Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՆԵՐՍ ԳՈՐԾՈՂ ՔՈՅՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի մօտ Լիբանանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Ղատի Ալ-Խուրիի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, առաջնորդական փոխանորդ եւ Գոմոթինի շրջանի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան եւ Յունաստանի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան:

 

Հանդիպման ընթացքին կատարուած քննարկումներուն առանցքը հանդիսացան Լիբանան-Յունաստան յարաբերութեան առնչուած հարցերը, Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութիւնը եւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնը:

 

Դեսպան Ալ-Խուրի գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին դերին, յատկապէս նախագահական ընտրութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ:

 

Նոյն առաւօտ, Նորին Ս. Օծութիւնը այցելեց Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Մկրտիչեանի կողմէ:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստան-Յունաստան բարեկամական սերտ յարաբերութիւնը, տարածաշրջանի վերջին զարգացումները եւ Արցախի ներկայ իրավիճակը: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց դեսպանատուներուն եւ Սփիւռքի թեմական ու քաղաքական կառոյցներուն կարեւոր դերը՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան գծով:

 

Երեկոյեան, Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ յունահայ գաղութէն ներս գործող քոյր կազմակերպութիւններու վարչական մարմիններուն հետ:

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սփիւռքի վերակազմակերպման ուղղութեամբ մեր կառոյցներուն կատարելիք աշխատանքները: Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ իր տեսակէտները պարզեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ուղղութեամբ՝ միշտ շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութիւնը պահել աւելի ամուր: Այս գծով մեր ազգին համախմբումը, յատկապէս ներկայ դժուար ժամանակներուն, աւելի քան հրամայական է, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

 

Աւելի ուշ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ գտնուեցան առաջնորդ սրբազան հայրը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետը, Ազգային Վարչութեան ատենապետը, յոյն եկեղեցական բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ Աթէնքի համալսարանի դասախօսներ։

 

Յայտնենք, որ Աթէնքէն մեկնելէ առաջ, Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ազատ Օր» օրաթերթին հետ: