«ԱԶԱՏ ՕՐ»-Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ունեցած հարցազրոյցը Յունաստանի «Ազատ Օր» թերթին հետ։ Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, 11-16 Մարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն կատարեց Յունաստանի թեմին։ «Սփիւռքի Բ. տարուան» առիթով, Վեհափառ հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու բոլոր թեմերէն ներս, առաջին կայանը ընտրելով Յունաստանի Հայոց թեմը։ Իր բազմազբաղ յայտագիրի…