6 May, 2023

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 5 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմին։

 

Հանդիպման ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանը եւ դեսպանին քաղաքական հարցերու խորհրդականը։

 

Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր Մայրավանք՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցներն ու առաքելութիւնը։ Ապա, Հայրապետը կեդրոնացաւ Լիբանանի ու Գանատայի հայ համայնքներու ներքին դրուածքին ու գործունէութեան վրայ։ Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

 

Դեսպան ՄըքՔալըմ, իր կարգին, գնահատեց հայ համայնքին գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Գանատայի հայութեան մասին՝ շեշտելով անոր ունեցած դրական ներդրումը բազմակրօն, բազմամշակոյթ ու բազմացեղ գանատական ընկերութեան։