Տպարանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարեւոր բաժանմունքներէն մէկն է, որ իր կարեւոր նպաստը կը բերէ Կաթողիկոսութեան մշակութային եւ կրթական ծառայութեան:49-3

 

Տպարանը հաստատուած է 1931 թուականին եւ կը վայելէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական Բաժանմունքին զօրակցութիւնը: Արդարեւ, Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը, ո՛չ միայն կը շարունակէ մեկենաս հանդիսանալ լոյս ընծայուած հայագիտական բազմաթիւ հատորներու, այլ նաեւ կը նպաստէ տպարանի նորոգութեան եւ արդիականացման ծախսերուն:

 

print

Իր տպագրական արդիական սարքերով, տպարանը այսօր կրնայ բարձրագոյն որակի տպագրութիւններ լոյս ընծայել: Տպարանը իր կազմածներով եւ կարելիութիւններով կը հրատարակէ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն  եւ այլլ եզուներով պարբերաթերթեր եւ գիրքեր: