5 April, 2023

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքի նորակազմ վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

 

Երիտասարդական Բաժանմունքը, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, հաստատուած է 2004-ին եւ կը գործէ Կաթողիկոսութեան մակարդակի վրայ, այսինքն՝ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ հոն, ուր հայ երիտասարդ կ՚ապրի։ Երկու տարուան յարգելի պատճառներու դադարէ մը ետք, Բաժանմունքը իր առաքելութեան կը վերադառնայ նոր վարչութեամբ, որ իր կազմին մէջ կը ներառէ նաեւ մեր թեմերէն աշխուժ երիտասարդներ։

 

Հանդիպման ընթացքին երիտասարդները Նորին Սրբութեան ներկայացուցին Բաժանմունքին այս տարեշրջանի ծրագիրը, որ առիթ հանդիսացաւ Հայրապետին հետ զրուցելու երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու մասին՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման տարուան հռչակագիրին մէջ նշուած մտահոգութիւններէն մեկնելով։ Եւ որպէսզի երիտասարդին ձայնը լսելի դառնայ ամենուրէք ու երիտասարդութիւնը քով-քովի գալով բիւրեղացնէ մարտահրաւէրները՝ հարցերու լուծումներ որոնելով, պիտի կազմակերպուին երեք շրջանային համագումարներ՝ Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Համագումարներուն գլխաւոր թեման ինքնաքննութիւն եւ վերակազմակերպում է, որոնց անդրադարձ պիտի կատարուին տարբեր նիստերու, վարժանիստերու եւ աշխատանոցներու ճամբով։

 

Նշենք, որ Երիտասարդական Բաժանմունքը կը վայելէ Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ կը գործէ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի խորհրդատուութեան ներքեւ