ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ նորանշանակ դեսպան Ֆէրնզ Չիլաղի այցելութիւնը։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով դեսպանին անդրանիկ այցելութիւնը, պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը՝ գլխաւոր երեսներով։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ ընկերատնտեսական կացութեան եւ հայ համայնքին որդեգրած դրական ու հաւասարակշռուած դերակատարութեան, իբրեւ Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՏՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 6 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հանդիպում, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորը, Սփիւռքի տարուան հռչակման կարեւորութիւնը եւ Նորին Սրբութեան Տէր Զօր պատմական այցելութիւնը:   Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց, թէ նման հանդիպումները անհրաժեշտ են տեսակէտներու ու մտահոգութիւններու փոխանակման եւ…

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի կատարէ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն։   Մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող դէպք մըն է Միւռոնօրհնէքը։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար ան առիթ է քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման, հոգեւոր կեանքի վերանորոգման եւ ազգային պատկանելիութեան ամրացման։   Դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Միւռոնօրհնութեան առիթով մեր ժողովուրդի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆԾԱՅԱԲԵՐԵՑ 19 ՆՈՐ ՄՇԱԿՆԵՐ

Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Հոգեգալստեան տօնի առաւօտուն, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն, ձեռամբ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեանի։   Ուրախութիւն էր Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին համար, որ իր…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԱՏՈՒԿ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր բոլորին ծանօթ համաշխարհային եւ լիբանանեան ծանր պայմաններու պատճառով երկար յապաղումէ ետք, կու գանք ուրախութեամբ յայտարարելու, որ լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակին (1995-2020) նուիրուած հատորը։     Հայրապետին արծաթեայ յոբելինականին նուիրուած աշխատասիրութիւնը կը ներկայացնէ Սրբազնագոյն Հայրապետին 25 տարուան ծառայութիւնը՝ զանազան ոլորտներու մէջ եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց։ 52 յօդուածագիրներ՝ կղերականներ, միջ-եկեղեցական եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022-ին երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքայի միջեւ։     Հանդիպման առանցքը դարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ քաղաքական քայլերուն, միջ-համայնքային գործակցութեան ու ընկերատնտեսական տագնապը կարելի փութով մեղմացնելու կարելիութիւններուն շուրջ։ Նորին Ս. Օծութիւնը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

(Ազդակ օրաթերթէն առնուած)   Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, Շաբաթ, 28 Մայիս 2022-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Արին Սէնթըր»-ի դիմաց տեղի ունեցաւ «Ազգային Երգերու Համերգ»` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ «ԿԻԼԻԿԻԱ» նուագախումբին:  …

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Կիրակի 22 եւ Երկուշաբթի 23 Մայիս 2022-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու եւ Դպրեվանքներու Միութեան (Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ.) համագումարը, Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէ ժամանած երեսուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:   Համագումարը սկիզբ առաւ ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իպրահիմ Իսհաք պատրիարքին ողջոյնի խօսքով: Սոյն հաւաքին նպատակն էր վերամշակել Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ.ի ներքին օրէնքները, ընտրել նոր նախագահ եւ գործադիր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳԻ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԱՀԷ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆԸ

  Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւն եւ օծում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին: Աւանդութեան համաձայն ձեռնադրեալ քահանան կ’ունենայ կնքահայր: Երեք նորընծայ աբեղաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնեց յիշեալ թեմին Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեանը:   Ձեռնադրութենէն ետք, Դպրեվանքի գեղեցիկ աւանդութեան…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 104-ԱՄԵԱԿՆ ՈՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովրդին, մեծ շուքով կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք ու նշուեցաւ Արամ Մանուկեանի անունով օծուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութիւնը։   Ս. Պատարագի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը, որուն…

ՄԱՅԻՍ 28-Ն ՀՐԱՒԷՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԶՕՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

Դարձեալ Մայիս 28 է։ Ազատութեան ու անկախութեան ձգտող ու պայքարող հայ ժողովուրդին համար իւրաքանչիւր օր Մայիս 28 է ու պէ՛տք է ըլլայ։   Այս տեսլականով ու յանձնառութեամբ սերունդներ կազմաւորուեցան։ Եռագոյնով ամբողջական Հայաստանը ամբողջական հայութեամբ վերակերտելու հաւատքը ու կամքը տասնամեակներ շարունակ իմաստաւորեցին օրերը մեր ժողովուրդի զաւակներուն։   Արդարեւ, աշխարհաքաղաքական պայմաններու պարտադրանքով մեր կորսնցուցած անկախութիւնը 1991-ին վերականգնեցինք՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՇԻՆԵՆՔ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ՀԱՄԱԼԻՐՈՎ։ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՀԱՄԱԼԻՐԸ ՎԵՐԱՇԻՆԵԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ, ՆՈՐ ԹԱՓ ՏԱԼ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ»

(Առնուած Գանձասարէն)   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին, այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն, թեմի միաբան հայրերուն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն ժամանած հայկական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու մեծաթիւ ներկայացուցիչներու, Սուրիոյ ապահովական ուժերու, Սուրիական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, Նահատակներու ընտանիքներու օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու եւ տեղական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

(Առնուած Գանձասարէն)   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեքշաբթի, 24 Մայիսին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահին եւ այլ պետական ու հոգեւոր պատասխանատուներու հետ ունեցած իր հանդիպումներէն ետք, Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իրեն ընկերակցող շքախումբին հետ ժամանեց համահայկական ուխտավայր՝ Տէր Զօր:   Շքախումբին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի կողքին,…

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթիւր Թովմասեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպան ներկայ էր Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան։   Հանդիպման ընթացքին Ազգ. Ժողովի նախագահն ու պատուիրակութիւնը Նորին Ս. Օծութեան ներկայացուցին Արցախի պարզած ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ իրենց…

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՈՒԽՏԱՎԱՅՐԷՆ

Տէր Զօրի համազգային ուխտավայրէն, Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Տէր Զօր… կա՞յ իր երակներուն մէջ հայու արիւն ունեցող հայ մը աշխարհի տարածքին, որ չի գիտեր թէ Տէր Զօրը վայր ըլլալէ անդին՝ հոմանիշ է Հայոց Ցեղասպանութեան։ Արդարեւ, կարելի չէ ամբողջական ճանաչումը ունենալ հայոց ժամանակակից պատմութեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱԼ֊ԱՍԱՏԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2022֊ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ֊Ասատի հետ։ Նորին Ս. Օծութեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զոպուեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ խորհրդարանի հայկական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԶԻՆՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ ՆՈՐԸՆԾԱՆԵՐՈՎ

Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Բարշ. Հրակ Սրկ.…

ԵՐԵՔ ՆՈՐ ԸՆԾԱՅԵԱԼՆԵՐՈՒ ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Շաբաթ, 21 Մայիս 2022-ին, Կիրակնամուտքի ժամերգութեան աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ Դպրեվանքի երեք աւարտական սարկաւագներու քահանայական կոչման արարողութիւնը։     Ընծայեալ սարկաւագները խարտաւիլակ հայր սուրբին…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Ուրբաթ, 20 Մայիս 2022-ին, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) համաժողովը ունեցաւ իր եզրափակիչ նիստը: Չորս օր առաջ «Մի՛ վախնաք, ես եմ» աւետարանական բնաբանով ընթացք առած համաժողովը նախ լսեց հոգեւոր պետերու պատգամները: Անոնց յաջորդեցին համաժողովի բնաբանին շուրջ խորհրդածութիւնն ու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին զեկոյցը եւ վերջինը լայնօրէն քննարկուեցաւ ժողովականներուն կողմէ: Խորհուրդի բաժանմունքները ներկայացուցին…

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 15 Մայիս 2022-ին, միաբան հայրեր եւ դպրեվանեցիներ կատարեցին երեկոյեան ժամերգութիւն եւ անդաստան, որմէ անմիջապէս ետք, միաբան հայրերով եւ դպրեվանեցիներով կազմուեցաւ Հայրապետական թափօր եւ ուղղուեցաւ Մայր Տաճարի կողքին, ուր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, սկիզբ առաւ Սրբալոյս Միւռոնի պատրաստութիւնը։   Տէրունական աղօթքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը աղօթք առաքեց առ Աստուած, որ Միւռոնը դառնայ օրհնութիւն եւ…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՊՏ ԱԼ-ՖԱԹԹԱՀ ԱԼ֊ՍԻՍԻԻՆ ՄՕՏ

Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2022-ին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտ Ալ-Ֆաթթահ Ալ-Սիսի ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) 12-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերու այցելութիւնը, Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ:   Նախագահ Ալ-Սիսի ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց համաժողովը Եգիպտոսի մէջ գումարելու որոշումին համար: Ան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան անհրաժեշտութեան եւ ընդգծեց, թէ քրիստոնեայ քաղաքացիները անբաժան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ

12-14 Մայիս 2022-ին, Քեմպրիճի (Անգլիա) մէջ, Լիբանանի եւ Անգլիոյ Աստուածաշունչի Ընկերակցութեանց կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու շուրջ քառասուն ներկայացուցիչներու միջազգային համագումարը, որուն թեման էր՝ «Աստուծոյ խօսքով համախմբուած քրիստոնեաներ՝ իրարու նեցուկ դժուարին ժամանակներու ընթացքին»։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն համագումարին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (ատենապետ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՈՐ ՆՈՐ ԾԱՒԱԼ ՍՏԱՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) բացման նիստին յատուկ կերպով խօսք առնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց շրջանէն ներս եկեղեցիներու գործակցութեան նոր մղում ու ծաւալ տալու հրամայականը: «Հսկայ տագնապներու դիմաց է Միջին Արեւելքը. տագնապներ, որոնց անմիջականօրէն ենթակայ են նաեւ եկեղեցիները: Այս կացութեան դիմաց սովորական գործակցութենէ անդին անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել ներ-եկեղեցական ու միջ-եկեղեցական կեանքը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 16 Մայիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (Ա.Մ.Է.), Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին, նամակ յղեց Ա.Մ.Է. նորընտիր նախագահին՝ վսեմաշուք Շէյխ Մուհամմատ Պըն Զայէտ Ալ-Նահեանի՝ շնորհաւորելով անոր նախագահական ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ա.Մ.Է. ժողովուրդը։   Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեց տարիներ առաջ Ա.Մ.Է. մէջ նորընտիր նախագահին հետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԵԳԻՊՏՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երկուշաբթի, 16 Մայիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ (Եգիպտոս), ընդառաջելով ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաուատրոս Պատրիարքին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարի հրաւէրին, իբրեւ պատուոյ հիւր մասնակցելու եւ իր խօսքը ուղղելու Խորհուրդի համաժողովին։   Չորս տարին անգամ մը գումարուող Մ.Ա.Ե.Խ.ի ներկայ համաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի հինգ անձերէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

  Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (Ա.Մ.Է.) նախագահ, զինեալ ոյժերու հրամանատար եւ Ապու Տապիի կառավարիչ Շէյխ Խալիֆա Պըն Զայէտ Ալ-Նահեանի մահուան տխուր առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Ա.Մ.Է., Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին ցաւակցագիր մը յղեց Ա.Մ.Է. պետութեան եւ ժողովուրդին։   Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը։   Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն առանցքը բնականաբար դարձան Ուքրանիոյ պատերազմը եւ Հայաստանը։ Յիշեալ հարցերուն գծով Նորին Ս. Օծութիւնը ներկայացուց իր պատկերացումները ու մտահոգութիւնները։   Դեսպան Ռուտաքով, իր կարգին, պարզեց Ուքրանիոյ հարցին գծով Ռուսիոյ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋ-ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՓԱՐԱԼԻՄՆԻԻ ՄԷՋ

Փարալիմնիի (Կիպրոս) մէջ Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2022-ին սկիզբ առաւ ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու համագումարը։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) որդեգրած աւանդութեան համաձայն, եօթը տարին անգամ մը գումարուող Խորհուրդին համաժողովէն առաջ կը կազմակերպուի ուղղափառ եկեղեցիներու պատուիրակներու մասնակցութեամբ յատուկ համագումար մը՝ համաժողովին քննարկելիք նիւթերուն շուրջ ուղղափառ եկեղեցիներուն տեսակէտը պարզելու համար։   Սեպտեմբեր 2022-ին Գերմանիոյ մէջ կայանալիք Ե.Հ.Խ.ի համաժողովին օրակարգի…

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ» ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովին (Commission on World Mission and Evangelism) եւ համագործակցութեամբ Միջազգային Միսիոնարական Ժողովին (International Missionary Council), 2021-2022 տարեշրջանի ընթացքին շարք մը ծրագիրներու ընդմէջէն պիտի նշուի միսիոնարական համաժողովին 100 ամեակը՝ զանազան հանդիպումներու եւ գրական աշխատութիւններու միջոցաւ եւ անդրադարձ պիտի կատարուի անոր պատմութեան, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի տեսլականին մասին։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐ ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱՆԸ

  Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2022֊ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, ընկերակցութեամբ իր օգնականներուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան֊Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ։

Ռ.Ա.Կ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (Ռ.Ա.Կ.) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, առաջնորդութեամբ Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանի:   Պատուիրակութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան Ապրիլ 24-ի առիթով արտասանած պատգամին համար, ուր յստակօրէն ու ամբողջական կերպով կը պարզէր հայութիւնն ու Հայաստանը դիմագրաւող տագնապները եւ զանոնք միասնաբար յաղթահարելու միջոցները: Վեհափառ Հայրապետը…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Ազատական կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի նախկին նախագահ Քամիլ Շամունի թոռնիկին՝ Քամիլ Տօրի Շամունին:   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներքին քաղաքական, ընկերա-տնտեսական եւ ընտրական մարզերուն ու աշխատանքներուն հետ աղերս ունեցող հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով պատուիրակութեան այցելութիւնը՝ յիշեց, որ Կաթողիկոսարանի եւ նախագահ Քամիլ Շամունի միջեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.Ի ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Հրաչ Գույումճեանը:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապին, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հիմնահարցերու վրայ:   Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան Վեհափառ Հայրապետին պարզեց վերջերս Գերագոյն Խորհուրդին կատարած կոչին յատկանշական երեսները ու մանաւանդ Ռ.Ա.Կ.ի ներքին միասնականութիւնը…

«ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՖՈՆՏ»Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Անցնող վեց ամիսներու ընթացքին, Կաթողիկոսարանին հովանաւորութեամբ ստեղծուած Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու առողջապահական ծառայութիւններու ֆոնտը աշխատեցաւ երկու հանգրուաններով՝ իւրաքանչիւր հանգրուան երեք ամսուան տեւողութեամբ, շաբաթական երեք օրերու վրայ տարածուած, առաւօտեան ժամը 09:00-էն 01:00: Շաբաթական դրութեամբ ալ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու հետ հանդիպումներով նպաստներու գումարը որոշուեցաւ:   Առաջին երեք ամիսներուն օգտակար եղանք ախտաճանաչման քննութիւններու եւ…

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԲԱՑՈՒԱԾ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ Է

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոութիւնը դատ բացած էր Թուրքիոյ պետութեան դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Յիշեալ դատը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրէն ներս առաջին իրաւական քայլն էր։   Արդարեւ, նախ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատի քննութիւնը մերժուած էր եւ ապա Կաթողիկոսարանը դիմած էր Եւրոպայի Մարդկային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեանբ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Հայաստանն ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքին առնչուած կարգ մը խնդիրներ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԻԼԻԱՍ ԱՈՒՏԷՅԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի երեկոյեան, 28 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բարեկամական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի Յոյն Ուղղափառ առաջնորդ Իլիաս Աուտէին։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Արքեպիսկոպոս Աուտէն համալսարանի մէջ դասընկերներ եղած են եւ երկար ժամանակ գործակցած միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միջ-համայնքային յարաբերութեանց ծիրէն ներս։   Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքութեան, Մեծի Տանն…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԻՖԹԱՐԻ ՀԻՒՐԸ

Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2022-ին, ընդառաջելով Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Էլ-Պուխարիի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ դեսպանին տան մէջ կազմակերպուած իֆթարին: Հրաւէրին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի համայնքներու հոգեւոր պետերը, Ծոցի երկիրներու դեսպաններն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանուհին:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունենալու Լիբանանը յուզող հարցերուն շուրջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստան Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Ապրիլ 24-ի նշումին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի կացութեան վրայ: Յատկապէս շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու յանձնառութեամբ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Է. ՄԱՔՐՈՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի ուղղած յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհաւորեց անոր վերընտրութիւնը որպէս նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան:   Խօսելով ներկայ ժամանակներու տագնապներու մասին՝ Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեցուց, թէ «Ֆրանսան ճշդորոշիչ դեր ունի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ», աւելցնելով՝ թէ «Ֆրանսան իբրեւ խորհրդանիշ արդարութեան, բազմազանութեան եւ մարդկային իրաւանց, կոչուած է…

ՊԱՅՔԱՐԸ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ Ի ԽՆԴԻՐ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՄԱՆ

Կʼապրինք այլազան տագնապներով յղի ծանր պայմաններուն մէջ։ — Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը։ — Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը։ — Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբող­ջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը։ — Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը։   Այս հաստատումները տեսական յղացքներ չեն, յուսահատութեամբ ու յոռետեսութեամբ պարուր­ուած զգացական արտայայտութիւններ չեն, այլ՝ ներկայ հայ կեանքի իրապաշտ արժեւորումէն…

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԵՐԹԸ

Հայոց Ցեղասպանութեան 107 ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնները ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին մէջ սկիզբ առին Պիքֆայայի Ս. Աստուծածին Վանքի եւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ սկաուտական հսկումներով, յաջորդ օրը դարձեալ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդկան-ուսանողական միութիւններու կազմակերպած հաւաքով, ապա ժողովրդային քայլարշաւով՝ Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիասի Մայրավանք, սրբոց նահատակաց նուիրուած Ս. Պատարագի մատուցմամբ եւ բարեխօսական կարգով, հուսկ ոգեշնչող եւ օրուան…

ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

● «Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը։ Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը։ Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը։ Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը»։     ●«Համահայկական խնդիրներու, ծրագիրներու եւ տագնապներու գծով համահայկական մաշտապով խորհրդակցութիւն ու գործակցութիւն ունենալը եւ ի պահանջել հարկին որոշում կայացնելը՝ Ազգային խորհուրդի մը ծիրէն ներս, կը նկատենք անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն»։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.ԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) զանազան մարմինները ներկայացնող պատուիրակութեան մը, գլխաւորութեամբ Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ շրջանային վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։   Ողջունելով պատուիրակութեան այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց տասնամեակներու վրայ տարածուած Հ.Բ.Ը.Մ.ի ազգանուէր ծառայութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի…

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

«Սփիւռքի Տարի» հռչակելէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս նախաձեռնեց գործնական քայլերու։ Այս ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենան զանազան շրջանակներու հետ խորհրդակցական հանդիպումներ։ Արդարեւ, Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, առցանց խորհրդակցական հանդիպում կայացաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ զանազան երկիրներու մէջ գործող 30-է աւելի երիտասարդներու հետ, որոնք գործօն մասնակցութիւն ունին իրենց գաղութներուն մէջ։   Նիստին նախագահեց Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ Ի ՏԷՐ ԶՕՐ

Ողջոյն քեզ, ժողովո՛ւրդ hայոց, Տէր Զօրի տօթակէզ անապատէն, ուր 107 տարիներ առաջ ենթարկուեցար 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան։   Ողջոյն քեզ, ժողովո՛ւրդ հայոց, Տէր Զօրի անծայրածիր անապատէն, ուրկէ 107 տարիներ առաջ անցաւ քու մահուանդ կարաւանը։   Ողջոյն քեզ, Տէրզօրացեա՛լ, բայց յարուցեա՛լ ժողովուրդ հայոց։   Արդարեւ, երկար տարիներ Տէր Զօր անունը հայութեան համար հոմանիշ էր արցունքի, արեան,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2022-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Երկու հոգեւոր պետերը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցան: Հանդիպումին ներկայ էին օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի թեմին Արհ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Զալքայի Ս.…

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը նշելու, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Անթիլիասի Մայրավանքի, մասնակցելու Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Հայրապետական Ս. Պատարագի մատուցման եւ ունկնդրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Նորին Ս. Օծութեան առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։…

ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։     Սրբազան հօր քարոզին առանցքը…

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԵԿԷՔ, ԹԱՂԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ ԵՒ ՄՕՏԵՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ   Աւագ Ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, բազմաթիւ ուխտաւորներ Անթիլիասի Մայրավանք գալով ծաղիկներ ընծայեցին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի դագաղին, իսկ երեկոյեան՝ միացան դարերու ընթացքին մեր հայրերէն մեզի հասած յուզումնախառն շարականներով, մեղեդիներով եւ աղօթքներով շաղախուած Թաղման Կարգին, որուն կը նախագահէր Ս.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին եւ աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Հայրապետին հետ։   Հանդիպման ընթացքին քննարկումները առաւելաբար կեդրոնացան ընդհանրապէս Լիբանանի ներքին կացութեան եւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ այս ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած առանցքային դերակատարութեան։

ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅԱՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Հինգշաբթի կը նշենք Քրիստոսի վերջին ընթրիքը, որուն ընթացքին Աստուծոյ Որդին խոնարհաբար եւ սիրոյ ծառայութեամբ կը լուայ իր առաքեալներուն ոտքերը, կը հաստատէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը եւ կ՚ենթարկուի մատնութեան ու ձերբակալման, որպէսզի Իր արեան գնով փրկէ համայն մարդկութիւնը։   Առ այդ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Աւագ Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ԱՊՐԻ՛Լ՝ ՈՐՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԵՑՈՅՑ     Քրիստոսի հետ ապրած, անոր երկրաւոր կեանքի բոլոր դրուագներուն հաղորդակից դարձած, անոր ուսուցումները լսած ու հրաշքներուն ականատես եղած աշակերտներուն համար խորապէս ցնցիչ դէպք մըն էր Քրիստոսի յարութիւնը։ Անոնք տակաւին չէին կրցած լիովին ըմբռնել յարութեան խորհուրդը։ Յարութեան դէպքէն որոշ ժամանակ ետք միայն, առաքեալները սկսան հասկնալ ու Քրիստոսի հետեւորդներուն  բացատրել…

ԻՐԱՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2022-ին, Իրաքի հայ դատի մարմինը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայ դատի մարմինին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Իրաքի հայ դատի մարմինը ամփոփ գիծերով Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր աշխատանքները։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը իր մտածումները պարզեց եւ թելադրութիւնները կատարեց իսլամական աշխարհին մէջ հայ դատի աշխատանքները աւելի ազդու կերպով կազմակերպելու գծով, յատկապէս նկատի ունենալով…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին շաբաթը եկեղեցական անուանումով կը կոչուի Աւագ Շաբաթ։ Արդարեւ, Աւագ Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։   Արարողութեան աւարտին, փոխ-լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանի առաջնորդութեամբ, Քրիստոսի պատմած առակին տասը կոյսերը խորհրդանշող կիրակնօրեայ վարժարանի տասը աշակերտներ, վարժարանի տնօրէնուհիին եւ աշակերտներու ծնողներուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ KAICIID-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿՆՈՋ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒՆ

Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (King Abdullah bin Abdulaziz International Centre for Interreligious and Intercultural Dialogue (KAICIID)) կազմակերպութեամբ՝ համագործակցաբար Արաբական Աշխարհին Մէջ Երկխօսութեան եւ Համագործակցութեան Միջ-Կրօնական Հարթակին (The Interreligious Platform for Dialogue and Cooperation in the Arab World (IPDC)), «Հիա Լիլ Հիուար – She4Dialogue» կամ «Կինը՝ Երկխօսութեան Համար» ծրագիրին երկրորդ հանգրուանը…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱՒԵՏԻՍ ԵՒ ՌԻԹԱ ԳԱՐԱԿԻՒԼԵԱՆ 100,000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐՈՎ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ

Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2022-ին, նախկին հալէպահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։   Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեցին, որ 100,000 ամերիկեան տոլարի գումարով կը փափաքին Դպրեվանքի հիմնադրամ մը հաստատել եւ յանձնառու եղան…

ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022 թուականը «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով, Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը: Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը: Մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Գանատայէն՝ Լոռի Պէրպէրեան, Հայաստանէն՝ Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Զուիցերիայէն՝ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի խորհրդաւոր հոգեպարար արարողութիւնը, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։   Արարողութեան աւարտին, յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Մեկնելով օրուան խորհուրդէն՝ բանալու Աստուծոյ արքայութեան դուռը՝ սրբազանը ընդգծեց, որ մարդիկ յաճախ հետաքրքրուած են իրենց տան, պաշտօնին, ունեցուածքին դռները…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՎ

Ծաղկազարդի տօնին առիթով զարդարուած Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ամէնէն շատ գոյն ու կեանք կու տան մեր մանուկները՝ ոմանք մանկական լրջութեամբ հետեւելով Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ուրիշներ վազվզելով շրջափակի զարդարանքներուն շուրջ եւ կամ յիշատակի նկարներ առնելով։   Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր…

ՏԻՒՐԶԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ին, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Սամի Ապու Ալմունա հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Շէյխին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տիւրզի համայնքի դատական, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու պատասխանատու հոգեւորականներ։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, սրբազան…

ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք այցելեցին Արցախէն ժամանած տաղանդաւոր պատանիները՝ ընկերակցութեամբ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչին եւ «ՋԱՀ» յանձնախումբի անդամներուն։   Պատանիները մասնակցեցան Խաղաղական ժամերգութեան եւ շրջագայեցան Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, որմէ ետք «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ գեղարուեստական յայտագիրով մը հանդէս եկան։   Յանուն Դպրեվանեցիներուն եւ ուսուցչակազմին, հիւրերուն…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2022-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու հայութիւնը յուզող եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Այս առիթով անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին լոյսին տակ Սփիւռքը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան՝ երիտասարդներու գործօն մասնակցութեամբ:   Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Ս. Օծութիւնը…

ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ «ՋԱՀ» (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Լիբանան կը գտնուին Արցախէն խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ, որոնք այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք եւ ստացան օրհնութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան։   Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց հայրենի հողին եւ ինքնութեան ամուր կառչած քաջարի զաւակները Արցախի եւ ուրախութիւն…

ՍՐԲԱՎԱՅՐԷ ՈՒԽՏԱՎԱՅՐ

Միտք, սիրտ եւ հոգի. ասոնք կը կազմեն մարդ անհատի ամբողջ էութիւնը։ Մարդը հանգիստ է, երբ միտքը խաղաղ է, սիրտը՝ մաքուր եւ հոգին՝ անբիծ. մարդը հանգիստ է, երբ Աստուած-մարդ եւ մարդ-մարդ յարաբերութեան մէջ հաշտ է. նաեւ մարդը հանգիստ է, երբ հաշտ է իր անձին հետ։ Որքան Աստուծոյ մօտենաս, այնքան դուն քեզի ապահով կը զգաս, որքան մտերմանաս…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋՈՎ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՆ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց աշխարհին մէջ ամրապնդեց հայկական ինքնութեան հիմնաքար հանդիսացող քրիստոնէութիւնը եւ իր հաւատքին ու կամքին շնորհիւ ամբողջ ազգ մը դարձի բերաւ։ Իր այս առաքելութեան ընթացքին ան դիմագրաւեց բազմաթիւ սոսկալի չարչարանքներ, որոնց յիշատակութիւնը հայ եկեղեցին կը նշէ Գալստեան Կիրակիին։ Լուսաւորչի մուտն ի վիրապ տօնին կը նշենք նաեւ հայրապետարանիս ուխտի տօնը՝ Մայրավանքին համանուն Տաճարին նուիրուած։…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՀՍԿՈՒՄ

Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին, Դպրեվանքի սաներն ու ուխտաւորներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուխտերթ կատարեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն Անթիլիասի Մայրավանք, որմէ ետք մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ. յաջորդիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւններէն սրբազան մասունքներ, իսկ երեկոյեան Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որուն աւարտին ան…

«ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՒԵՑԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐԸ

Անթիլիասի Ոխտի օրուան նախօրէին, Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ սրբազան մասունքները, որոնց օրհնութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն համայն հայութեան եւ ներկայ ուխտաւոր հայորդիներուն պիտի բաշխուի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ուխտի օրուան աւանդական թափօրի ընթացքին, զոր կը գլխաւորուի հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 1 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.) մօտ Լիբանանի դեսպանին՝ Ֆուատ Շըհապ Տանտանին այցելութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ա.Մ.Է. եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան։   Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցան Ա.Մ.Է. մէջ հաստատուած հայ համայնքին առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց առաջնորդ սրբազանին եւ դեսպանին միջեւ…

ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՈՒՂԻՈՎ, ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՈՒԽՏՈՎ

Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս 16 Մարտ 1931-ին, շնորհաբեր որոշումով մը, կը հաստատէ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի «Ուխտի Օր»ը: Ահաւասիկ, անկոտրում հաւատքի արտայայտութեան ցոլացում մը, որ կը լուսաւորէ մեր եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակներուն համայնական կեանքը:   Հայոց աշխարհի անզուգական լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բազմաչարչար Հայրապետին Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակումը եւ միաժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի ուխտի օրուան…

ԴՈԿՏ․ ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Armenian Virtual College-ի եւ Synopsis Armenia-ի հիմնադիր, տեղեկագիտութեան ոլորտի մասնագէտ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան Կիրակի, 20 Մարտ 2022-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպման ներկայ էր «Սփիւռքի Տարի»ի ծրագիրներու համակարգող յանձնախումբի անդամ Շահան Գանտահարեան։ Դոկտ․ Երուանդ Զօրեան Սիլիքոն Վալիյի (Silicone Valley) մէջ իբրեւ գլխաւոր ճարտարապետ կը ղեկավարէ «չիփերու» ձեւաւորման բաժանմունքը։   Դոկտ․ Զօրեան մասնակցած էր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՄԱՀԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԳԱՌՆԻԿ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, միաբանութեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական եւ Կրօնական ժողովներուն, կը սգանք մահը ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի։   Արդարեւ, հանգուցեալը բարերարութիւնը ստանձնած էր Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին եւ եպիսկոպոսաց շէնքին։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխանի Կարգի շքանշանով (2014) պարգեւատրած էր հանգուցեալը եւ իրեն ուղղած սրբատառ Հայրապետական Կոնդակի մէջ գրած…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ՈՒՍՈՒՄՆՍԿՍՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 19 Մարտ 2022-ին, Լիբանանի թեմի Ուսումնական Խորհուրդն ու ազգային վարժարանները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Այցելութեան նպատակն էր Նորին Ս. Օծութեան շնորհակալութիւն յայտնել ուսուցչաց տօնին առիթով Լիբանանի ու Սուրիոյ բոլոր հայ դպրոցներու ուսուցիչներուն կատարած նիւթական օժանդակութեան համար:   Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն կատարած…

