Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2023-ին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ յիշեալ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին միջեւ, ներկայութեամբ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսին։
Հանդիպման միակ նիւթը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։ Յիշեցնենք, որ այս հարցին գծով Ռայի Պատրիարք շուրջ երկու ամիս առաջ այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ որմէ ետք խորհրդակցութիւնները շարունակուած էին երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ, մասնակցութեամբ երեսփոխան Բագրատունիի եւ Սայյահ Արքեպիսկոպոսի։
Նշենք, որ յիշեալ հարցին գծով խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին։