախօսութիւններու, դասախօսութիւններու եւ ընկերային ցանցերու գործածութեան առնչուած, ինչպէս նաեւ շեշտեց եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը առաւել ծաւալելու եւ մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը։…

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, ինչպէս նաեւ իր գլխաւորած Լիբանանի վարչութեան անդամներուն:   Ներկաները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նորտարուան բարեմաղթութիւնները եւ ազգն ու հայրենիքը յուզող հիմնական հարցերու նկատմամբ իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2021 ՏԱՐԻՆ ՀՌՉԱԿԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2003 թուականէն սկսեալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարին ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը։ Այս ծիրին մէջ, մեր թեմերէն ներս զանազան ձեռնարկներու ճամբով տուեալ տարուան թեման դարձած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յատուկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբնանաի Շրջանային Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Սեւակ Յակոբեանին, այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Հանդիպման ընթացքին քննարկումի ենթարկուեցան ընդհանրապէս մեր ազգը ու յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած կացութեան հետեւանքները։ Անորոշութիւններով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ պայմաններուն մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հայրենիքէն ներս նոր էջ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցլեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։   Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու յատկապէս Արցախի պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն Արցախի ու Հայաստաանի մէջ՝ քաղաքական, ընկերային ու…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

«ՀԱՒԱՏՔԻ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԱՄՈՒՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՐԵԼԻ Է ՅԱՂԹԵԼ՝ ՄԵԶԻ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ԳՈՅԱՄԱՐՏԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ    Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախի պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։   Այս տխուր առիթով Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց՝ թէ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ (ՁԵՌԱԳՐԵՐ, ՀՆԱՏԻՊԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ)

Յիշեալ նիւթին շուրջ Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։   Սրբազան հայրը ընդհանուր ներածականով մը ներկայացուց ձեռագրերու, հնատիպերու ու հրատարակչութեան զարգացման հոլովոյթը, ապա ան իր խօսքը մասնաւորեց Անթիլիասի Մայրավանքին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ

Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկներուն մեծ ուրախութիւն պատճառեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անակնկալ այցելութիւնը։ Շուրջ ժամ մը Վեհափառ Հայրապետը «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտներուն հետ եղաւ, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէն հայր սուրբին՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանին եւ պաշտօնէութեան։   Մեր ժողովուրդին համար սովորական որբանոց ըլլալէ անդին, «Թռչնոց…

ԻՐԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանատան խորհրդական դոկտ. Ապպաս Խավիարը։ Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իսլամական մշակոյթի եւ միջ—կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի նամակը։   Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Հանրապետութեան միջեւ շուրջ քսան (20) տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի կրօնքն…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՆ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ՇԱՐՔԻՆ Թ., Ժ. ԵՒ ԺԱ. ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսան «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին Թ., Ժ. եւ ԺԱ. հատորները՝ «Ապաշխարութեան Օրհնութիւններ Եւ Ապաշխարութեան Հարցեր Իրենց Սարքերով», «Ալէլուքներ Եւ Թագաւոր Յաւիտեաններ» եւ «Կանոն Հանգստեան, Հանգստեան Հարցեր Իրենց Սարքերով Եւ Խաչի Մանկունքներ» յաջորդաբար։   Հատորներուն խմբագրութիւնը կատարած է Գերշ. Տ. Օշական Արք.…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական միջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայ թէ օտար ուսանողական ու երիտասարդական միութիւններու։ Յիշեալ զօրակցական աղօթքը նուիրուած էր Արցախի հերոս նահատակներու յիշատակին։   Արարողութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ական Կարէն Սրկ. Եօսուլքանեանը, ապա արաբերէն լեզուով խօսք…