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌՑԱՆՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով, Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2022-ին տեղի ունեցաւ առաջին առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը։   Առցանց նիստին նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Մասնակցեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն (Ա.Մ.Ն.)՝ Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Սալբի Ղազարեան, Ֆրանսայէն՝ Յովէլ Շնորհօքեան, Տիգրան Եկաւեան, Անգլիայէն՝ Հրաչ Գույումճեան, Լիբանանէն՝ Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2022-ին, Կաթողիկոսարանի Վեհարանին մէջ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի միջեւ:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն քննարկելու Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը յուզող շարք մը հարցեր: Լուսարձակի տակ առնուեցան յատկապէս Սփիւռքի հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններ ու առաջադրութիւններ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-   — Լիբանանի նախկին նախարար Ժան Լուի Գրտահի: — Միացեալ Նահանգներէն Խմբավար Ռաֆֆի Միքայէլեան: — Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ: — Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի զաւակներէն Պահաա Հարիրի Մոնաքոյէն հեռաձայնային կապ հաստատեց Հայրապետին հետ: — Հայաստանի մտաւորականներէն Երուանդ Տէր Խաչատուրեան:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Կիրակի, 13 Մարտ 2022-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ վսեմաշուք Վահագն Խաչատուրեանի երդման արարողութիւնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ազգային Ժողովի նախագահին կողմէ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու երդման արարողութեան։ Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը հետեւեալ նամակը յղեց նորընտիր նախագահին.-   Նորին Վսեմութիւն Տիար Վահագն Խաչատուրեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Սիրելի Պրն. Նախագահ,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՊԵՐՃ ԱԲԳԱՐԵԱՆԸ

Շաբաթ, 12 Մարտ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի այցելութիւնը: Անցնող շաբաթուան ընթացքին, Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ ութ անձերէ բաղկացած բժշկական խումբ մը, ծանօթ Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութիւն (Fresno Medical Mission) անունով, այցելեց Լիբանան՝ առողջապահական մարզին մէջ օգտակար ըլլալու լիբանանահայութեան: Անոնք իրենց հետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապսին։ Պատուիրակութիւնը նախ ընդհանուր զեկոյց մը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, Մ.Ա.Ե.Խ.ի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ, ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը ներկայ գտնուելու Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք Մ.Ա.Ե.Խ.ի ընդհանուր համաժողովին եւ իր խօսքը ուղղելու։…

1062 ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

ՆՇՄԱՐ Երեւոյթ մը, որուն մասին հարկ է անդրադառնալ: Երեւոյթ մը, որ մեզ կը հրաւիրէ լուսարձակի տակ բերելու հայ ուսուցիչին առանցքային կարեւորութիւնը, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Այսպէ՛ս հաւատացած է ու ա՛յս հաւատքով գործած է Վեհափառ Հայրապետը, Լիբանանի իր առաջնորդութեան օրերէն սկսեալ:   Ճի՛շդ է, յատկապէս վերջին տարիներուն, Սուրիոյ եւ Լիբանանի տնտեսական տագնապի դառն պայմաններուն մէջ, Վեհափառ…

ՖՐԵԶՆՈՅԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

«ԻՆՉՊԷՍ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ, ՆՈՅՆՊԷՍ ՆԱԵՒ ԲԺԻՇԿԸ ԿՈՉՈՒՄԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԿԱՏԱՐԵԼ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Լիբանան ժամանած Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, Կիրակի, 6 Մարտ…

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր ամէնօրեայ խնամքին կիզակէտը դարձուցած է իր հոգեւոր-ազգային խնամքին յանձնուած բանաւոր հօտը, մանաւանդ երբ ան ընկերատնտեսական բազմապիսի դժուարութիւններու մէջ կը տուայտի եւ իր յոյսի փարոսը կը նկատէ հայ եկեղեցին։ Հակառակ արտաքնապէս պարտադրուող եւ օր ըստ օրէ առաւել եւս սաստկացող տարածաշրջանային ամէն տեսակի աշխարհաքաղաքական խոչընդոտներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հայ-քրիստոնէական կոչումի օղակաւորումի…

Տ. ԱՇՈՏ ԱԲՂ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՍՏԱՑԱՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ ԿՐԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ

