Թռչնոց Բոյն

Թռչնոց բոյնը հիմնուած է Մարիա Ճէյքըպսընի կողմէն, մայրաքաղաքաք Պէյրութէն 35 քմ դէպի հիւսիս, Միջերկրականի ափին գտնուող Պիպլոս (այժմ Ժիպէյլ) քաղաքի պատմական աւերակներուն մօտ եւ դարձած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն տունը։

1907 թուականին, 25-ամեայ դանիացի Մարիա Ճէյքըպսոն, հայկական հիւանդանոցի մէջ ծառայելու նպատակով, հաստատուած է Խարբերդ, Կիլիկիա: Երբ հայկական շրջաններու մէջ հաստատուած միսիոնարներ հեռացած են հայկական քաղաքներէն եւ գիւղերէն, Ճէյքըպսըն պատսպարած է հայ որբերը, անոնց առօրեայ սնունդ մատակարարելով եւ բժշկական խնամք ապահովելով։

1926 թուականին, երբ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը  կը դադրեցնէ իր առաքելութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, Մարիա Ճէյքըպսըն, Դանիական Կիներու Միսիոնարական Գործիչներու (Danish KMA) մարդասիրական ընկերակցութեան օժանդակութեամբ, գնած է Ժիպէյլի Հայկական Որբանոցը: Ան իր ողջ կեանքը նուիրած է հայ որբերուն խնամատարութեան, մինչեւ իր մահը՝ 1960 թուական: Անոր մահէն ետք, Դանիական Կիներու Միսիոնարական Գործիչներու Ընկերակցութիւնը կը շարունակէ «Թռչնոց Բոյն»ի իր առաքելութիւնը եւ 1970 թուականին հաստատութիւնը կը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

«Թռչնոց Բոյն»ի այժմու տնօրէնն է Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշգեան, իսկ Կաթողիկոսութեան կողմէ նշանակուած խնամակալութեան անդամներն են՝ Արժն. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Քէրքէզեան, տիար Ժոզէֆ Պէզճեան, տիկ. Յասմիկ Պզտիկեան, տիկ. Շաքէ Թորոսեան, տիար Գրիգոր Արսլանեան, տիկ. Սեդա Չէօրէքճեան եւ տիար Կարօ Յարութիւնեան, ։

Հասցէ՝

BIRDS’ NEST
Hay Ain El Yasmine
Armenian Street
P.O.Box 18
Jbeil-Lebanon

Հեռ. +961 9 540867
Ֆաքս. +961 9 540027
Ե-նամակ. armbirds@cyberia.net.lb

Նուիրատուութիւններու համար հաճեցէ՛ք հետեւիլ նշեալ տեղեկութիւններուն

Դրամատուն՝ Credit Libanais, Bourdj Hammoud branch

Swift Code: CLIBLBBX
Հաշիւի թիւ: 012 001 160 0005803 00 1
Հեռ. +9611 262393, 255429
Telex: 43626, 43623, 42861, CREDNLIB LB

Sterline -IBAN:LB89 0053 0012 0021 6000 0580 3004
Lebanese -IBAN:LB06 0053 0012 1002 1000 0580 3003
Dollar – IBAN: LB 90 005300 12 0011 6000 0580 3001