Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐ

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հալէպ կատարած իր հովուապետական զօրակցական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ի միջօրէին, իր շքախումբով այցելեց նախ երկրաշարժին հետեւանքով նիւթական վնասներ կրած Կիլիկեան Ճեմարան եւ մօտէն ծանօթացաւ տեղւոյն վնասներուն։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ճիշդ է, որ այս ցաւալի, մտահոգիչ պայմաններուն մէջ կը հանդիպինք, սակայն կ՚ուզեմ հաստատել, որ հալէպահայութիւնը կանգուն է եւ վճռած է շարունակել վերականգնումի իր հաւաքական աշխատանքը։ Անցնող տարիներուն դժուարութիւններ ունեցանք։ Այսօր տագնապը տարբեր է, սակայն բոլոր տագնապներուն դիմաց պէտք է ունենանք հաւատք, յոյս եւ միասնական աշխատանք»։ Ապա, աւելցնելով՝ ան ըսաւ. «Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը կը կազմաւորուի։ Մարդակերտումը եւ հայակերտումը հայ դպրոցին դրօշը կը կազմեն։ Այս դրօշին ներքեւ հսկայ աշխատանք կը կատարուի հայ դպրոցէն ներս։ Վստահ եմ, որ նոյն նախանձախնդրութեամբ ու նոյն նուիրումով այս դպրոցէն ներս ալ նման աշխատանքը կը տարուի»։ Արդարեւ, Հայրապետը գնահատեց Կիլիկեան Ճեմարանի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալութիւնը եւ բոլոր ծնողները՝ մաղթելով, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, միասնաբար շարունակեն կրթութեան եւ դաստիարակութեան նուիրեալ աշխատանքը։

 

Այնուհետեւ, Նորին Ս. Օծութիւնը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան որոնողափրկարարական խումբին գործուղղուած Շաար թաղամասը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբը սգերգ նուագեց։ Հայրապետը ծանօթացաւ տարուած փրկարարական աշխատանքին, որմէ ետք այցելեց Ազիզիէ թաղամասին մէջ փուլ եկած շէնքը, ուր հայ ընտանիք մը կը բնակէր։ Այստեղ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ հոգեւոր հայրերու մասնակցութեամբ հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ՝ երկրաշարժին պատճառով զոհուած հայ ընտանիքի երկու անդամներու (մայր եւ զաւակ) հոգիներուն խաղաղութեան համար։