Բարձր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս սրբազնագոյն գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2022-ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի տեղի ունեցաւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի Վարդապետական գաւազանի տուուչութեան արարողութիւն, խարտաւիլակութեամբ Գերպ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՆԻՒԹԱՊԷՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ուսուցչաց տօնին առիթով, 9 Մարտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ուսուցիչներուն: Այս առիթով, Հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն կատարեց Լիբանանի (662) եւ Սուրիոյ (400) անխտիր բոլոր վարժարաններու ուսուցիչներուն: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ յիշեալ երկիրներուն դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լոյսին տակ, մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն առընթեր, հրամայական է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԿԻԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամմետ Մուրթատայի, «Մշակութային Բազմազանութիւն՝ Քաղաքացիութեան եւ Պատկանելիութեան Միջեւ» խորագրով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, յոյն կաթողիկէ Պատրիարքական կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան Մշակութային Կեդրոնին եւ համագործակցութեամբ Մշակոյթներու Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին։ Սոյն ձեռնարկին, տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու կողքին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Գերպ. Տ.…

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՊԷՐԵԱՆԻՆ

Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ղօղանջը թաւաձայն հնչեց եւ վերջին անգամ ըլլալով Ս. Խորան բարձրացաւ լուսահոգի Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանը։   Յընթացս Ս. Պատարագին, վերջին օծման եւ թաղման կարգը գլխաւորեց Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը։ Վախճանեալ հայր սուրբին դագաղը միաբան հայրերուն կողմէ Ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր…

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

Հոգելոյս Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեան, աւազանի անունով Յովսէփ, ծնած է Տէրիք (Սուրիա, Ճազիրէ) 1945 թուականին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ազգային Ազատութիւն Վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1960-ին։ Սարկաւագ ձեռնադրուած է 1964-ին, ապա 4 Յունիս 1967-ին ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ՝ վերակոչուելով Տ. ՎԱՀԱՆ ԱԲԵՂԱՅ, իսկ 14 Փետրուար 1971-ին…

ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

27 Փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ ծրագրուած Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցն է այս տարի: Հայ ազգի ազատատենչ ոգին սանձելու եւ Արցախեան շարժումը կասեցնելու տրամադրութեամբ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զանգուածային տեղահանութիւն եւ անմարդկային ջարդ գործեց հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ: Ծրագրուած սպանդը տեւեց երեք օր։   Արդարեւ, Կիրակի, 27 Փետրուար 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս.…

ՀԱՆԳԻՍՏ — Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի (1945-2022) վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Փետրուար 2022-ի վաղ առաւօտուն։   Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ

Հայոց պատմութեան ամէնէն ոգեւորիչ եւ հայկական ինքնութիւնը էապէս ներկայացնող դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը արժանավայել կերպով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս սրբազնագոյն գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Արդարեւ, Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին երգեցոութեամբ։…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ ԽՐԻՍՈՍԹՈՄՈՍ Բ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 23 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Նիկոսիոյ Արքեպիսկոպոսարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցիչները՝  Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Յանձնախումբի ատենապետ) պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Կիպրոսի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Տ.Տ. Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսին եւ փոխանցեցին Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐՈՒԱՆ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երկուշաբթի, 21 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի ինստիտուտի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Մայրենիի Օրուան» առցանց համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։   Արդարեւ, 2005 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետական տօներու ցանկին մէջ արձանագրած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հռչակած «Մայրենիի Օր»ը իբրեւ…

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԻՆ

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՐԹԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԵՐԹՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Ամէն տարի, Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետին յիշատակութեան Կիրակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ին մէջ, ինչպէս նաեւ Ս. Աթոռոյս թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի՝ երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբաններու տարած…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութեան առցանց ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան։ Ներկայ էին Խորհուրդի չորս նախագահներն ու Վարչութեան բոլոր անդամները։ Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան։   Ժողովի գլխաւոր օրակարգերն էին Մայիս 2022-ին Եգիպտոսի մէջ կայանալիք, ղպտի եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ե.Հ.Խ.ի որոշումներ կայացնող բարձրագոյն մարմինը, իր ընդհանուր ժողովը գումարեց առցանց, 9-16 Փետրուար 2022-ին։ Աւելի քան 200 անդամներէ եւ խորհրդատուներէ բաղկացած ժողովը հիմնական օրակարգ ունէր Ե.Հ.Խ.ի 11-րդ համաժողովը, որ նախատեսուած է գումարուիլ Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ՝ «Քրիստոսի սէրը կը մղէ աշխարհը հաշտութեան եւ միասնութեան» թեմայով։   Գործադիր ընդհանուր քարտուղարը իր յստակ…

ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ԳԾԱԳՐԻՉ ՓՕԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԵԶԱԿԻ ՆԿԱՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՆՈՒԷՐ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Խաչեր Մարկոսեանին, ընկերակցութեամբ իր քրոջ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր Սեդա Խտըշեանին: Այս առիթով Խաչեր Մարկոսեան երկար տարիներու իր սեփականութիւնը եղող եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին արուեստագէտ Փօլ Կիրակոսեանէն գնած, մայրութիւնը ներկայացնող պատկերը նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին: Նորին Սուրբ Օծութիւնը, իր կարգին, յիշեալ պատկերը փոխանցեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ԺԻԼՊԵՐ ԼԵՒՈՆԵԱՆԻ ԵՒ ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ֆրանսայէն Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանը, ընկերակցութեամբ դարձեալ Ֆրանսայէն վերապատուելիներու եւ մարդասիրական աշխատանքի լծուած երկու ֆրանսացիներու: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:     Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ յարաբերութեան, Արցախի եւ ընդհանրապէս…